ԺՈՂՈՎՈՂԻ
Գլուխ 2
Ես իմ սրտիս մէջ ըսի. «Եկուր հիմա ուրախութեան միջոցով քեզ փորձեմ», Ուստի բարիքներ վայելէ։ Ահա ասիկա ալ ունայնութիւն է։
2 Ծիծաղին համար ըսի. «Յիմար է» Եւ ուրախութեանը համար՝ «Ասոր ըրածը ի՞նչ է»։
3 Սրտիս մէջ խորհեցայ, որ մարմինս գինիով զուարթացնեմ, Իմաստութեան առաջնորդութիւնովը ճանչնամ անմտութիւնը, Որպէս զի տեսնեմ թէ ի՞նչ բան բարի է մարդոց որդիներուն, Որ կրնան ընել երկնքի տակ Իրենց կեանքի բոլոր օրերուն մէջ։
4 Մեծ գործեր ըրի։ Ինծի տուներ շինեցի ու ինծի այգիներ տնկեցի։
5 Ինծի պարտէզներ եւ մրգաստաններ շինեցի Ու անոնց մէջ ամէն տեսակ պտղատու ծառ տնկեցի։
6 Ինծի ջուրի աւազաններ շինեցի, Որպէս զի անոնցմով մայրիներու անտառը ոռոգուի։
7 Ծառաներ ու աղախիններ ստացայ Եւ իմ տանս մէջ ծնած ծառաներ ունեցայ։ Շատ արջառներ եւ հօտեր ունեցայ, Ինծմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն ամենէն աւելի։
8 Նաեւ արծաթ ու ոսկի Եւ թագաւորներու ու գաւառներու գանձեր դիզեցի։ Ինծի երգիչներ եւ երգչուհիներ ճարեցի Եւ մարդը զուարճացնող շատ հարճեր։
9 Ինծմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն Ամենէն մեծը եղայ ու բարգաւաճեցայ։
10 Իմ աչքերուս ամէն ցանկութիւն անոնցմէ չարգիլեցի Ու իմ սիրտս ամէն տեսակ ուրախութենէ զուրկ չթողուցի։ Իմ սիրտս իմ բոլոր աշխատութիւններովս ուրախացաւ։ Իմ բոլոր աշխատութիւններուս վարձքը ասիկա էր։
11 Ու ես իմ ձեռքերուս ըրած բոլոր գործերուն Ու այդ գործերը ընելու համար իմ թափած աշխատանքիս նայեցայ Եւ ահա ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին Ու արեւուն տակ ոեւէ օգուտ չկար։
12 Ես դարձայ իմաստութիւնը տեսնելու, Նաեւ յիմարութիւնն ու անմտութիւնը, Վասն զի թագաւորին ետեւէն եկող մարդը ի՞նչ կրնայ ընել։ Ինչ որ արդէն ըրած են։
13 Ուստի տեսայ թէ իմաստութիւնը անմտութենէն օգտակար է, Ինչպէս լոյսը խաւարէն օգտակար է։
14 Իմաստունին աչքերը իր գլխուն վրայ են, Իսկ անմիտը խաւարի մէջ կը քալէ. Բայց ես հասկցայ թէ Անոնց ամենուն պատահած դէպքը մէկ է։
15 Այն ատեն իմ սրտիս մէջ ըսի «Որովհետեւ անմիտին պատահածը ինծի ալ պիտի պատահի, Ուրեմն ես ինչո՞ւ համար աւելի իմաստուն եղայ». Այս պատճառով իմ սրտիս մէջ ըսի թէ այս ալ ունայնութիւն է։
16 Վասն զի ինչպէս անմիտին՝ նմանապէս իմաստունին Մնայուն յիշատակը չկայ։ Վասն զի հիմա եղած բոլոր բաները Ապագային պիտի մոռցուին։ Իմաստունը ի՞նչպէս կը մեռնի։ Անմիտին պէս։
17 Անոր համար այս կեանքէն զզուեցայ, Վասն զի արեւուն տակ եղած գործերը ինծի գէշ երեւցան, Քանզի ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք են։
18 Ես արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատութենէս զզուեցայ, Քանզի ինծմէ ետքը գալու մարդուն պիտի թողում զանիկա։
19 Ո՛վ գիտէ թէ անիկա իմաստո՞ւն պիտի ըլլայ թէ անմիտ։ Բայց պիտի տիրէ իմ բոլոր աշխատութիւններուս վրայ, Որոնք արեւուն տակ կատարեցի, Որոնց մէջ իմաստութիւն ցուցուցի։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։
20 Ես դարձայ, որպէս զի արեւուն տակ կատարած բոլոր աշխատանքիս վրայով Իմ սրտէս յոյսս կտրեմ։
21 Վասն զի մարդ կայ, որուն աշխատութիւնը Իմաստութեամբ, գիտութեամբ եւ յաջողութեամբ կ’ըլլայ, Բայց անկէ չաշխատող մարդուն իբրեւ բաժին կու տայ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու մեծ չարիք է։
22 Վասն զի մարդ արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքէն Ու սրտին տանջանքէն ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։
23 Քանզի անոր բոլոր օրերը՝ վիշտերով Ու գործը տրտմութեամբ լեցուն են։ Անոր սիրտը գիշերն անգամ հանգստութիւն չի գտներ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։
24 Մարդս ուտելէն ու խմելէն Եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի։ Ես տեսայ թէ ասիկա ալ Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ։
25 Վասն զի ինծմէ զատ՝ ՝ ո՞վ կրնայ ուտել Եւ ո՞վ կրնայ զուարճանալ։
26 Քանզի Աստուած իր առջեւ հաճելի եղող մարդուն Իմաստութիւն, գիտութիւն եւ ուրախութիւն կու տայ, Բայց մեղաւորին զբաղում կու տայ, Որպէս զի անիկա ստացուածք հաւաքէ ու դիզէ, Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողին տայ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։