ԱՌԱԿԱՑ
Գլուխ 6
Որդեա՛կ իմ, եթէ քու բարեկամիդ համար երաշխաւոր եղար, Կամ օտար մարդու համար գրաւ դրիր,
2 Քու բերնիդ խօսքերովը որոգայթը ինկար, Բերնիդ խօսքերովը բռնուեցար։
3 Որդեա՛կ իմ, պատուէրս կատարէ, որպէս զի ազատիս։ Քանի որ դուն քու բարեկամիդ ձեռքը ինկար, Գնա քու բարեկամիդ խոնարհէ Ու թախանձէ անոր։
4 Աչքերուդ՝ քուն Ու արտեւանունքներուդ մրափ մի՛ տար.
5 Ազատէ՛ քեզ, ինչպէս այծեամը որսորդին ձեռքէն, Կամ թռչունը թռչնորսին ծուղակէն կ’ազատի։
6 Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա, Անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր։
7 Վասն զի անիկա թէեւ իշխան, Ոստիկան կամ տիրող չունի,
8 Բայց իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ, Իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը հաւաքէ։
9 Ո՛վ ծոյլ, մինչեւ ե՞րբ պիտի պառկիս, Քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս։
10 Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես հանգչելու համար,
11 Այն ատեն քու աղքատութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ Ու կարօտութիւնդ սպառազինեալ մարդու պէս։
12 Անօրէն ու չար մարդը Ծուռ բերնով կը շարժի.
13 Անիկա իր աչքերովը ակնարկութիւն կ’ընէ, Ոտքերովը կը խօսի Ու մատներովը բան կը սորվեցնէ։
14 Անոր սրտին մէջ ծռութիւն կայ, Միշտ չարութիւն կը հնարէ ու կռիւներ կը հանէ։
15 Ասոր համար անոր կորուստը յանկարծ պիտի գայ։ Անիկա յանկարծ պիտի կոտրուի ու անոր դարման պիտի չգտնուի։
16 Տէրը վեց բանէ կը զզուի Ու անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։
17 Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, Անմեղ արիւն թափող ձեռքեր,
18 Չար խորհուրդ հնարող սիրտ, Չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր,
19 Ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ Ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ։
20 Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛ Եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր։
21 Զանոնք միշտ քու սրտիդ վրայ կապէ՛, Զանոնք քու պարանոցէդ կախէ՛։
22 Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն թող ընեն. Քնացած ատենդ քեզ թող պահպանեն Ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին։
23 Քանզի պատուիրանքը՝ ճրագ ու օրէնքը լոյս է։ Եւ խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են,
24 Որպէս զի քեզ գէշ կնոջմէն, Օտար կնոջ շողոքորթող լեզուէն պահեն։
25 Սրտիդ մէջ անոր գեղեցկութեանը մի՛ ցանկար Եւ թող քեզ իր արտեւանունքներովը չբռնէ։
26 Վասն զի պոռնիկ կնոջ պատճառով Մարդ նոյնիսկ պատառ մը հացի կարօտ կ’ըլլայ Եւ շնացող առնակինը պատուական հոգին կ’որսայ։
27 Հնա՞ր է որ մէկը իր ծոցը կրակ դնէ Ու հանդերձները չայրին։
28 Հնա՞ր է որ մէկը կրակի կայծերու վրայ քալէ Ու անոր ոտքերը չայրին։
29 Ասոր պէս է իր դրացիին կնոջը քով գացողն ալ։ Ո՛վ որ անոր դպչի՝ անմեղ չըլլար։
30 Գողը եթէ անօթութեան համար ու իր փորը կշտացնելու համար գողութիւն ընէ, Չեն քամահրեր զանիկա։
31 Սակայն եթէ բռնուի, եօթնապատիկ պիտի հատուցանէ, Իր տանը բոլոր ինչքը պիտի տայ։
32 Կնոջ հետ շնութիւն ընողին խելքը պակաս է։ Այս բանը ընողը իր հոգին կը կորսնցնէ։
33 Անիկա վէրք ու անարգանք կը գտնէ Եւ անոր նախատինքը անջնջելի է։
34 Քանզի նախանձը էրիկը կը կատղեցնէ Ու անիկա վրէժխնդրութեան օրը չի խնայեր։
35 Անիկա բնաւ մէկ փրկանքի չի նայիր, Կաշառքը շատցնելու ալ ըլլաս՝ անիկա չի հաճիր։