ԺՈՂՈՎՈՂԻ
Գլուխ 12
Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեան օրերուն մէջ յիշէ, Դեռ թշուառութեան օրերը չեկած Ու այն տարիները չհասած, Որոնց մէջ պիտի ըսես՝ «Անոնց չեմ հաւնիր»,
2 Արեւը, լոյսը, լուսինն ու աստղերը չխաւարած Ու անձրեւին ետեւէն ամպերը չդարձած։
3 Այն օրը որ տանը պահապանները պիտի դողան Ու զօրաւոր մարդիկը պիտի ծռին Եւ աղացողները քիչ մնալնուն համար պիտի դադարին Ու պատուհաններէն նայողները պիտի մթննան
4 Ու երբ աղօրիքին ձայնը տկարանայ, Փողոցներուն մէջ դռները պիտի գոցուին, Եւ թռչունի ձայնով պիտի արթննան Ու բոլոր երգող աղջիկները նկուն պիտի ըլլան։
5 Բարձրէն պիտի վախնան, Ճամբուն մէջ վախկոտ պիտի ըլլան։ Եւ նշենին պիտի ծաղկի Ու մարախը ծանրութիւն պիտի սեպուի Եւ ախորժակը պիտի դադարի. Վասն զի մարդ իր յաւիտենական տունը կ’երթայ Ու լացողները փողոցներուն մէջ պիտի շրջին։
6 Դեռ արծաթէ թելը չփրթած, Ոսկիէ բաժակը չկոտրած, Սափորը աղբիւրին քով չփշրուած Ու ջրհորին վրայի անիւը չկոտրուած։
7 Այն ատեն հողը երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուան եղածին պէս Ու հոգին Աստուծոյ պիտի դառնայ, որ զանիկա տուաւ։
8 Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը, Ամէն բան ունայնութիւն է։
9 Որչափ որ Ժողովողը իմաստուն էր, Այնչափ ալ ժողովուրդին գիտութիւն սորվեցուց։ Խորհելով ու քննելով Շատ առակներ շարադրեց։
10 Ժողովողը փնտռեց, որ ախորժելի խօսքեր գտնէ։ Գրուածը ուղիղ եւ ճշմարիտ խօսքեր են։
11 Իմաստուններուն խօսքերը խթաններու պէս են Ու ժողովներու տէրերէն գամուած բեւեռներու պէս՝ մէկ հովիւէ տրուած։
12 Վերջապէս, որդեա՛կ իմ, անոնցմէ խրատ ա՛ռ։ Շատ գիրք շինելը ծայր չունի Ու շատ կարդալը մարմինը կը յոգնեցնէ։
13 Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, Վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։
14 Քանզի Աստուած ամէն գործ, Ամէն ծածուկ բաներու հետ, Թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ։