ԱՌԱԿԱՑ
Գլուխ 5
Որդեա՛կ իմ, մտի՛կ ըրէ իմաստութեանս Եւ քու ականջդ իմ հանճարիս տո՛ւր,
2 Որպէս զի խոհեմութեամբ վարուիս Եւ շրթներդ ցուցնեն քու իմաստութիւնդ։
3 Վասն զի օտար կնոջ շրթունքներէն խորիսխի մեղր կը կաթի Ու անոր քիմքը իւղէն կակուղ է.
4 Բայց անոր վախճանը՝ օշինդրի պէս դառն Ու երկսայրի թուրի պէս հատու է։
5 Անոր ոտքերը մահուան կը տանին Ու անոր քայլերը դժոխք կը հասնին։
6 Ան կեանքի ճամբէն ուղիղ չերթար, Իր քայլերը փոփոխական են ու չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ, Որ չըլլայ թէ կեանքի ճամբուն վրայ մտածես։
7 Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք Ու իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիք։
8 Այս կնոջմէն ճամբադ հեռացուր Ու անոր տանը դրանը մի՛ մօտենար.
9 Չըլլայ որ քու փառքդ՝ ուրիշներու Եւ տարիներդ անողորմ մարդու տաս։
10 Չըլլայ որ օտարները քու զօրութենէդ կշտանան Ու քու վաստակդ օտարներուն տունը մտնէ
11 Եւ քու վերջին ատենդ հառաչես, Երբ քու մարմինդ ու անդամներդ մաշին
12 Ու ըսես՝ «Ես ի՜նչպէս խրատը ատեցի Ու իմ սիրտս յանդիմանութիւնը անարգեց
13 Եւ իմ ուսուցիչներուս խօսքին մտիկ չըրի Ու իմ ականջս դաստիարակողներուն չտուի,
14 Ժողովրդային հաւաքոյթի մէջ Ծայր աստիճան թշուառութեան հանդիպեցայ»։
15 Դուն քու ջրամբարէդ ջուր խմէ Եւ քու ջրհորիդ մէջ վազող ջուրէն։
16 Քու աղբիւրներդ դուրսը թող տարածուին, Ինչպէս ջուրերու վտակները՝ հրապարակներուն մէջ։
17 Անոնք միայն քուկդ թող ըլլան, Ու ո՛չ թէ՝ քուկդ եւ օտարներուն։
18 Քու աղբիւրդ օրհնեալ ըլլայ Եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր։
19 Անիկա քեզի սիրելի եղնիկի պէս Եւ շնորհալի այծեամի պէս թող ըլլայ։ Ամէն ատեն անոր ստինքները քեզ թող կշտացնեն Ու միշտ անոր սիրովը զմայլէ։
20 Եւ ինչո՞ւ, որդեա՛կ իմ, դուն օտար կնոջ մը սիրովը զմայլիս Ու օտար կնոջ կուրծքը գրկես։
21 Վասն զի մարդուն ճամբաները Տէրոջը աչքերուն առջեւն են Ու անոր բոլոր քայլերուն ինք կը հսկէ։
22 Չարագործը իր անօրէնութիւններովը պիտի բռնուի Ու անիկա իր մեղքին չուաններովը պիտի կապուի։
23 Անիկա խրատի պակասէն կը մեռնի Ու իր մեծ յիմարութիւնովը կը կորսուի։