ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 7

Որդեա՛կ իմ, պահէ՛ իմ խօսքերս Ու իմ պատուիրանքներս քու քովդ ծածկէ։
2 Իմ պատուիրանքներս պահէ որպէս զի ապրիս Ու իմ օրէնքիս քու աչքերուդ բիբին պէս նայէ՛։
3 Զանոնք մատերուդ վրայ կապէ, Զանոնք սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛։
4 Իմաստութեան ըսէ. «Դուն իմ քոյրս ես» Ու հանճարը «Բարեկամ» կոչէ,
5 Որպէս զի քեզ օտար կնոջմէն, Շողոքորթութեամբ խօսող օտար կնոջմէն, պահեն։
6 Վասն զի իմ տանս պատուհանէն, Իմ վանդակէս նայեցայ
7 Եւ անմիտներուն մէջ տեսայ ու Երիտասարդներուն մէջ պակասամիտ պատանի մը գտայ,
8 Որ փողոցին մէջ այն կնոջ տանը անկիւնին քովէն կ’անցնէր Ու անոր տանը ճամբան բռնեց։
9 Երբ իրիկուն եղաւ, օրը տարաժամեցաւ Ու գիշերուան մութը տիրեց։
10 Ահա անոր առջեւ կին մը ելաւ, Անիկա պոռնիկի կերպարանք ու նենգաւոր սիրտ մը ունէր։
11 Անիկա աղաղակող ու անզգամ էր Ու անոր ոտքերը իր տանը մէջ չէին կենար,
12 Երբեմն՝ դուրսը, երբեմն՝ հրապարակները Եւ ամէն անկիւնի քով դարանամուտ կ’ըլլար։
13 Զանիկա բռնեց, համբուրեց Ու լիրբ երեսով անոր ըսաւ.
14 «Իմ քովս խաղաղութեան զոհեր կան, Ես այսօր իմ ուխտերս կատարեցի։
15 Անոր համար ելայ քեզ դիմաւորելու, Քու երեսդ փնտռելու ու քեզ գտայ։
16 Իմ անկողինս ծածկոցներով զարդարեր եմ, Եգիպտոսի ծաղկանկար բեհեզով։
17 Անկողնիս վրայ զմուռս, Հալուէ ու կինամոն ցաներ եմ։
18 Եկուր մինչեւ առտու սիրով զուարճանանք Ու ցանկութիւններով զբօսնունք
19 Վասն զի ամուսինս տունը չէ, Անիկա հեռու ճամբայ գնաց։
20 Ստակին քսակը իրեն հետ առաւ Եւ լուսնին լրման՝ ՝ օրը տուն պիտի դառնայ»։
21 Այսպէս իր շատ խօսքերովը զանիկա հրապուրեց Ու իր շրթունքներուն շողոքորթութիւնովը զանիկա գրաւեց։
22 Երիտասարդն ալ շիտակ կնոջ ետեւէն, Սպանդանոց գացող արջառի պէս, Պատժուելու գացող կապուած յիմարի մը պէս կ’երթայ,
23 Մինչեւ որ նետը անոր լեարդը ծակէ, Ինչպէս թռչուն մը արտորալով դէպի ծուղակը կ’երթայ Ու չի գիտեր թէ դէպի իր անձին կորուստը կ’երթայ։
24 Հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք Ու իմ բերնիս խօսքերուն ականջ դրէք։
25 Քու սիրտդ դէպի անոր ճամբաները թող չխոտորի Եւ անոր շաւիղներուն մէջ թող չմոլորի։
26 Վասն զի անիկա շատերը խոցոտեց ու կործանեց Ու անոր բոլոր մեծցուցած մարդիկը զօրաւոր էին։
27 Անոր տունը դժոխքին ճամբան է, Ան մահուան շտեմարանները կ’իջնէ։