ԱՌԱԿԱՑ
Գլուխ 10
Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց անմիտ տղան իր մօրը տրտմութիւն է։
2 Անօրէնութեան գանձերը օգուտ չեն ըներ, Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։
3 Տէրը արդարին հոգին անօթի չի թողուր, Բայց ամբարիշտներուն ցանկութիւնը կը խափանէ։
4 Ծոյլ ձեռքով բանողը աղքատ կ’ըլլայ, Բայց ժիր մարդոց ձեռքը հարստութիւն կը բերէ։
5 Ան որ ամառը կը հաւաքէ, խոհեմ տղայ է, Հունձքի ատեն քնացող տղան նախատինք կը բերէ։
6 Արդարին գլխուն վրայ օրհնութիւններ կան, Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ։
7 Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ’ըլլայ, Բայց ամբարիշտներուն անունը կը փտտի։
8 Իմաստուն սիրտ ունեցողը պատուիրանքները կը պահէ, Բայց յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի։
9 Կատարելութեամբ քալողը ապահովութեամբ կը քալէ, Բայց իր ճամբաները ծռողը պիտի ճանչցուի։
10 Աչքով ակնարկութիւն ընողը նեղութիւն կու տայ Ու յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի։
11 Արդարին բերանը կեանքի աղբիւր է, Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ։
12 Ատելութիւնը կռիւներ կը հանէ, Բայց սէրը ամէն յանցանք կը ծածկէ։
13 Իմաստունին շրթունքներուն վրայ իմաստութիւն կը գտնուի, Բայց պակասամիտ եղողին կռնակին համար գաւազան պէտք է։
14 Իմաստունները գիտութիւն կը հաւաքեն, Բայց յիմարին բերանը կործանման մօտ է։
15 Հարուստին ճոխութիւնը իր ամուր քաղաքն է, Բայց տնանկներուն աղքատութիւնը իրենց կործանումն է։
16 Արդարին գործը կեանքի համար է, Իսկ ամբարշտին արդիւնքը մեղքի համար է։
17 Խրատը պահողը կեանքի ճամբուն մէջ է, Բայց յանդիմանութիւնը մերժողը կը մոլորի։
18 Ատելութիւնը ծածկողը ստախօս շրթունքներ ունի Ու բամբասանք հանողը անմիտ է։
19 Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ, Բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է։
20 Արդարին լեզուն ընտիր արծաթ է։ Ամբարիշտներուն սիրտը քիչ արժէք ունի։
21 Արդարին շրթունքները շատերուն առաջնորդութիւն կ’ընեն, Բայց յիմարները խելքի պակասութենէ կը մեռնին։
22 Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ Ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ։
23 Չարութիւն ընելը յիմարին զբօսանքն է, Բայց խոհեմ մարդունը՝ իմաստութիւնը։
24 Չար մարդուն վախցած բանը իր վրայ կու գայ, Բայց արդարներուն փափաքը կը լեցուի։
25 Մրրիկը անցնելուն պէս ամբարիշտը բնաջինջ կ’ըլլայ, Բայց արդարը յաւիտենական հիմ ունի։
26 Ինչպէս քացախը՝ ակռաներուն եւ ծուխը՝ աչքերուն, Ծոյլն ալ զինք ղրկողներուն այնպէս է։
27 Տէրոջը վախը օրեր կ’աւելցնէ, Բայց ամբարիշտներուն տարիները պիտի կարճնան։
28 Արդարներուն յոյսը ուրախութիւն է, Բայց ամբարիշտներուն ակնկալութիւնը պիտի կորսուի։
29 Տէրոջը ճամբան արդարին զօրութիւն է, Բայց անօրէնութիւն գործողներուն կործանում է։
30 Արդարը պիտի չսասանի յաւիտեան, Բայց ամբարիշտները երկրի վրայ պիտի չբնակին։
31 Արդարին բերանը իմաստութիւն կը բղխեցնէ, Բայց նենգաւոր լեզուն պիտի կտրուի։
32 Արդարին շրթունքները հաճելի բանը գիտեն, Բայց ամբարիշտներուն բերանը՝ միայն նենգութիւն։