ԺՈՂՈՎՈՂԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12


Գլուխ 5

Երբ Աստուծոյ տունը երթաս, ոտքիդ զգուշութիւն ըրէ՛։ Աւելի մտիկ ընելու համար մօտեցիր, Քան թէ անմիտներու պէս զոհ մատուցանելու. Վասն զի անոնք չեն գիտեր թէ չարութիւն կ’ընեն։
2 Բերնովդ մի՛ աճապարեր, Թող քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ խօսելու չարտորայ. Քանզի Աստուած երկինքն է ու դուն երկրի վրայ ես, Անոր համար քու խօսքերդ քիչ թող ըլլան։
3 Վասն զի երազը շատ զբաղումէն յառաջ կու գայ Ու յիմարին ձայնը՝ շատ խօսքերէն։
4 Երբ Աստուծոյ ուխտ ընես, Զանիկա կատարելը մի՛ ուշացներ, Քանզի Աստուած անմիտներուն չի հաճիր։ Ըրած ուխտդ կատարէ՛։
5 Աղէկ է որ ուխտ չընես, Քան թէ ուխտ ընես ու չկատարես։
6 Թող մի՛ տար, որ քու բերանդ մարմնիդ մեղք գործել տայ Եւ հրեշտակին առջեւ մի՛ ըսեր թէ՝ սխալ եղաւ։ Ինչո՞ւ Աստուած քու խօսքիդ համար բարկանայ Ու ձեռքերուդ գործը աւրէ։
7 Վասն զի երազներուն շատութեանը մէջ Եւ խօսքերուն շատութեանը մէջ Ունայնութիւններ ալ կան. Բայց դուն Աստուծմէ վախցի՛ր։
8 Եթէ գաւառի մը մէջ աղքատին եղած զրկանքը Ու իրաւունքի եւ արդարութեան զրկուիլը տեսնես, Այս բանին վրայ մի՛ զարմանար. Վասն զի բարձրերուն վրայ Բարձր եղողը կը դիտէ Եւ անոնցմէ Բարձրը կայ։
9 Երկիրը ամենուն ալ օգտակար է. Թագաւորին անգամ արտէն ծառայութիւն կ’ըլլայ։
10 Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, Ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։
11 Երբ բարիքը շատնայ, Ուտողներն ալ կը շատնան. Ուրեմն զանիկա ունեցողներուն՝ Աչքով տեսնելէն զատ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ։
12 Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝ Թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ Բայց հարուստին կուշտ ըլլալը՝ ՝ Չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ։
13 Արեւուն տակ տեսայ թէ գէշ ցաւ մը կայ, Այսինքն այն հարստութիւնը, որ իր տիրոջը ձախորդութեանը համար պահուած է։
14 Այն հարստութիւնը ձախորդ դիպուածով մը կը կորսուի Ու ինք տղայ կը ծնանի եւ անոր ձեռքը բան մը չըլլար։
15 Ինչպէս իր մօրը որովայնէն ելաւ, Այնպէս մերկ պիտի դառնայ։ Ինչպէս եկաւ, այնպէս պիտի երթայ Ու իր աշխատութենէն բան մը պիտի չառնէ որ իրեն հետ տանի։
16 Այս ալ գէշ ցաւ մըն է, Որ ինչպէս եկաւ, ճիշդ այնպէս պիտի երթայ Եւ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ անոր, Որ հովի համար կ’աշխատի։
17 Անիկա իր բոլոր օրերը խաւարի մէջ կը սպառէ՝ Մեծ տրտմութեամբ, հիւանդութեամբ եւ սրտմտութեամբ։
18 Սակայն այս աղէկութիւնը տեսայ, Որ վայելուչ է ուտել ու խմել Եւ Աստուծոյ տուած կեանքին բոլոր օրերուն մէջ՝ Արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքին բարիքը վայլել, Վասն զի անոր բաժինը ասիկա է։
19 Ամէն մարդու, որուն Աստուած հարստութիւն ու ստացուածք կու տայ, Անկէ ուտելու եւ բաժինը առնելու Ու իր աշխատանքէն ուրախանալու իշխանութիւնն ալ կու տայ։ Ասիկա Աստուծոյ պարգեւն է։
20 Քանզի անիկա իր կեանքին օրերը շատ չի յիշեր. Վասն զի Աստուած անոր սրտին ուրախութիւնովը անոր պատասխան կու տայ։