ԺՈՂՈՎՈՂԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12


Գլուխ 1

Երուսաղէմի թագաւոր Դաւիթի որդիին Ժողովողին խօսքերը.
2 Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը, Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է։
3 Ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ մարդ Արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատանքէն։
4 Ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ, Բայց երկիրը միշտ կը կենայ։
5 Նաեւ արեւը կը ծագի ու արեւը մարը կը մտնէ Եւ իր ծագած տեղը արտորալով կը դառնայ։
6 Հովը դէպի հարաւ կ’երթայ Ու դէպի հիւսիս կը պտըտի։ Հովը ասդին անդին պտըտելով Կ’երթայ, իր շրջաններուն համեմատ կը դառնայ։
7 Բոլոր գետերը ծով կ’երթան, Բայց ծովը չի լեցուիր։ Այն տեղը, ուր գետերը կ’երթային, Նորէն հոն կ’երթան։
8 Բոլոր խօսքերը կը հատնին՝ ՝։ Մարդս խօսելու կարող չէ։ Աչքը տեսնելով չի կշտանար Ու ականջը լսելով չի լեցուիր։
9 Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ Ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։ Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։
10 Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը, Որուն համար կրնայ ըսուիլ՝ «Ահա ասիկա նոր է». Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ Անիկա արդեն եղած էր։
11 Առաջուան բաներուն յիշատակը չկայ Ու ետքը ըլլալիք բաներուն ալ, Ետքը եկողներուն մէջ յիշատակը պիտի չըլլայ։
12 Ես՝ Ժողովողս՝ Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղայ։
13 Իմ սիրտս երկնքի տակ բոլոր եղածները Իմաստութեամբ փնտռելու ու քննելու տուի։ Աստուած այս չար զբաղումը մարդոց որդիներուն տուաւ, Որպէս զի անով զբաղին։
14 Արեւուն տակ բոլոր գործուած գործերը տեսայ Եւ ահա ամէնքն ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք՝ ՝ են։
15 Այն որ ծուռ է, չի կրնար շտկուիլ Ու այն որ պակաս է, չի կրնար համրուիլ։
16 Ես իմ սրտիս մէջ խօսեցայ ու ըսի. «Ահա ես մեծցայ ու իմաստութիւն ստացայ Երուսաղէմի մէջ ինծմէ առաջ եղողներէն ամենէն աւելի Եւ իմ սիրտս շատ իմաստութիւն ու գիտութիւն տեսաւ»։
17 Իմ սիրտս իմաստութիւնը ճանչնալու, Խենդութիւնը եւ յիմարութիւնը գիտնալու տուի։ Հասկցայ թէ ասիկա ալ հոգիի տանջանք է։
18 Վասն զի շատ իմաստութեան մէջ շատ տրտմութիւն կայ Ու իր գիտութիւնը աւելցնողը իր վիշտը կ’աւելցնէ։