ԱՌԱԿԱՑ
Գլուխ 24
Չար մարդոց մի՛ նախանձիր Ու անոնց հետ կենալու մի՛ ցանկար.
2 Վասն զի անոնց միտքը բռնութեան մասին կը խորհի Եւ անոնց շրթունքները բռնութեան վրայով կը խօսին։
3 Տունը իմաստութեամբ կը շինուի Ու հանճարով կը հաստատուի։
4 Շտեմարանները գիտութեամբ Եւ ամէն տեսակ պատուական ու վայելուչ գանձերով կը լեցուին։
5 Իմաստուն մարդը զօրաւոր կ’ըլլայ Ու գիտութիւն ունեցողը ոյժ կ’աւելցնէ.
6 Վասն զի պատերազմդ խոհեմութեամբ կ’ընես. Եւ ազատութիւնը խորհրդականներու շատութիւնով կ’ըլլայ։
7 Իմաստութիւնը յիմարին համար շատ բարձր է. Անիկա դրանը մէջ իր բերանը չի բանար։
8 Ով որ չարութիւն ընել կը մտածէ, Անիկա նենգամիտ պիտի կոչուի։
9 Յիմարութեան խորհուրդը մեղք է Եւ ծաղր ընողը մարդոց զզուելի է։
10 Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, Ոյժդ քիչ է։
11 Ազատէ՛ զանոնք, որ մեռցուելու կը տարուին Ու սպաննուելու վրայ եղողները ազատելէն ետ մի՛ կենար։
12 Եթէ ըսեն թէ՝ «Մենք ասիկա չգիտցանք», Ահա սրտերը քննողը կը հասկնայ Ու քու հոգիդ պաշտպանողը ինք գիտէ Եւ ամէն մարդու իր գործին չափովը պիտի հատուցանէ։
13 Որդեա՛կ իմ, մեղր կեր, որ աղէկ է Եւ մեղրախորիսխ կե՛ր, որ քիմքիդ քաղցր է։
14 Իմաստութեան ճամաչումն ալ քու հոգիիդ այնպէս քաղցր պիտի ըլլայ։ Եթէ զանիկա գտնես Եւ վախճան մը կայ Ու քու յոյսդ պիտի չկտրի։
15 Ո՛վ չար, արդարին տանը դարանակալ մի՛ ըլլար, Անոր բնակարանը մի՛ աւերեր։
16 Վասն զի արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի. Բայց չարերը ձախորդութեան մէջ պիտի իյնան։
17 Երբ քու թշնամիդ իյնայ՝ մի՛ ուրախանար Ու երբ ոտքը սահի՝ քու սիրտդ թող չցնծայ։
18 Չըլլայ որ Տէրը տեսնէ ու իրեն անհաճոյ երեւնայ Եւ իր բարկութիւնը անոր վրայէն դարձնէ։
19 Չարագործներուն համար մի՛ սրտմտիր Ու ամբարիշտներուն մի՛ նախանձիր.
20 Վասն զի չար մարդը բարի վախճան չունենար։ Ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։
21 Որդեա՛կ իմ, Տէրոջմէ ու թագաւորէն վախցի՛ր Եւ խռովարար մարդոց հետ մի՛ խառնուիր.
22 Քանզի անոնց կործանումը յանկարծ կ’ըլլայ Ու երկուքին ալ պատուհասը ո՞վ կը ճանչնայ։ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐՈՒ
23 Այս բաներն ալ իմաստուններուն յատուկ են։ Դատաստանի մէջ աչառութիւն ընելը աղէկ չէ։
24 Ով որ ամբարշտին կ’ըսէ՝ «Դուն արդար ես», Ազգերը անոր անէծք պիտի տան Ու ժողովուրդները զանիկա պիտի անարգեն։
25 Բայց զանոնք յանդիմանողները պիտի բերկրին Եւ անոնց վրայ առատ օրհնութիւն պիտի գայ։
26 Շիտակ պատասխան տուողը՝ Շրթունքներ կը համբուրէ։
27 Դուրսի գործդ կանոնաւորէ Եւ զանիկա քու արտիդ մէջ՝ ՝ կարգի դիր Ու տունդ ետքը շինէ։
28 Քու դրացիիդ դէմ զուր տեղ վկայութիւն մի՛ ըներ Եւ քու շրթունքներովդ մի՛ խաբեր։
29 Մի՛ ըսեր՝ «Անիկա ինծի ինչպէս որ ըրաւ, ես ալ անոր այնպէս պիտի ընեմ, Այն մարդուն իր գործին համեմատ հատուցում պիտի ընեմ»։
30 Ծոյլ մարդուն՝ արտին քովէն Ու պակասամիտ մարդուն այգիին քովէն անցայ։
31 Ամենուն մէջ փուշեր բուսեր էին Ու անոնց երեսը եղիճներ ծածկեր էին Եւ անոր քարէ պատը փլած էր։
32 Երբ զանիկա տեսայ՝ մտքիս մէջ պահեցի, Անոր նայեցայ ու անկէ խրատ առի։
33 Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես ննջելու համար,
34 Քու աղքատութիւնդ ճամբորդի պէս պիտի գայ Եւ քու կարօտութիւնդ՝ սպառազինեալ մարդու պէս։