ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 31

Տասնըմէկերորդ տարուան, երրորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ու անոր ժողովուրդին ըսէ՛. ‘Դուն քու մեծութիւնովդ որո՞ւ կը նմանիս’։
3 Ահա Ասորեստանցին Լիբանանի մէջ եղող եղեւինի մը պէս էր, անոր ոստերը գեղեցիկ ու տերեւախիտ ճիւղերը հովանի էին ու հասակը բարձր էր եւ անոր գլուխը խիտ ճիւղերու՝ ՝ մէջ էր։
4 Ջուրերը զանիկա մեծցուցին, անդունդները զանիկա բարձրացուցին, իրենց գետերը անոր տնկուած տեղին բոլորտիքը կը պտըտէին ու իրենց վտակները դաշտին բոլոր ծառերուն կը ղրկէին։
5 Այս պատճառով անոր հասակը դաշտին բոլոր ծառերէն բարձր եղաւ ու տարածուելով՝ ջուրերուն շատութենէն անոր ոստերը շատցան եւ ճիւղերը երկնցան։
6 Անոր ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները բոյն կը շինէին ու ճիւղերուն տակ դաշտի բոլոր գազանները կը ծնանէին։ Անոր հովանիին տակ բոլոր մեծ ազգերը կը բնակէին։
7 Իր մեծութիւնովը ու ճիւղերուն երկայնութիւնովը գեղեցիկ էր, վասն զի անոր արմատը շատ ջուրերու քով էր։
8 Աստուծոյ դրախտին եղեւինները զանիկա չէին ծածկեր, մայրի ծառերը անոր ոստերուն չէին նմանիր ու սօսիները անոր շառաւիղներուն պէս չէին. Աստուծոյ դրախտին մէջ բնաւ ծառ մը գեղեցկութեամբ անոր նման չէր։
9 Իր ոստերուն շատութիւնովը գեղեցիկ էր ու Աստուծոյ դրախտին մէջ եղող Եդեմի բոլոր ծառերը անոր կը նախանձէին։
10 Ասոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ հասակով բարձրացաւ ու գլուխը ամպերու հասցուց, իր սիրտը իր բարձրութիւնովը հպարտացաւ։
11 Ես ալ զանիկա ազգերու մէջ զօրաւոր մէկուն ձեռքը տուի, որ անշուշտ անոր հատուցում պիտի ընէ։ Զանիկա վռնտեցի։
12 Ու օտարները, ազգերուն բռնաւորները, զանիկա կտրեցին եւ զանիկա թողուցին։ Անոր ճիւղերը լեռներու վրայ ու հովիտներու մէջ ինկան։ Անոր ճիւղերը երկրի բոլոր ձորերուն մէջ կոտրտեցան ու երկրի բոլոր ժողովուրդները անոր հովանիէն հեռացան ու զանիկա թողուցին։
13 Անոր ինկած ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները պիտի բնակին եւ անոր ճիւղերուն վրայ դաշտի գազանները պիտի կենան։
14 Ջրասուն ծառերը բնաւ իրենց հասակին վրայ պիտի չհպարտանան եւ իրենց գլուխը խիտ ճիւղերու մէջ պիտի չվերցնեն։ Բոլոր ջուրով ոռոգուածները անոնց հպարտութեանը համար անոնց պիտի չյարին. վասն զի ամէնքը գետնին տակերը մահուան ձեռքը տրուած են՝ գուբը իջնող մարդոց որդիներուն մէջ»։
15 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Գերեզմանը իջած օրը՝ սուգ բռնել տուի, անոր համար անդունդը ծածկեցի ու անոր գետերը արգիլեցի։ Շատ ջուրեր արգիլուեցան ու անոր համար Լիբանանը սուգ բռնեց եւ անոր համար դաշտի բոլոր ծառերը թառամեցան։
16 Երբ զանիկա գուբը իջնողներուն հետ գերեզմանը իջեցուցի, անոր կործանումին ձայնէն ազգերը դողացուցի։ Եդեմի բոլոր ծառերը, Լիբանանի ընտիր ու գեղեցիկ ծառերը եւ ջուրով ոռոգուածները, սանդարամետ իջնողները մխիթարուեցան։
17 Անոնք ալ անոր հետ՝ սուրով սպաննուածներուն քով գերեզմանը իջան, նաեւ անոր բազուկը եղողները, որոնք անոր հովանիին տակ՝ ազգերուն մէջ կը նստէին։
18 Դուն այսպիսի փառքով ու մեծութեամբ որո՞ւ կը նմանիս Եդեմի ծառերուն մէջ։ Դուն Եդեմի ծառերուն հետ գետնին տակ պիտի նետուիս ու սուրով սպաննուածներուն հետ անթլփատներուն մէջ պիտի պառկիս։ Փարաւոն ու անոր բոլոր ժողովուրդը այսպէս պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէր Եհովան։