ԱՌԱԿԱՑ
Գլուխ 30
Յակէեան Ագուրին խօսքերը՝ Այսինքն պատգամը, որ ան տուաւ, Իթիէլին եւ Ուքալին։
2 Արդարեւ ես ամէն մարդէ թանձրամիտ եմ Ու մարդկային խոհեմութիւն չունիմ։
3 Իմաստութիւն չսորվեցայ Ու Ամենասուրբին գիտութիւնը չեմ գիտեր։
4 Ո՞վ երկինք ելաւ ու իջաւ։ Ո՞վ հովը իր ձեռքերուն մէջ հաւաքեց։ Ո՞վ ջուրերը իր հանդերձին մէջ ամփոփեց։ Ո՞վ երկրի բոլոր ծայրերը հաստատեց։ Ի՞նչ է անոր անունը ու անոր որդիին անունը. Եթէ գիտես՝ ըսէ՛։
5 Աստուծոյ բոլոր խօսքերը մաքուր են։ Անիկա իրեն ապաւինողներուն ասպար է։
6 Դուն անոր խօսքերուն վրայ բան մի՛ աւելցներ, Որպէս զի քեզ չյանդիմանէ ու դուն ստախօս երեւնաս։
7 Քեզմէ երկու բան կը խնդրեմ։ Մեռնելէս առաջ զանոնք մի մերժեր։
8 Ունայնութիւնը եւ սուտ խօսքը ինծմէ հեռացո՛ւր, Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար։ Իմ սովորական հացո՛վս զիս կերակրէ,
9 Որպէս զի չըլլայ թէ կշտանամ եւ քեզ ուրանամ Ու «Տէրը ո՞վ է», ըսեմ։ Եւ չըլլայ թէ աղքատանամ ու գողութիւն ընեմ Եւ իմ Աստուծոյս անունը պարապ տեղ բերանս առնեմ։
10 Ծառան իր տիրոջ առջեւ մի՛ յանդիմաներ, Որպէս զի քեզ չանիծէ եւ դուն յանցաւոր ըլլաս։
11 Կան անձեր, որոնք իրենց հայրը կ’անիծեն Եւ մայրը չեն օրհներ։
12 Կան անձեր, որոնք իրենց աչքին առջեւ մաքուր են, Սակայն իրենց աղտեղութենէն լուացուած չեն։
13 Մարդ կայ, որուն աչքերը խիստ ամբարտաւան են Ու անոր արտեւանունքները բարձրացած են։
14 Մարդ կայ, որուն ակռաները սուրերու պէս են Եւ անոր ժանիքները դանակներու պէս են, Աղքատները երկրի վրայէն Ու տնակները մարդոց մէջէն ուտելու համար։
15 Տզրուկը երկու աղջիկ ունի։ «Տո՛ւր, տո՛ւր», կ’ըսեն։ Այս երեքը չեն կշտանար Ու չորս բան կայ, որոնք «Հերիք է», չեն ըսեր.
16 Գերեզմանը, ամուլ արգանդը, Երկիրը, որ ջրով չի կշտանար Ու կրակը, որ «Հերիք է», չ’ըսեր։
17 Այն աչքը, որ իր հայրը կը ծաղրէ Եւ իր մօրը հնազանդիլը կ’անարգէ, Ձորերուն ագռաւները պիտի փորեն Ու արծիւներուն ձագերը պիտի ուտեն զանիկա։
18 Այս երեք բաները ինծի զարմանալի կ’երեւնան Եւ չորս բան կայ, որոնք չեմ հասկնար։
19 Օդին մէջ՝ արծիւին ճամբան, Ապառաժին վրայ՝ օձին ճամբան, Ծովուն մէջ՝ նաւուն ճամբան Ու աղջկան քով՝ այր մարդուն ճամբան։
20 Շնացող կնոջ ճամբան ալ այնպէս է։ Կ’ուտէ ու բերանը կը սրբէ Եւ «Չարութիւն չըրի», կ’ըսէ։
21 Երեք բանի համար երկիրը կը դողայ Ու չորս բան կայ, որոնք չի կրնար տանիլ։
22 Ծառան՝ երբ թագաւորէ, Յիմարը՝ երբ հացով կշտանայ,
23 Ատելի կինը՝ երբ կարգուի Եւ աղախինը, երբ իր տիկնոջ ժառանգորդ ըլլայ։
24 Երկրի վրայ չորս բան կայ, որոնք պզտիկ են, Բայց անոնք շատ խելացի են։
25 Մրջիւնները զօրաւոր ժողովուրդ մը չեն, Բայց իրենց կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստեն։
26 Ճագարները տկար ժողովուրդ մըն են, Բայց իրենց տուները վէմերու վրայ կը շինեն։
27 Մարախները թագաւոր չունին, Սակայն ամէնքը գունդ գունդ դուրս կ’ելլեն։
28 Մողէսը իր ձեռքերովը պատերուն կը փակչի Ու թագաւորներու պալատներուն մէջ կը գտնուի։
29 Աղէկ քալող երեք բան կայ Եւ չորս բան կայ, որոնք գեղեցիկ քալուածք ունին։
30 Առիւծը, որ բոլոր անասուններէն զօրաւոր է Ու բնաւ մէկուն երեսէն ետ չի դառնար։
31 Մէջքը կապած ձին՝ ՝ ու նոխազը Եւ թագաւորը, որուն ժողովուրդը իրեն հետ է։
32 Եթէ բարձրանալով յիմարութիւն ըրիր, Կամ չարութիւն մը մտածեցիր, Ձեռքդ բերնիդ վրայ դի՛ր։
33 Վասն զի եթէ կաթը ծեծես՝ կոգի կ’ելլէ, Եթէ քիթը ճմլես՝ արիւն կ’ելլէ, Նոյնպէս եթէ բարկութիւնը գրգռես՝ կռիւ կ’ելլէ։