ԺՈՂՈՎՈՂԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12


Գլուխ 11

Քու հացդ ջուրերու երեսին վրայ ձգէ, Վասն զի շատ օրերէն ետքը զանիկա պիտի գտնես։
2 Եօթնին եւ ութին ալ բաժին տուր, Վասն զի չես գիտեր թէ երկրի վրայ ի՛նչ պատուհաս պիտի գայ։
3 Եթէ ամպերը լեցուն ըլլան, Երկրի վրայ անձրեւ կը թափեն։ Երբ ծառ մը դէպի հարաւ կամ դէպի հիւսիս իյնայ, Այն ծառը ինկած տեղը կը մնայ։
4 Հովը դիտողը չի կրնար ցանել Եւ ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել։
5 Ինչպէս դուն հովին ճամբան ո՛րն ըլլալը Ու յղիին որովայնին մէջ ոսկորներուն ի՛նչպէս կազմուիլը չես գիտեր, Նոյնպէս ամենաստեղծ Աստուծոյն գործը չես գիտեր։
6 Առտուն քու սերմդ ցանէ Եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. Վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝ Ա՞յս թէ այն, Կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան։
7 Իրաւ որ լոյսը քաղցր է Ու արեւը տեսնելը աչքերու ախորժելի է։
8 Թէեւ մարդ մը շատ տարի ապրի Ու անոնց ամենուն մէջ ուրախանայ, Խաւարի օրերն ալ յիշելու է, Վասն զի անոնք շատ պիտի ըլլան։ Բոլոր գալիքը ունայնութիւն է։
9 Ո՛վ երիտասարդ, քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր Ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ Եւ քու սրտիդ ճամբաներովը Ու աչքերուդ նայուածքով քալէ. Բայց գիտցիր թէ ասոնց ամենուն համար Աստուած քեզ դատաստանի պիտի կանչէ։
10 Քու սրտէդ տրտմութիւնը վերցո՛ւր Ու մարմնէդ չարութիւնը հեռացո՛ւր, Վասն զի մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնն ալ ունայնութիւն են։