ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 29

Շատ անգամ յանդիմանուած մարդը, երբ իր պարանոցը խստացնէ, Յանկարծ պիտի կոտրուի ու բժշկութիւն պիտի չգտնէ։
2 Եթէ արդարները զօրանան, ժողովուրդը կ’ուրախանայ, Բայց երբ ամբարիշտը իշխանութիւն ունենայ, ժողովուրդը կը հեծէ։
3 Իմաստութիւն սիրող մարդը իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց պոռնիկներուն ընկեր եղողը ստացուածքը կը ցրուէ։
4 Արդարութեա՛մբ թագաւորը կը հաստատէ իր երկիրը, Բայց կաշառք առնողը զանիկա կը կործանէ։
5 Իր ընկերին շողոքորթութիւն ընող մարդը, Անոր քայլերուն որոգայթ կը լարէ։
6 Չար մարդուն ամբարշտութեանը մէջ որոգայթ կայ, Բայց արդարը ցնծութեան եւ ուրախութեան մէջ պիտի ըլլայ։
7 Արդարը աղքատներուն իրաւունքը կը ճանչնայ, Բայց չար մարդը տեղեակ չըլլար։
8 Ծաղրող մարդիկ քաղաքը կը բռնկեցնեն, Բայց իմաստունները բարկութիւնը կը դադրեցնեն։
9 Իմաստուն մարդը, երբ յիմարին հետ վիճաբանութիւն ընէ, Թէ՛ սրդողի եւ թէ՛ ծիծաղի՝ հանգիստ չըլլար։
10 Արիւնահեղ մարդիկ արդարը կ’ատեն, Բայց ուղիղները անոր որպիսութիւնը կը հարցնեն։
11 Յիմարը իր միտքը բոլորովին կը յայտնէ, Բայց իմաստունը զանիկա ուրիշ ատենի կը պահէ։
12 Սուտ խօսքերու ականջ դնող իշխանին Բոլոր ծառաները չար կ’ըլլան։
13 Աղքատն ու բռնաւորը իրարու հանդիպեցան. Երկուքին ալ աչքերուն լոյս տուողը Տէրն է։
14 Աղքատները ճշմարտութեամբ դատող թագաւորին աթոռը Յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ։
15 Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան, Բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ։
16 Երբ ամբարիշտները շատնան, յանցանքը կը շատնայ, Բայց արդարները անոնց իյնալը պիտի տեսնեն։
17 Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէս զի քեզ հանգստացնէ Եւ քու հոգիդ զուարճացնէ։
18 Առանց մարգարէութեան՝ ժողովուրդը կը խոտորի, Բայց օրէնքը պահողը երջանիկ կ’ըլլայ։
19 Հասկցող ու պատասխան տուող ծառան Խօսքերով չի խրատուիր։
20 Իր խօսքերուն մէջ արտորացող մարդ մը տեսա՞ր. Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։
21 Եթէ մէկը իր ծառան տղայութենէն փափկութեամբ մեծցնէ, Վերջապէս անիկա իր տղան կ’ըլլայ։
22 Բարկասիրտ մարդը կռիւ կը հանէ Եւ ցասկոտ մարդը շատ յանցանքներ կը գործէ։
23 Մարդուն հպարտութիւնը զինք կը կործանէ, Բայց հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի։
24 Գողին ընկեր եղողը իր հոգին կ’ատէ, Անիկա կ’երդնու, բայց իր գիտցածը չի յայտներ։
25 Վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ, Բայց Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ։
26 Շատերը իշխանին օգնութիւնը կը փնտռեն, Բայց Տէրոջմէն է մարդուն իրաւունքը։
27 Անօրէն մարդը արդարներուն զզուելի է, Իսկ ուղղութեամբ քալողը ամբարշտին զզուելի է։