ԱՌԱԿԱՑ
Գլուխ 16
Սրտին ծրագիրները մարդուն կը վերաբերին, Բայց լեզուին պատասխանը Տէրոջմէն է։
2 Մարդուն բոլոր ճամբաները իրեն մաքուր կ’երեւնան, Բայց Տէրը հոգիները կը կշռէ։
3 Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ Եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին։
4 Տէրը ամէն բան իր նպատակին համար ստեղծեց Ու ամբարիշտն ալ՝ ձախորդ օրուան համար։
5 Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են Ու թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին՝ ՝, անպատիժ պիտի չմնան։
6 Ողորմութեամբ եւ ճշմարտութեամբ անօրէնութիւնը կը քաւուի Ու Տէրոջը վախովը մարդ չարութենէ կը հեռանայ։
7 Երբ Տէրը մարդուն ճամբաներուն հաճի, Մինչեւ անգամ անոր թշնամիները կը հաշտեցնէ անոր հետ։
8 Աղէկ է քիչ բան արդարութեամբ, Քան թէ մեծ եկամուտներ՝ անիրաւութեամբ։
9 Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ, Բայց Տէրը կ’ուղղէ անոր քայլերը։
10 Թագաւորին շրթունքներուն վրայ աստուածային ներշնչում կայ Եւ անոր բերանը դատաստանի մէջ չի սխալիր։
11 Ուղիղ կշռողը եւ կշիռքը Տէրոջն են, Պարկին մէջի բոլոր կշիռքի քարերը անոր գործն են։
12 Չարագործութիւնը թագաւորներուն զզուելի է, Վասն զի աթոռը արդարութեամբ հաստատուած է։
13 Արդար շրթունքները թագաւորներուն հաճելի են Ու կը սիրեն շիտակ խօսողը։
14 Թագաւորին բարկութիւնը մահուան դեսպաններու պէս է. Բայց իմաստուն մարդը զանիկա կ’իջեցնէ։
15 Թագաւորին երեսին լոյսը կեանք է Ու անոր հաճութիւնը վերջին անձրեւի ամպին պէս է։
16 Իմաստութիւն ստանալը ոսկիէն շատ աղէկ է Եւ հանճար վաստկիլը արծաթէն աւելի ընտիր է։
17 Ուղիղներուն մեծ ճամբան չարութենէ հրաժարիլն է։ Իր ճամբուն զգուշութիւն ընողը իր հոգին կը պահէ։
18 Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն Ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ։
19 Խոնարհներուն հետ խոնարհ ըլլալը, Հպարտներուն հետ աւար բաժնելէն աղէկ է։
20 Գործի մէջ խելացութեամբ վարուողը բարիք կը գտնէ Ու Տէրոջը ապաւինողը երանելի է։
21 Իմաստուն սիրտ ունեցողը խոհեմ կը սեպուի Եւ շրթունքներուն քաղցրութիւնը գիտութիւնը կ’աւելցնէ։
22 Խոհեմութիւնը կեանքի աղբիւր է զայն ունեցողին համար, Բայց խրատը անմիտներուն յիմարութիւն է։
23 Իմաստունին սիրտը իր բերնին իմաստութիւն կու տայ Ու իր շրթունքներուն գիտութիւնը կ’աւելցնէ։
24 Վայելուչ խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են, Հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են։
25 Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։
26 Աշխատող անձը իրեն համար կ’աշխատի. Քանզի իր բերանը կը պահանջէ իրմէ։
27 Անօրէն մարդը չարութիւն կը փորէ Ու անոր շրթունքներուն վրայ կարծես այրող կրակ կայ։
28 Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէ Եւ քսուն մտերիմ բարեկամները կը զատէ։
29 Անօրէն մարդը իր ընկերը կը խաբէ Ու զանիկա գէշ ճամբաներ կը տանի։
30 Աչքերը կը գոցէ նենգութիւններ մտածելու համար Եւ շրթունքները խածնելով չարութիւն կը կատարէ։
31 Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, Եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի։
32 Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է Ու իր ոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն։
33 Վիճակը ծոցը կը ձգուի, Բայց անոր ամէն կարգադրութիւնը Տէրոջմէն է։