ԺՈՂՈՎՈՂԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12


Գլուխ 8

Իմաստունին պէս ո՞վ կայ Ու խօսքի մեկնութիւնը ո՞վ գիտէ։ Մարդուն իմաստութիւնը անոր երեսը կը փայլեցնէ Ու երեսին պնդութիւնը կը փոխուի։
2 Թագաւորին հրամանը կատարէ Աստուծոյ ուխտին համաձայն։
3 Անոր առջեւէն ելլելու մի՛ արտորար, Չար գործի մէջ մի՛ կենար, Վասն զի անիկա ինչ որ ուզէ՝ կ’ընէ։
4 Ուր որ թագաւորին խօսքը կայ, հոն իշխանութիւն կայ. Ու ո՞վ կրնայ անոր ըսել՝ «Ի՞նչ կ’ընես»։
5 Պատուիրանքը պահողը չարիքի չի հանդիպիր Եւ իմաստունին միտքը ժամանակն ու ճամբան գիտէ։
6 Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն իր ժամանակն ու յարմարութիւնը ունի, Քանզի մարդուն վրայ շատ նեղութիւն կու գայ։
7 Վասն զի անիկա ըլլալիքը չի գիտեր Եւ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր թէ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։
8 Հոգիին վրայ իշխող մարդ չկայ, որ հոգին արգիլէ։ Մահուան օրուանը վրայ տիրող չկայ. Պատերազմին մէջ արձակում չկայ Ու ամբարշտութիւնը իրեն հետեւողները չ’ազատեր։
9 Ասոնց ամէնքը տեսայ Ու արեւուն տակ եղող ամէն գործի իմ սիրտս տուի։ Ատեն կայ, երբ մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ Իրեն թշուառութեան համար։
10 Տեսայ ամբարիշտներ, Որոնք թաղուեցան գացին ու սուրբ տեղէն ելան Եւ մոռցուեցան այն քաղաքին մէջ, ուր այսպէս բաներ ըրին։ Այս ալ ունայնութիւն է։
11 Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, Այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը Չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է։
12 Թէեւ մեղաւորը հարիւր անգամ չարութիւն ընէ Ու անոր կեանքը երկննայ ալ, Ամէն պարագայի ստոյգ գիտեմ թէ բարութիւնը՝ Աստուծմէ վախցողներուն, անոր երեսէն վախցողներուն պիտի ըլլայ,
13 Բայց ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ։ Անիկա իր օրերը պիտի չերկնցնէ, հապա ստուերի պէս պիտի ըլլայ. Վասն զի Աստուծոյ երեսէն չի վախնար։
14 Ունայնութիւն մը կայ, որ աշխարհիս վրայ կ’ըլլայ, Այսինքն արդարներ կան, որոնց ամբարիշտներուն գործին պէս կը պատահի Ու ամբարիշտներ ալ կան, որոնց արդարներուն գործին պէս կը պատահի։ Ըսի թէ՝ «Այս ալ ունայնութիւն է»։
15 Ես ուրախութիւնը գովեցի, Վասն զի մարդ արեւուն տակ Ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ Աղէկ բան մը չունի։ Վասն զի արեւուն տակ Աստուծոյ տուած կեանքին օրերուն մէջ Իր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ իրեն։
16 Երբ ես իմ սիրտս տուի իմաստութիւնը գիտնալու Ու երկրի վրայ եղած զբաղումները տեսնելու (Վասն զի թէ՛ ցորեկ եւ թէ՛ գիշեր Իր աչքը քուն չտեսնող մարդ կայ)։
17 Այն ատեն Աստուծոյ բոլոր գործերէն հասկցայ, Թէ մարդ չի կրնար գտնել այն գործը, որ արեւուն տակ կ’ըլլայ. Վասն զի մարդ կ’աշխատի փնտռելու, բայց չի գտներ Ու թէեւ իմաստունն ալ «Գիտեմ» ըսէ՝ գտնելու կարող չըլլար։