ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 2

Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս Ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես,
2 Այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս Ու սիրտդ հանճարին բանաս,
3 Եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես Եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես,
4 Եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես Ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես,
5 Այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս Եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։
6 Վասն զի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, Գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են։
7 Անիկա ուղիղներուն համար փրկութիւն կը պահէ. Անիկա ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է,
8 Որպէս զի արդարութեան ճամբաները պաշտպանէ Ու իր սուրբերուն ճամբան պահէ։
9 Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ Ամէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնաս։
10 Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ Եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ,
11 Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ Ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ։
12 Որպէս զի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն, Նենգութիւններ խօսող մարդէն
13 Եւ անոնցմէ՝ որոնք ուղիղ ճամբան թողուցեր են, Որպէս զի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն։
14 Չարութիւն ընելով կ’ուրախանան Եւ չարին նենգութիւններովը կը ցնծան։
15 Անոնց ճամբաները ծուռ են Ու անոնց ընթացքը խոտորնակ է։
16 Որպէս զի քեզ ազատէ օտար կնոջմէն, Շողոքորթութիւն խօսող օտար կնոջմէն։
17 Ան որ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու Եւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ,
18 Անոր տունը մահուան պիտի տանի Ու անոր շաւիղները՝ մեռելներուն։
19 Անոր գացողները բնաւ չեն դառնար Եւ կեանքի ճամբաներուն չեն հասնիր։
20 Բայց դուն բարի մարդոց ճամբան պիտի երթաս Ու արդարներուն շաւիղները պիտի պահես։
21 Քանզի ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին Եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։
22 Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին Ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին։