ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 9

Իմաստութիւնը իր տունը շինեց Ու իր եօթը սիւները կանգնեցուց,
2 Իր անասունները մորթեց, իր գինին խառնեց Ու իր սեղանը պատրաստեց։
3 Անիկա իր աղախինները ղրկեց, Որ քաղաքին բարձր տեղերը կանչեն.
4 «Ով որ պարզամիտ է, թող հոս գայ»։ Ու պակասամիտ եղողին ըսեն.
5 «Եկէ՛ք, իմ հացէս կերէ՛ք Ու խառնած գինիէս խմեցէ՛ք։
6 Յիմարութիւնը թողուցէ՛ք, որպէս զի ապրիք Ու խոհեմութեան ճամբուն մէջ քալեցէ՛ք»։
7 Ծաղրողը յանդիմանողը՝ իրեն անարգանք Ու ամբարիշտը խրատողը իրեն արատ կը վաստկի։
8 Ծաղրողը մի՛ յանդիմաներ, որ չըլլայ թէ քեզի թշնամի ըլլայ։ Իմաստունը յանդիմանէ՛ ու քեզ պիտի սիրէ։
9 Իմաստունին խրատ տո՛ւր եւ աւելի իմաստուն պիտի ըլլայ։ Արդար մարդուն սորվեցուր ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ։
10 Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է Ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է։
11 Վասն զի քու օրերդ ինծմով պիտի շատնան Եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի աւելնան։
12 Եթէ իմաստուն ես, քեզի համար իմաստուն ես Ու եթէ կը ծաղրես, անոր պատիժը միայն դուն պիտի կրես։
13 Անզգամ կինը աղաղակող կ’ըլլայ, Անիկա անմիտ է ու բան չի գիտեր։
14 Քաղաքին բարձր տեղերը, Իր տանը դուռը աթոռի վրայ կը նստի,
15 Որպէս զի իրենց ճամբան շիտակ գացող Անցորդները կանչէ։
16 «Ո՛վ որ պարզամիտ է, թող հոս գայ» Ու պակասամիտ եղողին կ’ըսէ.
17 «Գողցուած ջուրերը անոյշ են Եւ գաղտնի կերուած հացը համով կ’ըլլայ»։
18 Բայց անիկա չի գիտեր թէ այն տեղը մեռելներ կան Ու անոր հրաւիրած մարդիկը դժոխքին անդունդներուն մէջ են։