ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 1

Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին որդիին Սողոմոնին առակները.-
2 Իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար, Հանճարին խօսքերը հասկնալու համար,
3 Իմաստութեան կրկնութիւնը ընդունելու համար, Այսինքն՝ արդարութիւնը, դատաստանը եւ ուղղութիւնը՝
4 Միամիտներուն սրամտութիւն տալու համար Ու երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ հանճար։
5 Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ Ու հանճարեղ մարդը խոհեմութիւն ստանայ։
6 Առակն ու նմանութիւնը հասկնալու համար, Նաեւ իմաստուններուն խօսքերը ու անոնց խրթնաբանութիւնները։
7 Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է, Բայց յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ’անարգեն։
8 Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ Ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր.
9 Քանզի անոնք քու գլխուդ՝ շնորհաց պսակ Եւ քու պարանոցիդ մանեակներ պիտի ըլլան։
10 Որդեա՛կ իմ, եթէ մեղաւորները քեզ գլխէ հանել ուզեն, Դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար։
11 Եթէ ըսեն. «Մեզի հետ եկո՛ւր, Արեան համար դարանամուտ ըլլա՛նք, Անմեղ մարդուն համար առանց պատճառի ծածուկ տեղ սպասենք,
12 Գերեզմանի պէս զանոնք ողջ ողջ Գուբը իջնողներուն նման կլլենք.
13 Ամէն տեսակ պատուական ստացուածք գտնենք Ու մեր տուները աւարով լեցնենք,
14 Քու վիճակդ մեր մէջ ձգէ, Ամէնքս մէկ քսակ ունենանք»։
15 Որդեա՛կ իմ, անոնց հետ ճամբայ մի՛ երթար, Անոնց շաւիղէն քու ոտքերդ հեռո՛ւ պահէ.
16 Քանզի անոնց ոտքերը դէպի չարութիւն կը վազեն Եւ արիւն թափելու կ’արտորան։
17 Արդարեւ ոեւէ թռչունի աչքերուն առջեւ Պարապ տեղ վարմեր կը լարուին.
18 Բայց անոնք իրենց արեանը համար դարան կը մտնեն Ու իրենց կեանքին համար ծածուկ տեղ կը սպասեն։
19 Ամէն ագահի ճամբաները այսպէս են։ Ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռցնէ։
20 Իմաստութիւնը դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէ Ու հրապարակներու մէջ իր ձայնը կու տայ։
21 Անիկա բազմութիւն եղած տեղերուն գլուխը Եւ դռներուն մուտքերուն մէջ կ’աղաղակէ Ու քաղաքին մէջ իր խօսքերը կ’ըսէ.
22 «Ո՛վ անմիտներ, մինչեւ ե՞րբ անմտութիւնը պիտի սիրէք, Մինչեւ ե՞րբ ծաղր ընողները ծաղր ընելով պիտի զուարճանան Ու յիմարները գիտութիւնը պիտի ատեն։
23 Իմ յանդիմանութեանս դարձէ՛ք։ Ահա իմ Հոգիս ձեր վրայ պիտի թափեմ, Իմ խօսքերս ձեզի պիտի հասկցնեմ։
24 Որովհետեւ ես կանչեցի ու դուք չուզեցիք լսել. Ձեռքս երկնցուցի ու մտիկ ընող չեղաւ։
25 Հապա իմ բոլոր խրատներս մերժեցիք Եւ իմ յանդիմանութիւնս չուզեցիք։
26 Ես ալ ձեր թշուառութեանը վրայ պիտի ծիծաղիմ Ու ձեր վախը հասնելուն՝ ծաղր պիտի ընեմ։
27 Երբ ձեր վախը հեղեղի պէս հասնի, Ձեր թշուառութիւնը մրրիկի պէս պատահի Եւ ձեր վրայ նեղութիւն ու տառապանք գայ,
28 Այն ատեն ինծի պիտի աղաղակեն ու պատասխան պիտի չտամ. Զիս պիտի փնտռեն ու պիտի չկրնան գտնել.
29 Որովհետեւ գիտութիւնը ատեցին Ու Տէրոջը վախը չընտրեցին։
30 Իմ խրատներս չուզեցին Ու բոլոր յանդիմանութիւնս անարգեցին,
31 Ուրեմն անոնք իրենց ճամբուն պտուղէն պիտի ուտեն Ու իրենց խորհուրդներով պիտի կշտանան։
32 Վասն զի անմիտներուն խոտորիլը զիրենք պիտի մեռցնէ Եւ յիմարներուն անհոգութիւնը զիրենք պիտի կորսնցնէ։
33 Բայց ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի Ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ»։