ԱՌԱԿԱՑ
Գլուխ 23
Երբ իշխանի հետ սեղան նստիս, Առջեւդ դրուածին աղէ՛կ նայէ.
2 Ու եթէ դուն ախորժակի տէր մարդ ես, Կոկորդիդ վրայ դանակ դի՛ր։
3 Անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար, Վասն զի անոնք խաբէութեան հաց են։
4 Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր, Քու խորհուրդէդ ետ կեցի՛ր։
5 Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին, որ ոչինչ է. Անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ Ու արծիւի պէս օդը կը թռչի։
6 Չար աչք ունեցողին հացը մի՛ ուտեր Եւ անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար.
7 Վասն զի անիկա իր սրտին մէջ ինչպէս կը մտածէ, այնպէս է։ «Կե՛ր ու խմէ՛», կ’ըսէ քեզի, Բայց անոր սիրտը քեզի հետ չէ։
8 Կերած պատառդ պիտի փսխես Ու հաճելի խօսքերդ պիտի կորսնցնես։
9 Յիմարին ականջներուն մի՛ խօսիր, Քանզի քու խօսքերուդ իմաստութիւնը կ’անարգէ։
10 Վաղեմի սահմանին նշանը տեղէն մի՛ վերցներ Ու սրբերուն արտերը մի՛ մտներ,
11 Քանզի անոնց Վրէժխնդիրը զօրաւոր է Եւ քեզի դէմ անոնց իրաւունքը անիկա՛ պիտի պաշտպանէ։
12 Քու սիրտդ խրատի տուր Ու ականջներդ՝ գիտութեան խօսքերուն։
13 Տղայէն խրատը մի՛ կտրեր, Վասն զի եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես, չի մեռնիր։
14 Թէեւ դուն անիկա գաւազանով կը ծեծես, Բայց անոր հոգին դժոխքէն կ’ազատես։
15 Որդեա՛կ իմ, եթէ քու սիրտդ իմաստուն ըլլայ, Իմ սիրտս կ’ուրախանայ։
16 Ու երբ քու շրթունքներդ ուղիղ բաներ խօսին, Իմ երիկամունքներս պիտի ցնծան։
17 Թող քու սիրտդ մեղաւորներուն չնախանձի, Հապա ամէն օր Տէրոջը վախին մէջ եղիր։
18 Վասն զի իրաւցընէ վախճան մը կայ Ու քու յոյսդ պիտի չկտրի։
19 Որդեա՛կ իմ, լսէ՛ ու իմաստուն եղի՛ր Եւ քու սիրտդ դէպի ուղիղ ճամբան շտկէ՛։
20 Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն Ու իրենց մարմինը մաշողներուն
21 Վասն զի գինեմոլն ու շռայլը աղքատ կ’ըլլան Եւ շատ քունը՝ պատռտած հանդերձներ կը հագցնէ։
22 Հնազանդէ՛ մօրդ, որ քեզ ծներ է Ու մի՛ անարգեր քու հայրդ, երբ կը ծերանայ։
23 Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ ու զանիկա մի՛ ծախեր։ Նմանապէս՝ իմաստութիւնը, խրատն ու հանճարը։
24 Արդարին հայրը շատ պիտի ցնծայ Եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անոր համար պիտի ուրախանայ։
25 Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան Ու քեզ ծնանողը թող ցնծայ։
26 Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի՛ տուր Եւ քու աչքերդ թող իմ ճամբաներս դիտեն.
27 Վասն զի պոռնիկը խորունկ փոս է Ու օտար կինը նեղ ջրհոր է։
28 Անիկա գողի պէս դարանը կը մտնէ Ու մարդոց մէջ անհաւատարիմները կ’աւելցնէ։
29 Որո՞ւն է վայը. որո՞ւն է ցաւը. Որո՞ւն են կռիւները. որո՞ւն են տրտունջները, Որո՞ւն են առանց պատճառի վէրքերը. Որո՞ւն է աչքերու կարմրութիւնը։
30 Գինիին քով մնացողներուն, Խառնուած գինին փնտռելու գնացողներուն։
31 Մի՛ նայիր գինիին կարմրութեանը, Գաւաթին մէջ իր գոյնը ցուցնելուն ու շիտակ վազելուն։
32 Անիկա ետքը օձի պէս կը խածնէ Ու քարբի պէս կը խայթէ։
33 Անկէ ետքը քու աչքդ օտար կիներու պիտի նայի Եւ քու սիրտդ ծուռ բաներ պիտի խօսի
34 Եւ ծովու մէջ պառկողի պէս Ու կայմի վրայ պառկողի պէս պիտի ըլլաս։
35 Եւ պիտի ըսես. «Զիս ծեծեցին ու ես ցաւ մը չզգացի, Ինծի զարկին ու ես բան մը չիմացայ. Ե՞րբ պիտի արթննամ, Որպէս զի զանիկա նորէն փնտռեմ»։