ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 6

Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Իսրայէլի լեռներուն դարձուր ու անոնց վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛
3 Ու ըսէ՛. ‘Ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէք’։ Այսպէս կ’ըսէ Եհովան՝ Տէրը լեռներուն, բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն. ‘Ահա ես ձեր վրայ սուր պիտի բերեմ ու ձեր բարձր տեղերը պիտի կործանեմ
4 Եւ ձեր սեղանները աւերակ պիտի մնան ու ձեր արեգակի կուռքերը պիտի կոտրտին եւ ձեր մէջէն սպաննուածները ձեր կուռքերուն առջեւ ինկած պիտի ձգեմ։
5 Իսրայէլի որդիներուն դիակները իրենց կուռքերուն առջեւ պիտի դնեմ եւ ձեր ոսկորները ձեր սեղաններուն բոլորտիքը պիտի ցրուեմ։
6 Ձեր բոլոր բնակած տեղերուն մէջ քաղաքները աւերակ պիտի ըլլան ու բարձր տեղերը ամայի պիտի ըլլան. որպէս զի ձեր սեղանները աւերակ ու ամայի ըլլան եւ ձեր կուռքերը կոտրտին ու խափանուին եւ ձեր արեգակի կուռքերը կործանուին ու ձեր գործերը ջնջուին
7 Ու ձեր մէջ սպաննուածները պիտի իյնան եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։
8 «Բայց երբ դուք երկիրներու մէջ ցրուիք, ձեզմէ սուրէն ազատուածները ազգերուն մէջ իբր մնացորդ պիտի թողում։
9 Ձեր ազատուածները զիս պիտի յիշեն այն ազգերուն մէջ, ուր գերի պիտի քշուին, վասն զի իրենց շնացող ու ինծմէ խոտորած սրտովն ու իրենց կուռքերուն ետեւէն պոռնկութիւն ընող աչքերովը տանջուեցայ՝ ՝։ Անոնք իրենց բոլոր պղծութիւններուն եւ ըրած չարութիւններուն պատճառով իրենց անձերէն պիտի զզուին։
10 Ու պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ պարապ տեղ չխօսեցայ՝ թէ այս չարիքը անոնց պիտի ընեմ»։
11 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ձեռքերդ իրարու զա՛րկ ու ոտքդ գետինը զա՛րկ ու ըսէ՛. ‘Ափսո՜ս Իսրայէլի տանը բոլոր չար պղծութիւններուն համար, վասն զի սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի իյնան։
12 Հեռուն եղողը ժանտախտով պիտի մեռնի ու մօտ եղողը սուրով պիտի իյնայ։ Մնացածը ու պաշարման մէջ եղողը՝ ՝ սովով պիտի մեռնի։ Այսպէս իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ։
13 Երբ անոնց սպաննուածները իրենց կուռքերուն մէջտեղ, իրենց սեղաններուն բոլորտիքը, ամէն բարձր բլուրի վրայ, բոլոր լեռներուն գլուխն ու ամէն կանանչ ծառի տակ եւ ամէն տերեւախիտ բեւեկնիի տակ փռուած ըլլան, ուր անոնք իրենց բոլոր կուռքերուն անոյշ հոտ կը մատուցանէին, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։
14 Այսպէս իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի երկնցնեմ ու երկիրը, այսինքն անոնց բոլոր բնակած տեղերը, Դեբղայի կողմը եղող անապատէն աւելի ամայի ու աւերակ պիտի ընեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։