ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 3

Ձայնը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այդ տոմսը կե՛ր ու գնա՛ Իսրայէլի տանը խօսէ՛»։
2 Ես իմ բերանս բացի ու այն տոմսը ինծի կերցուց
3 Եւ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այս իմ քեզի տուած տոմսս փորդ ու աղիքներդ լեցուր»։ Ես զանիկա կերայ։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր։
4 Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, աղէ՜, Իսրայէլի տունը գնա՛ ու իմ խօսքերս անոնց ըսէ՛,
5 Վասն զի դուն դժուարիմաց խօսք եւ ծանր լեզու ունեցող ազգի մը չղրկուեցար, հապա Իսրայէլի տանը։
6 Դժուարիմաց խօսք ու ծանր լեզու ունեցող շատ ազգերու չէ, որոնց խօսքերը դուն չես հասկնար։ Յիրաւի եթէ քեզ անոնց ղրկէի, անոնք քեզի մտիկ պիտի ընէին։
7 Բայց Իսրայէլի տունը քեզի մտիկ ընել պիտի չուզեն, վասն զի չեն ուզեր ինծի մտիկ ընել, որովհետեւ բոլոր Իսրայէլի տունը պնդերես ու խստասիրտ է։
8 Ահա անոնց երեսին դէմ քու երեսդ պինդ ու անոնց ճակատին դէմ քու ճակատդ պինդ ըրի։
9 Քու ճակատդ վէմէն ամուր՝ ադամանդի պէս ըրի։ Անոնցմէ մի՛ վախնար ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր, թէեւ անոնք ապստամբներու տուն են»։
10 Ապա ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, իմ բոլոր խօսքերս որոնք քեզի պիտի յայտնեմ, սրտիդ մէջ ընդունէ՛ ու ականջներովդ լսէ՛
11 Եւ գնա՛ գերիներուն մէջ մտիր, քու ժողովուրդիդ որդիներուն մէջ ու անոնց խօսէ՛ եւ անոնց ըսէ՛. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’, մտիկ ընեն կամ զանց ընեն»։
12 Այն ատեն Հոգին զիս վերցուց ու ետեւէս մեծ երկրաշարժի ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Տէրոջը փառքը օրհնեալ ըլլայ’։
13 Կենդանիներու թեւերուն իրարու զարնուելուն ձայնն ու անոնց քովի անիւններուն ձայնը ու մեծ երկրաշարժի ձայնն էր, որ լսեցի։
14 Հոգին զիս վերցուց տարաւ ու ես իմ հոգիիս տաքութենէն դառնութեամբ գացի ու Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ զօրութեամբ։
15 Քոբար գետին քով բնակող Թելապիպի գերիներուն հասայ ու անոնց նստած տեղը նստայ։ Հոն եօթը օր անոնց մէջ ապշած նստայ։
16 Եօթը օր ետքը Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
17 «Որդի մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի։ Երբ որ իմ բերնէս խօսք մը լսես զանոնք իմ կողմէ զգուշացուր։
18 Երբ ամբարիշտին ըսեմ թէ ‘Անշուշտ պիտի մեռնի՛ս ու դուն զանիկա չզգուշացնես եւ չըսես որ ամբարիշտը ապրելու համար՝ իր չար ճամբայէն զգուշանայ, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։
19 Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը զգուշացնես ու անիկա իր ամբարշտութենէն եւ չար ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած կ’ըլլաս։
20 Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ եւ չարութիւն ընէ ու ես անոր առջեւ գայթակղութիւն դնեմ, որ անիկա մեռնի, զանիկա չզգուշացնելուդ համար անիկա իր մեղքին մէջ պիտի մեռնի եւ անոր ըրած արդարութիւնը պիտի չյիշուի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։
21 Իսկ եթէ դուն այն արդարը զգուշացնես, որպէս զի մեղք չգործէ ու եթէ անիկա մեղք չգործէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի խրատ մտիկ ընելուն համար ու դուն քու հոգիդ ազատած պիտի ըլլաս’»։
22 Հոն Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու ինծի ըսաւ. «Ե՛լ, դա՛շտը գնա ու հոն քեզի հետ պիտի խօսիմ»։
23 Ես ելայ, դաշտը գացի եւ ահա հոն կայներ էր Տէրոջը փառքը՝ Քոբար գետին քով տեսնուած փառքին պէս ու ես երեսիս վրայ ինկայ։
24 Հոգին իմ վրաս եկաւ ու զիս ոտքի կանգնեցուց եւ ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Գնա՛, տունդ պահուըտէ
25 Ու դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, ահա քու վրադ կապեր պիտի դնեն, անոնցմով քեզ պիտի կապեն, որպէս զի չկարենաս մարդոց մէջ ելլել։
26 Քու լեզուդ քու քիմքիդ պիտի փակցնեմ ու համր պիտի ըլլաս եւ պիտի չկրնաս զանոնք յանդիմանել, վասն զի անոնք ապստմաբներու տուն են։
27 Բայց երբ ես քեզի հետ խօսիմ, քու բերանդ պիտի բանամ ու անոնց պիտի ըսես. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’։ Լսողը թող լսէ ու զանց ընողը թող զանց ընէ. վասն զի անոնք ապստամբներու տուն են»։