ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 17

Աղէկ է պատառ մը չոր հաց խաղաղութիւնով, Քան թէ տուն մը լեցուն զոհեր՝ կռիւով։
2 Խոհեմ ծառան նախատինք բերող որդիին կ’իշխէ Ու եղբայրներու մէջ ժառանգութեան բաժին կ’առնէ։
3 Արծաթի համար՝ հալոց եւ ոսկիի համար քուրայ կայ, Բայց սրտերը փորձողը Տէրն է։
4 Չար մարդը անիրաւին շրթունքներուն մտիկ կ’ընէ Ու ստախօսը վնասակար լեզուին ականջ կը դնէ։
5 Աղքատը ծաղրողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ Եւ ձախորդութեան վրայ ուրախացողը անպատիժ պիտի չմնայ։
6 Թոռները ծերերուն պսակն են Եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են։
7 Ընտիր խօսքը անզգամին չի վայլեր, Ո՜րչափ աւելի ստախօս շրթունքը՝ ազնուականին։
8 Պարգեւը՝ գործածողին առջեւ պատուական գոհարի պէս է, Ուր որ դառնայ յաջողութիւն կը գտնէ։
9 Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ, Բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամները կը զատէ։
10 Մէկ յանդիմանութիւնը խոհեմ մարդուն աւելի կ’ազդէ, Քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին։
11 Չար մարդը միշտ ապստամբութիւն կը փնտռէ Ու անոր անգութ պատգամաւոր կը ղրկուի։
12 Աւելի աղէկ է ձագերը գողցուած արջին առջեւ ելլել, Քան թէ յիմարի մը՝ անոր յիմարութեան ատենը։
13 Ով որ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցանէ, Չարիքը անոր տունէն պակաս պիտի չըլլայ։
14 Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի, Ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ։
15 Ամբարիշտը արդարացնողը եւ արդարը ամբարիշտ հանողը՝ Երկուքն ալ Տէրոջը առջեւ պիղծ են։
16 Իմաստութիւնը ծախու առնելու գինը ի՞նչ օգուտ ունի յիմարին ձեռքը, Երբ խելք չունի։
17 Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ Ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է։
18 Պակասամիտ մարդը գրաւական կու տայ Ու իր բարեկամին համար երաշխաւոր կ’ըլլայ։
19 Կռիւ սիրողը յանցանք կը սիրէ։ Իր դուռը բարձրացնողը իր կործանումը կը փնտռէ։
20 Ծուռ սիրտ ունեցողը աղէկութիւն չի գտներ Ու նենգաւոր լեզուով մարդը չարիքի մէջ կ’իյնայ։
21 Յիմարը ծնանողը տրտմութիւն կը կրէ Եւ անզգամին հայրը չ’ուրախանար։
22 Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, Բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ։
23 Անօրէն մարդը ուրիշին ծոցէն կաշառք կ’առնէ, Որպէս զի արդարութեան ճամբաները ծռէ։
24 Իմաստութիւնը խոհեմ մարդուն առջեւն է, Բայց յիմարին աչքերը երկրի ծայրերն են։
25 Յիմարին տղան իր հօրը՝ տրտմութիւն Ու զինք ծնանողին դառնութիւն կ’ըլլայ։
26 Աղէկ չէ արդարէն տուգանք առնել, Ո՛չ ալ իշխանները ծեծել իրաւունք ընելնուն համար՝ ՝։
27 Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է Ու երկայնամիտ մարդը հանճարեղ է։
28 Յիմարը անգամ՝ եթէ լուռ կենայ՝ իմաստուն Ու իր շրթունքները գոցողը հանճարեղ կը սեպուի։