ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 12

Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, Բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է։
2 Բարի մարդը Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ, Բայց Աստուած նենգաւոր մարդը պիտի դատապարտէ։
3 Մարդը անիրաւութեամբ հաստատութիւն չունենար, Բայց արդարներուն արմատը չի շարժիր։
4 Առաքինի կինը իր էրկանը պսակ է, Բայց նախատինք բերողը անոր ոսկորներուն փտտութեանը պէս է։
5 Արդարներուն մտածումները իրաւունք են, Բայց ամբարիշտներուն խորհուրդները՝ նենգ։
6 Ամբարիշտներուն խօսքերը արիւնի համար դարան են, Բայց ուղիղներուն բերանը զիրենք կ’ազատէ։
7 Ամբարիշտները կը կործանին ու բնաջինջ կ’ըլլան, Բայց արդարներուն տունը կը հաստատուի։
8 Մարդը իր խոհեմութեանը չափ կը գովուի, Բայց ծուռ սիրտ ունեցողը կ’անարգուի։
9 Իր հացին համար ծառայող մարդը աւելի աղէկ է, Քան թէ զինք մեծ ցուցնող, բայց հացի կարօտ մարդը։
10 Արդարը իր անասուններուն հոգ կը տանի, Բայց ամբարիշտները անողորմ են։
11 Իր երկիրը մշակողը հացով կը կշտանայ. Բայց դատարկ մարդոց հետեւողը պակասամիտ է։
12 Ամբարիշտը չարերուն աւարին կը փափաքի, Բայց արդարներուն արմատը պտուղ կուտայ։
13 Չարը իր շրթունքներուն յանցանքովը որոգայթը կ’իյնայ, Բայց արդարը նեղութենէ կ’ազատի։
14 Մարդը իր բերնին պտուղէն բարիքներով պիտի լեցուի Եւ իր գործերուն հատուցում պիտի ընդունի։
15 Յիմարին ճամբան իր աչքերուն շիտակ է, Բայց իմաստունը խրատին մտիկ կ’ընէ։
16 Յիմարը նոյն օրը կը յայտնէ իր բարկութիւնը, Բայց անարգանքը ծածկողը խելացի է։
17 Ճշմարտութիւն խօսողը արդարութիւնը կը յայտնէ, Իսկ սուտ վկան՝ նենգութիւնը։
18 Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, Բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է։
19 Ճշմարտախօս շրթունքը միշտ հաստատ կը մնայ, Բայց ստախօս լեզուն վայրկենական է.
20 Չարութիւն մտածողին սրտին մէջ նենգութիւն կ’ըլլայ, Բայց խաղաղութեան համար խորհուրդ ընողները ուրախութիւն կ’ունենան։
21 Արդարին բնաւ չարիք չի հասնիր, Բայց ամբարիշտները թշուառութիւններով կը լեցուին։
22 Սուտ շրթունքը Տէրոջը զզուելի է, Բայց հաւատարմութիւն ընողները անոր հաճելի են։
23 Խոհեմ մարդը իր գիտցածը կը ծածկէ, Բայց յիմարներուն սիրտը յիմարութիւնը կը հրատարակէ։
24 Ժիր մարդոց ձեռքը կ’իշխէ, Բայց ծոյլը հարկատու կ’ըլլայ։
25 Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, Բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա։
26 Արդարը իր ընկերին ճամբայ կը ցուցնէ՝ ՝, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան զիրենք կը մոլորեցնէ։
27 Ծոյլը իր որսը չ’եփեր, Բայց ժիր մարդուն ստացուածքը պատուական է։
28 Արդարութեան ճամբուն մէջ կեանք կայ Եւ անոր շաւիղներուն ճամբուն մէջ մահ չկայ՝ ՝։