ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 13

Իմաստուն տղան իր հօրը խրատին մտիկ կ’ընէ, Բայց ծաղրողը յանդիմանութեան մտիկ չըներ։
2 Մարդը իր բերնին պտուղէն բարութիւն կ’ուտէ. Բայց նենգերուն հոգին՝ բռնութիւն։
3 Իր բերանը զսպողը իր անձը կը պահէ, Բայց շրթունքները լայն բացողը պիտի կորսուի։
4 Ծոյլին հոգին կը ցանկայ ու բան մը չունի, Բայց ժրաջան մարդոց հոգին կը գիրնայ։
5 Արդարը սուտ խօսքը կ’ատէ, Բայց ամբարիշտը կ’այպանէ ու կը խայտառակէ ինքզինքը։
6 Արդարութիւնը կատարելութեամբ քալողները կը պաշտպանէ, Բայց չարութիւնը մեղաւորները կը կործանէ։
7 Մարդիկ կան, որ զիրենք հարուստ կը ցուցնեն, բայց բան մը չունին, Մարդիկ ալ կան, որ զիրենք աղքատ կը ցուցնեն, բայց շատ հարստութիւն ունին։
8 Մարդուն կեանքին փրկանքը իր հարստութիւնն է, Բայց աղքատը յանդիմանութիւն չի լսեր։
9 Արդարներուն լոյսը զուարթ պիտի ըլլայ, Բայց ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։
10 Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի, Բայց խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ։
11 Անիրաւութեամբ հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի, Բայց իր աշխատութիւնով հաւաքողը պիտի շատցնէ։
12 Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ, Բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է։
13 Խօսքը արհամարհողը պիտի կորսուի, Բայց պատուիրանքէն վախցողը վարձք պիտի առնէ։
14 Իմաստունին օրէնքը կեանքի աղբիւր է՝ Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար։
15 Բարի խոհեմութիւնը շնորհք կու տայ, Բայց անօրէններուն ճամբան դժուարին է։
16 Ամէն խելացի իմաստութեամբ կը գործէ, Բայց անմիտը յիմարութիւն կը տարածէ։
17 Չար պատգամաւորը թշուառութեան մէջ կ’իյնայ, Բայց հաւատարիմ դեսպանը բժշկութիւն է։
18 Խրատը անարգողը աղքատութիւն ու անարգութիւն կը կրէ, Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը պատիւ կը գտնէ։
19 Փափաքին կատարուիլը հոգիին անոյշ է Ու չարագործութենէ ետ կենալը յիմարներուն զզուելի է։
20 Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, Բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ՝ ՝։
21 Մեղաւորներուն ետեւէն ձախորդութիւն կ’երթայ, Բայց արդարներուն բարիք կը հատուցանուի։
22 Բարի մարդը իր թոռներուն ժառանգութիւն կը թողու, Բայց մեղաւորին ստացուածքը արդարին համար կը պահուի։
23 Աղքատներուն մշակած երկրին մէջ շատ ուտելիք կայ, Բայց մարդ կայ, որ անիրաւութենէ կը կորսուի։
24 Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, Բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ։
25 Արդարը մինչեւ իր անձին կշտանալը կ’ուտէ, Բայց ամբարիշտները կարօտութիւն պիտի քաշեն։