ԱՌԱԿԱՑ
Գլուխ 4
Որդի՛ք, ձեր հօրը խրատը լսեցէ՛ք Ու մտի՛կ ըրէք, որպէս զի իմաստութիւնը ճանչնաք։
2 Վասն զի ձեզի աղէկ կրթութիւն կու տամ, Իմ օրէնքս մի՛ թողուք։
3 Քանզի ես իմ հօրս տղան էի, Փափուկ ու սիրելի՝ իմ մօրս առջեւ։
4 Անիկա ինծի կը սորվեցնէր ու կ’ըսէր. «Քու սիրտդ իմ խօսքերս թող բռնէ, Իմ պատուիրանքներս պահէ ու ապրի։
5 Իմաստութիւն ստացիր, խոհեմութիւն ստացիր, Մի՛ մոռնար ու իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիր։
6 Զանիկա մի՛ թողուր ու անիկա քեզ պիտի պահէ։ Զանիկա սիրէ ու անիկա քեզ պիտի պաշտպանէ։
7 Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է։ Իմաստութիւն ստացիր։ Ու բոլոր ստացած բաներուդ հետ խոհեմութիւն ստացիր։
8 Զանիկա մեծարէ՛ ու անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ։ Եթէ զանիկա գրկես, քեզ պիտի պատուէ։
9 Անիկա քու գլխուդ շնորհներու զարդ պիտի տայ. Քեզի փառքի պսակ պիտի պարգեւէ»։
10 Մտի՛կ ըրէ, որդեա՛կ իմ ու իմ խօսքերս ընդունէ Եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի շատնան։
11 Քեզի իմաստութեան ճամբուն մէջ քալել սորվեցուցի. Քեզ ուղղութեան շաւիղներուն մէջ պտըտցուցի,
12 Որպէս զի քալելու ատենդ ոտքիդ քայլերը չգայթին Ու վազելու ատենդ չսահիս։
13 Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. Զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է։
14 Ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար Ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր։
15 Անկէ զգուշացի՛ր, անոր քովէն մի՛ անցնիր, Անկէ խոտորէ՛ ու անցի՛ր։
16 Վասն զի անոնք մինչեւ որ չարութիւն չընեն՝ չեն քնանար Ու եթէ մէկը չկործանեն՝ քուներնին կը փախչի։
17 Քանզի անոնք ամբարշտութեան հացը կ’ուտեն Ու անիրաւութեան գինին կը խմեն։
18 Բայց արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, Որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ։
19 Ամբարիշտներուն ճամբան խաւարի պէս է Ու չեն գիտեր թէ՝ ի՞նչ բան իրենց ոտքը պիտի սահեցնէ։
20 Որդեա՛կ իմ, մտիկ ըրէ իմ խօսքերուս, Քու ականջներդ իմ խօսքերուս տուր։
21 Անոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չհեռանան, Զանոնք քու սրտիդ մէջ պահէ,
22 Վասն զի անոնք կեանք են զանոնք գտնողներուն Եւ անոնց մարմնին՝ բժշկութիւն։
23 Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, Քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են։
24 Ծուռ բերանը քեզմէ մէկդի՛ ըրէ Ու անիրաւ շրթունքները քեզմէ հեռացո՛ւր։
25 Քու աչքերդ ուղիղ թող նային Ու արտեւանունքներդ շիտակ դէպի առջեւդ թող ըլլան։
26 Ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛ Եւ քու բոլոր ճամբաներդ պիտի հաստատուին։
27 Աջ կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր, Ոտքդ չարութենէ դարձո՛ւր։