ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 27

Վաղուան համար մի՛ պարծենար, Վասն զի չես գիտեր թէ օրը ի՞նչ պիտի ծնանի։
2 Քեզ ուրիշը թող գովէ եւ ոչ թէ՝ քու բերանդ, Օտարը՝ ո՛չ թէ քու շրթունքներդ։
3 Քարը՝ ծանրութիւն ու աւազը ծանր բեռ ունի, Բայց յիմարին բարկութիւնը երկուքէն ալ ծանր է։
4 Բարկութիւնը անողորմ է ու սրտմտութիւնը՝ խիստ. Բայց նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ։
5 Յայտնի յանդիմանութիւնը Ծածուկ սէրէն աղէկ է։
6 Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, Բայց թշնամիին համբոյրները առատ են։
7 Կուշտ մարդը խորիսխը կ’արհամարհէ, Բայց անօթի մարդուն լեղի բանն ալ անոյշ կու գայ։
8 Իր տեղէն թափառական եղող մարդը, Իր բոյնէն թափառական եղող թռչունին պէս է։
9 Իւղն ու խունկը սիրտը կը զուարճացնեն Եւ սրտմտութենէն հոգին կը խռովի։
10 Քու բարեկամդ ու քու հօրդ բարեկամը մի՛ թողուր Եւ քու նեղութեանդ ատենը քու եղբօրդ տունը մի՛ երթար։ Մօտ դրացին հեռու եղող եղբօրմէն աղէկ է։
11 Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, Որպէս զի անարգողին պատասխան տամ։
12 Խորագէտը չարիք կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, Բայց միամիտները յառաջ կ’անցնին ու վնաս կը կրեն։
13 Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին զգեստը ա՛ռ Եւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն գրաւ ա՛ռ։
14 Եթէ մէկը առտու կանուխ ելլէ ու իր դրացին բարձր ձայնով օրհնէ, Ասիկա անոր անէծք կը սեպուի։
15 Անձրեւոտ օրուան շարունակ կաթիլն Ու կռուազան կինը իրարու կը նմանին։
16 Զանիկա պահողը հովը կը պահէ Եւ աջ ձեռքին մէջ պահուած իւղը զինք կը յայտնէ։
17 Երկաթը երկաթով կը սրուի Ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ։
18 Թզենիին հոգ տանողը անոր պտուղը կ’ուտէ Եւ իր տէրը պահպանողը պատիւ կը գտնէ։
19 Ինչպէս ջուրը՝ երեսը երեսին, Նոյնպէս սիրտը մարդը մարդուն կը ցուցնէ։
20 Դժոխքն ու կորուստը չեն կշտանար, Մարդուն աչքերն ալ չեն կշտանար։
21 Ինչպէս հալոցը՝ արծաթը եւ քուրան ոսկին կը փորձէ, Այնպէս ալ մարդը զինք գովող բերանը թող փորձէ։
22 Յիմարը ցորենի հետ անկանի մէջ հաւանով ծեծես ալ, Անոր յիմարութիւնը անկէ չ’երթար։
23 Քու ոչխարներուդ վիճակը աղէ՛կ գիտցիր Եւ քու հօտերուդ աղէ՛կ նայէ,
24 Վասն զի հարստութիւնը միշտ չի մնար Ու թագը դարէ դար չի տեւեր։
25 Կանանչը կը բուսնի, խոտը կ’երեւնայ Եւ լեռներուն խոտերը կը հաւաքեն։
26 Գառները քու հագուստիդ համար են Ու նոխազները դաշտերուն գինն են։
27 Քու կերակուրիդ համար եւ քու տանդ կերակուրին համար Ու քու աղախիններուդ ապրուստին համար Բաւական այծի կաթ պիտի ունենաս։