ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 15

Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, Բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ։
2 Իմաստուններուն լեզուն գիտութիւնը հաճելի կը դարձնէ, Բայց անմիտներուն բերանէն յիմարութիւն կը բղխի։
3 Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ Չարերն ու բարիները կը դիտեն։
4 Խաղաղասէր լեզուն կենաց ծառ է, Բայց խռովարար լեզուն սիրտ կը կոտրէ։
5 Յիմարը իր հօրը խրատը կ’անարգէ, Բայց յանդիմանութեան հնազանդողը խելացի կ’ըլլայ։
6 Արդարին տունը մեծ գանձ կայ, Բայց ամբարշտին եկամուտներուն մէջ խռովութիւն կայ։
7 Իմաստուններուն շրթունքները գիտութիւն կը տարածեն, Բայց յիմարներուն սիրտը այնպէս չէ։
8 Ամբարիշտներուն զոհը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց ուղիղներուն աղօթքը անոր ընդունելի է։
9 Տէրը ամբարշտին ճամբայէն կը զզուի, Բայց արդարութեան հետեւողը կը սիրէ։
10 Ուղիղ ճամբան մերժողին գէշ պատիժ կ’ըլլայ՝ ՝ Ու յանդիմանութիւնը ատողը պիտի մեռնի։
11 Դժոխքն ու կորուստը Տէրոջը առջեւն են, Ո՜րչափ աւելի մարդոց որդիներուն սրտերը։
12 Մեծամիտը զինք յանդիմանողը չի սիրեր Եւ իմաստուններուն քով չերթար։
13 Ուրախ սիրտը երեսը կը զուարթացնէ, Բայց սրտին տրտմութենէն հոգին կը ճնշուի։
14 Հանճարեղ սիրտը գիտութիւն կը փնտռէ, Բայց անմիտներուն բերանը յիմարութեամբ կը սնանի։
15 Վշտալից մարդուն բոլոր օրերը գէշ են, Բայց ուրախ սիրտը մշտնջենական կոչունքի մէջ է։
16 Աւելի աղէկ է քիչ բանը Տէրոջը վախովը, Քան թէ մեծ գանձը՝ խռովութիւնով։
17 Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, Քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով։
18 Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ, Բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ։
19 Ծոյլին ճամբան փշեղէն ցանկի պէս է, Բայց ուղիղներուն ճամբան բանուկ է։
20 Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց անմիտը իր մայրը կ’անարգէ։
21 Պարզամիտ մարդուն՝ յիմարութիւնը զբօսանք է, Բայց իմաստուն մարդը կ’ուղղէ իր ընթացքը։
22 Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, Բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին։
23 Մարդ իր բերնին պատասխանովը կ’ուրախանայ։ Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է։
24 Կեանքի ճամբան խոհեմ մարդը դէպի վեր կը տանի, Որպէս զի վարի դժոխքէն հեռանայ։
25 Տէրը հպարտներուն տունը կը կործանէ, Բայց որբեւարիին սահմանը կը հաստատէ։
26 Չար մարդուն խորհուրդները Տէրոջը առջեւ պիղծ են, Բայց պարկեշտներուն խօսքերը հաճելի են։
27 Ագահութեան անձնատուր եղողը իր տունը խռովութեան մէջ կը ձգէ, Բայց կաշառքներէ զզուողը պիտի ապրի։
28 Արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ Բայց ամբարիշտներուն բերանէն չարիք կը բղխի։
29 Տէրը ամբարիշտներէն հեռու է, Բայց արդարներուն աղօթքը կը լսէ։
30 Աչքերուն լոյսը սիրտը կ’ուրախացնէ, Բարի լուրը ոսկորները կը գիրցնէ։
31 Կեանքի յանդիմանութիւնը լսող ականջը Իմաստուններուն մէջ պիտի բնակի։
32 Խրատ մերժողը իր հոգին կ’անարգէ, Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը խելք կը վաստկի։
33 Տէրոջը վախը իմաստութեան խրատն է Ու փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ։