ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 26

Ինչպէս ամառուան մէջ՝ ձիւն եւ հունձքի ատեն՝ անձրեւ, Այնպէս ալ յիմարին պատիւ չի վայլեր։
2 Ինչպէս ճնճղուկը կը պտըտի ու ծիծեռնակը կը թռչի, Այնպէս ալ առանց պատճառի անէծք չի գար։
3 Ձիուն՝ խարազան ու իշուն՝ խթան Եւ յիմարներուն կռնակին գաւազան պէտք է։
4 Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան մի՛ տար, Որպէս զի դուն ալ անոր նման չըլլաս։
5 Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան տուր, Որպէս զի անիկա ինքզինք իմաստուն չկարծէ։
6 Յիմարին ձեռքով խօսք ղրկողը Իր ոտքերը կը կտրէ ու վնաս կը քաշէ։
7 Ինչպէս կաղին ոտքերը կ’երերան, Այնպէս յիմարին բերնին մէջ՝ առակը։
8 Յիմարին պատիւ տուողը Քարակոյտի մը մէջ պատուական քարերու ծրար դնողին՝ ՝ կը նմանի։
9 Առակը՝ յիմարին բերնին մէջ, Գինովին ձեռքը մտնող փուշին պէս է։
10 Մեծ է ամէն բան Ստեղծողը, Որ յիմարին վարձք կու տայ եւ յանցաւորներուն վարձք կու տայ։
11 Ինչպէս շունը իր փսխածին կը դառնայ, Այնպէս ալ յիմարը իր յիմարութեանը կը դառնայ։
12 Զինք իմաստուն կարծող մարդ մը տեսա՞ր. Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։
13 Ծոյլը կ’ըսէ. «Ճամբուն մէջ եւ Հրապարակներուն մէջ առիւծ կայ»։
14 Ինչպէս դուռը իր ծխնիներուն վրայ կը դառնայ, Այնպէս ծոյլը՝ իր անկողնին վրայ։
15 Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ, Բայց բերանը տանելու անգամ դժուարութիւն կը զգայ։
16 Ծոյլը՝ իր աչքերուն, Խելացի պատասխան տուող եօթը մարդէն աւելի իմաստուն կ’երեւնայ։
17 Իրենը չեղած դատին համար բարկացող անցորդը Շունը ականջներէն բռնողին պէս է։
18 Ինչպէս կատղած մարդը, որ կրակի կայծեր, նետեր ու մահ կը ցանէ,
19 Այնպէս է այն մարդը որ իր բարեկամին նենգութիւն կ’ընէ Ու ետքը կ’ըսէ. «Կատակ ըրի»։
20 Առանց փայտի կրակը կը մարի Եւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադրի։
21 Ինչպէս ածուխը՝ կայծերուն ու փայտը կրակին, Այնպէս է կռուարար մարդը վէճ բռնկցնելու։
22 Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են, Որոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ’իջնեն։
23 Կրքոտ շրթունքները եւ չար սիրտը Արծաթի կղկղանքով պատուած հողէ ամանի կը նմանին։
24 Ատողը իր շրթունքները կը կեղծէ Ու սրտին մէջ նենգութիւն կը պահէ։
25 Անոր գեղեցիկ խօսուածքին մի՛ հաւատար, Վասն զի անոր սրտին մէջ եօթը զզուելի բան կայ։
26 Ան որ իր ատելութիւնը նենգութեամբ կը ծածկէ, Անոր չարութիւնը ժողովուրդին մէջ պիտի յայտնուի։
27 Փոս փորողը ինք մէջը պիտի իյնայ Եւ ան որ քար կը գլորէ՝ իրեն պիտի դառնայ։
28 Ստախօս լեզուն իր ծեծածները՝ ՝ կ’ատէ Ու շողոքորթ բերանը կորուստ կը յառաջացնէ։