ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 3

Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, Հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ.
2 Վասն զի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ Եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն։
3 Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թող քեզ չթողուն. Զանոնք քու պարանոցիդ վրայ կապէ, Քու սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛ զանոնք։
4 Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ Շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես։
5 Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ Եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։
6 Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր Ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։
7 Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար, Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ։
8 Ասիկա քու ջիղերուդ առողջութիւն Եւ քու ոսկորներուդ պարարտութիւն պիտի ըլլայ։
9 Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով
10 Եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին Ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի։
11 Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր Ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար.
12 Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, Ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ։
13 Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ Ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ.
14 Վասն զի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է Ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն։
15 Անիկա գոհարներէն պատուական է Եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ։
16 Անոր աջ ձեռքին մէջ՝ օրերու երկայնութիւն Եւ ձախ ձեռքին մէջ հարստութիւն ու փառք կայ։
17 Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են Եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են։
18 Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է Ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան։
19 Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը Եւ հանճարով հաստատեց երկինքը։
20 Անոր գիտութիւնովը անդունդները կը պատռին Ու ամպերը ցօղ կը կաթեցնեն։
21 Որդեա՛կ իմ, ասոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չերթան, Իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ
22 Եւ քու հոգիիդ՝ կեանք Ու քու պարանոցիդ զարդ թող ըլլան։
23 Այն ատեն ճամբադ ապահովութեամբ պիտի քալես Եւ քու ոտքդ պիտի չսահի։
24 Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնաս Ու եթէ քնանաս՝ քունդ անոյշ պիտի ըլլայ։
25 Պիտի չվախնաս յանկարծահաս վախէն, Ո՛չ ալ ամբարիշտներուն կորուստէն, երբ գայ,
26 Վասն զի քու յոյսդ Տէրը պիտի ըլլայ Եւ քու ոտքդ պիտի պահէ, որպէս զի չբռնուի։
27 Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, Կարօտ եղողէն՝ ՝ մի՛ խնայեր զանիկա։
28 Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ «Գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր Եւ վաղը կու տամ», երբ քու քովդ կայ։
29 Քու դրացիիդ դէմ չարութիւն մի՛ մտածեր, Քանի որ անիկա վստահութեամբ քեզի հետ կը բնակի։
30 Առանց պատճառի մարդու հետ մի՛ վիճիր, Երբ անիկա քեզի չարութիւն մը ըրած չէ։
31 Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր Ու անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր,
32 Վասն զի ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է։
33 Ամբարիշտ մարդուն տանը մէջ Տէրոջը անէծքը կայ, Բայց Անիկա կ’օրհնէ արդարներուն բնակարանը։
34 Յիրաւի Անիկա ծաղր ընողները ծաղր կ’ընէ, Բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։
35 Իմաստունները փառք պիտի ժառանգեն, Բայց յիմարներուն բարձրանալը անարգանք պիտի ըլլայ։