ԱՌԱԿԱՑ
Գլուխ 11
Նենգուած կշիռքը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց ուղիղ կշիռքի քարը անոր հաճելի է։
2 Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, Բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է։
3 Ուղիղներուն ճշմարտութիւնը անոնց կ’առաջնորդէ, Բայց անօրէններուն ծռութիւնը զանոնք բնաջինջ կ’ընէ։
4 Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ’ըներ, Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։
5 Կատարեալներուն արդարութիւնը անոնց ճամբան կը շտկէ, Բայց անիրաւը իր անիրաւութիւնովը կ’իյնայ։
6 Ուղիղներուն արդարութիւնը զանոնք կ’ազատէ, Բայց անօրէնները իրենց չարութեանը մէջ կը բռնուին։
7 Երբ չար մարդը մեռնի, անոր ակնկալութիւնը կը կորսուի Եւ անօրէններուն յոյսը կ’ոչնչանայ։
8 Արդարը նեղութենէ կ’ազատի Ու անոր տեղ ամբարիշտը կ’երթայ։
9 Կեղծաւորը բերնովը իր դրացին կը կորսնցնէ, Բայց արդարները գիտութեամբ կ’ազատին։
10 Արդարներուն յաջողութեանը վրայ քաղաքը կ’ուրախանայ Ու երբ չարերը կորսուին, ցնծութեան ձայն կը լսուի։
11 Ուղիղներուն օրհնութիւնովը քաղաքը կը բարձրանայ, Բայց ամբարիշտներուն բերնովը կը կործանի։
12 Պակասամիտ եղողը իր դրացին կ’արհամարհէ, Բայց խոհեմ մարդը կը լռէ։
13 Բանսարկութեան պտըտողը գաղտնիքը կը յայտնէ, Բայց հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ։
14 Ժողովուրդը առանց խոհականութեան կը կործանի, Բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ’ըլլայ։
15 Օտարականին երաշխաւոր եղողը անշուշտ չարիքի կը հանդիպի, Բայց երաշխաւորութիւնը ատողը ապահով է։
16 Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ Եւ զօրաւոր մարդիկ՝ հարստութիւն։
17 Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ, Բայց անողորմ մարդը իր մարմնին նեղութիւն կու տայ։
18 Չար մարդը սնոտի գործ կը գործէ, Բայց արդարութիւն ցանողը ապահով վարձք կ’ունենայ։
19 Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ’առաջնորդէ, Նոյնպէս չարութեան հետեւողը իր մահուանը կ’երթայ։
20 Ծուռ սիրտ ունեցողները Տէրոջը առջեւ պիղծ են, Բայց ուղիղ ճամբայ քալողները անոր հաճելի են։
21 Անօրէնները թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին՝ ՝, անպատիժ պիտի չմնան, Բայց արդարներուն սերունդը պիտի ազատի։
22 Գեղեցիկ կինը, որ խոհեմութիւն չունի, Խոզին քիթը դրուած ոսկի օղակին կը նմանի։
23 Արդարներուն ցանկութիւնը միայն բարութիւն է, Բայց անօրէններուն ակնկալութիւնը բարկութիւն պիտի ըլլայ։
24 Մարդ կայ, որ իր ստացուածքը ցրուելով կ’աւելցնէ Ու մարդ կայ, որ չափէ դուրս կը խնայէ, բայց կարօտութեան կը հասնի։
25 Բարերար անձը պիտի գիրնայ Եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի։
26 Ժողովուրդը կ’անիծէ ցորենը պահողը. Բայց ծախողին գլուխը կ’օրհնէ։
27 Աղէկութեան համար փոյթ ընողը շնորհք կը ստանայ, Բայց ով որ գէշութիւն կը փնտռէ, չարիքի պիտի հանդիպի։
28 Իր հարստութեանը վրայ յոյս դնողը պիտի իյնայ, Բայց արդարները կանանչ տերեւի պէս պիտի ծաղկին։
29 Իր տանը նեղութիւն տուողը հով պիտի ժառանգէ Ու յիմարը իմաստուն սիրտ ունեցողին ծառայ պիտի ըլլայ։
30 Արդարին պտուղը կենաց ծառ է Եւ հոգիներ վաստկողը իմաստուն է։
31 Եթէ արդարը երկրի վրայ պատիժ կրէ, Ո՞ւր կը մնան ամբարիշտն ու մեղաւորը։