ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 22

Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է Ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է։
2 Հարուստն ու աղքատը իրարու կը հանդիպին, Ամէնքը ստեղծողը Տէրն է։
3 Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, Բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին։
4 Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը Հարստութիւն, փառք ու կեանք են։
5 Ծուռ մարդուն ճամբուն մէջ փուշեր ու որոգայթներ կան Ուստի իր հոգին պահողը՝ անոնցմէ հեռու պիտի կենայ։
6 Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը՝ ՝, Որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի։
7 Հարուստը աղքատներուն վրայ կը տիրէ Ու փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ։
8 Չարութիւն ցանողը ունայնութիւն կը հնձէ Եւ անոր բարկութեան գաւազանը պիտի կորսուի։
9 Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ, Վասն զի իր հացէն աղքատին կու տայ։
10 Ծաղրողը եթէ վռնտես, կռիւը կ’անցնի Ու վէճը եւ անարգանքը կը դադրին։
11 Սրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքներուն վրայ շնորհք կայ Ու թագաւորը անոր բարեկամ կ’ըլլայ։
12 Տէրոջը աչքերը գիտութիւնը կը պահպանեն, Բայց ինք անօրէնին խօսքերը կ’աւրէ։
13 Ծոյլը կ’ըսէ. «Դուրսը առիւծ կայ, Հրապարակին մէջ պիտի մեռցուիմ»։
14 Օտար կիներուն բերանը խորունկ փոս է, Տէրոջը ատելի եղողը հոն կ’իյնայ։
15 Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է. Խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ։
16 Իր ստացուածքը շատցնելու համար աղքատին զրկանք ընողը Ու հարուստին տուողը՝ անշուշտ կարօտութեան պիտի մատնուի։
17 Ականջդ ծռէ ու իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ Եւ քու սիրտդ իմ գիտութեանս տուր.
18 Վասն զի եթէ անոնք քու սրտիդ մէջ պահես, հաճելի բան է, Անոնք քու շրթունքներուդ վրայ ալ պիտի հաստատուին։
19 Ահա քեզի այս բաները այսօր իմացուցի, Որպէս զի քու ապաւէնդ Տէրը ըլլայ։
20 Միթէ ես քեզի երեսուն խրատներ Ու գիտութիւն չգրեցի՞,
21 Որպէս զի քեզի ճշմարիտ խօսքերուն ստուգութիւնը ցուցնեմ, Որպէս զի քեզի հարցնողներուն ճշմարիտ խօսքերով պատասխան տաս։
22 Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար Ու տնանկը դատաստանի մէջ մի՛ անարգեր։
23 Վասն զի Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ Եւ զանոնք կողոպտողներուն հոգին պիտի կողոպտէ։
24 Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ Ու ցասկոտ մարդուն հետ մի՛ երթար.
25 Որպէս զի չըլլայ թէ անոր ճամբաները սորվիս Եւ դուն քեզ որոգայթի մէջ ձգես։
26 Գրաւական տուողներէն մի՛ ըլլար, Ոչ ալ՝ պարտքի համար երաշխաւոր եղողներէն։
27 Եթէ վճարելու կարողութիւն չունիս, Ինչո՞ւ համար տակէդ քու անկողինդ առնեն։
28 Տեղէն մի՛ շարժեր հին սահմանին նշանը, Որ քու հայրերդ դրեր են։
29 Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս, Անիկա թագաւորներուն առջեւ պիտի կենայ, Բայց աննշան մարդոց առջեւ պիտի չկենայ։