ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 28

Ամբարիշտը առանց մէկէն հալածուելու կը փախչի, Բայց արդարները առոյգ առիւծի պէս քաջասիրտ կ’ըլլան։
2 Երկրին յանցանքովը անոր իշխանները շատ կ’ըլլան, Բայց անոր վիճակը իմաստուն ու գիտուն մարդուն ձեռքով շատ ատեն կը դիմանայ։
3 Աղքատները զրկող չքաւոր մարդը Հացի կարօտութիւն բերող յորդահոս անձրեւի պէս է։
4 Օրէնքը մերժողները ամբարիշտները կը գովեն, Բայց օրէնքը պահողները անոնց դէմ կը կենան։
5 Չար մարդիկ իրաւունքը չեն հասկնար, Բայց Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան։
6 Իր կատարելութեանը մէջ քալող աղքատը՝ Ծուռ ճամբաներու մէջ քալող հարուստ մարդէն աղէկ է։
7 Օրէնքը պահողը իմաստուն տղայ է, Բայց շռայլներուն բարեկամ եղողը իր հայրը կ’ամչցնէ։
8 Իր ստացուածքը տոկոսով եւ վաշխով աւելցնողը, Զանիկա աղքատին ողորմութիւն ընողին համար կը հաւաքէ։
9 Ան որ օրէնքին մտիկ չընելու համար կը գոցէ իր ականջը, Անոր աղօթքն անգամ պիղծ է։
10 Ան որ ուղիղները չար ճամբու կ’առաջնորդէ, իր փոսին մէջ ինք պիտի իյնայ. Սակայն արդարները բարիք պիտի ժառանգեն։
11 Հարուստ մարդը իր աչքերուն իմաստուն կ’երեւնայ, Բայց հանճարեղ աղքատը անոր անմտութիւնը երեւան կը հանէ։
12 Երբ արդարները ուրախանան, մեծ փառք կ’ըլլայ, Բայց երբ ամբարիշտները բարձրանան, մարդ կը փնտռուի։
13 Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, Բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ։
14 Միշտ վախցող մարդը երանելի է, Բայց իր սիրտը խստացնողը չարիքի մէջ պիտի իյնայ։
15 Աղքատ ժողովուրդի վրայ իշխող ամբարիշտը Մռնչողը առիւծի ու անյագ արջի կը նմանի։
16 Խոհեմութիւն չունեցող իշխանը շատ զրկանքներ կ’ընէ, Բայց ագահութենէ զզուողը իր կեանքը կ’աւելցնէ։
17 Արիւնապարտ մարդը մինչեւ գուբը կը փախչի։ Թող մէ՛կը չպաշտպանէ զանիկա։
18 Կատարելութեամբ քալողը փրկութիւն կը գտնէ, Բայց ծուռ մարդը, որ երկու ճամբով կը քալէ, անոնց մէկուն մէջ կ’իյնայ։
19 Երկրագործը հացով պիտի կշտանայ, Բայց դատարկ մարդոց հետեւողը աղքատութեամբ պիտի լեցուի։
20 Հաւատարիմ մարդը շատ օրհնութիւններ կ’առնէ, Բայց հարուստ ըլլալու արտորացողը անպատիժ պիտի չմնայ։
21 Աչառութիւն ընելը աղէկ չէ, Վասն զի պատառ մը հացի համար մարդ կրնայ յանցանք գործել։
22 Չար աչք ունեցող մարդը հարուստ ըլլալու կ’արտորայ, Ու չի գիտեր թէ իր վրայ աղքատութիւն պիտի գայ։
23 Մարդ յանդիմանողը վերջապէս շնորհք կը գտնէ Լեզուով շողոքորթութիւն ընողէն աւելի։
24 Ան որ իր հայրը կամ մայրը կը կողոպտէ եւ կ’ըսէ՝ «Յանցանք չէ», Անիկա ապականող մարդուն ընկերն է։
25 Հպարտ սիրտ ունեցող մարդը կռիւ կը հանէ, Բայց Տէրոջը ապաւինողը պիտի գիրնայ։
26 Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է, Բայց իմաստութեամբ քալողը պիտի ազատի։
27 Աղքատին տուողը կարօտ չըլլար, Բայց անկէ երես դարձնողը շատ անէծքներ պիտի առնէ։
28 Եթէ ամբարիշտները բարձրանան, մարդիկ կը պահուին, Բայց եթէ անոնք կորսուին, արդարները կը շատնան։