ԺՈՂՈՎՈՂԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12


Գլուխ 10

Մեռած ճանճերը իւղագործին իւղը գարշահոտ կ’ընեն։ Քիչ մը անմտութիւնն ալ իմաստութեամբ եւ պատուով երեւելի սեպուած մարդը այնպէս կ’ընէ՝ ՝։
2 Իմաստունին սիրտը իր աջ կողմն է, Իսկ անմիտին սիրտը իր ձախ կողմն է։
3 Անմիտ մարդը ճամբան քալելու ատենն ալ՝ Խելքը պակաս ըլլալուն համար՝ իր յիմար ըլլալը ամենուն կը յայտնէ։
4 Եթէ իշխանին բարկութիւնը քեզի դէմ ելլէ, Քու տեղդ մի՛ ձգեր, Վասն զի քաղցրութիւնը մեծ յանցանքները կը դադրեցնէ։
5 Արեւուն տակ չարութիւն մըն ալ տեսայ, Որպէս թէ իշխանին երեսէն ելած անխոհեմութիւն մը ըլլար։
6 Անմտութիւնը խիստ բարձր տեղերու վրայ կը դրուի Ու հարուստները ցած տեղ մը կը նստին։
7 Տեսայ ծառաներ, որոնք ձիերու վրայ հեծեր էին Եւ իշխաններ, որոնք հետիոտն կը քալէին։
8 Փոս փորողը ինք անոր մէջ կ’իյնայ Ու օձը կը խածնէ ցանկ քակողը։
9 Քարեր կտրողը անոնցմէ կը վնասուի Եւ փայտ ճեղքողը անկէ վտանգի մէջ կ’իյնայ։
10 Եթէ երկաթը բթացած է ու անոր բերանը չոր է, Այն ատեն մարդը իր ոյժը կրկնապատկելու է. Բայց իմաստութիւնը կ’օգնէ, որ յաջողի։
11 Եթէ օձը թովելէն առաջ խածնէ, Այն ատեն թովիչը օգուտ մը չունենար։
12 Իմաստունին բերնին խօսքերը շնորհալի են, Բայց անմիտին շրթունքները զինք կ’սպառեն։
13 Անոր բերնին խօսքերուն սկզբնաւորութիւնը անմտութիւն է Ու անոր խօսքին վերջը կատաղի խենդութիւն է։
14 Յիմարը իր խօսքերը կը շատցնէ։ Մարդ ինչ ըլլալիքը չի գիտեր։ Անոր ո՞վ պիտի յայտնէ Թէ անկէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։
15 Յիմարներուն աշխատանքը զիրենք կը յոգնեցնէ, Քաղաքին ճամբան չգիտցողին պէս։
16 Վա՜յ քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ մանուկ է Ու իշխաններդ առտուն կերակուր կ’ուտեն։
17 Երա՜նի քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ ազնուազարմ է Եւ քու իշխաններդ ժամանակին կ’ուտեն՝ Ուժի համար եւ ո՛չ թէ գինովութեան համար։
18 Ծուլութիւնով շէնքը կը փլչի Եւ ձեռքերու թուլութիւնով տունը կը կաթի։
19 Կոչունքը ծիծաղելու համար կ’ընէն Ու գինին կեանքը կ’ուրախացնէ. Իսկ արծաթը ամէն բան կը գոհացնէ։
20 Մտքիդ մէջ անգամ թագաւորին անէծք մի՛ տար Եւ քու ննջարանիդ մէջ մեծերուն անէծք մի՛ տար. Վասն զի երկնքի թռչունը այդ ձայնը կը տանի Ու թեւաւորը խօսքը կը պատմէ։