ԱՌԱԿԱՑ
Գլուխ 18
Ինքնահաճոյ մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ Եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ՝ ՝։
2 Յիմարը խոհեմութենէ չախորժիր, Հապա իր սրտին մէջ եղածը յայտնել կ’ուզէ։
3 Երբ ամբարիշտը գայ՝ անարգութիւն ալ կու գայ Ու նախատինքին հետ՝ խայտառակութիւն։
4 Մարդուն բերնին խօսքերը խորունկ ջուրեր են։ Իմաստութեան աղբիւրը առատաբուղխ գետ է։
5 Դատաստանի մէջ արդարը սուտ հանելու համար՝ Ամբարշտին աչառութիւն ընելը աղէկ չէ։
6 Անմիտ մարդուն շրթունքները կռիւ կը բերեն Ու անոր բերանը ծեծողը կը կանչէ։
7 Անմիտ մարդուն բերանը իրեն կործանում է Եւ անոր շրթունքները իր անձին որոգայթ են։
8 Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են Ու անոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ’իջնեն։
9 Ան որ իր գործին մէջ թոյլ է, Շռայլ մարդուն եղբայրն է։
10 Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է, Արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ։
11 Հարուստին ստացուածքը իր ամուր քաղաքն է Ու անոր երեւակայութեան մէջ բարձր բերդի պէս է։
12 Կոտորածէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ, Բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ։
13 Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, Յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն։
14 Մարդուն հոգին իր հիւանդութեանը կը համբերէ, Բայց վիրաւորուած հոգին ո՞վ կրնայ մխիթարել։
15 Խոհեմին սիրտը գիտութիւն կը վաստկի Եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ։
16 Մարդուն ընծան անոր ճամբայ կը բանայ Ու զանիկա մեծերուն առջեւ կը տանի։
17 Իր դատը առաջուընէ սկսողը իրաւունք ունեցող կը սեպուի. Բայց երբ իր ոսոխը գայ՝ զանիկա կը քննէ։
18 Վիճակը վէճերը կը դադրեցնէ Ու զօրաւորներուն մէջտեղ որոշում կ’ընէ։
19 Օգնութիւն ստացող եղբայր մը ամուր քաղաքէն անառիկ է Եւ անոր վէճերը բերդի մը նիգերուն կը նմանին։
20 Մարդ իր բերնին պտուղէն կը կշտանայ Ու իր շրթունքներուն արդիւնքէն կը գոհանայ։
21 Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են, Անոնք, որ զայն կը սիրեն, անոր պտուղը կ’ուտեն։
22 Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ Ու Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ։
23 Աղքատը աղաչելով կը խօսի, Բայց հարուստը խիստ պատասխան կու տայ։
24 Բարեկամներ կան, որ բարեկամ կը ձեւանան, Բայց եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ։