ԵԶԵԿԻԷԼԻ
Գլուխ 13
Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Որդի՛ մարդոյ, մարգարէութիւն ընող Իսրայէլի մարգարէներուն դէմ մարգարէացի՛ր Ու իրենց սրտէն մարգարէութիւն ընողներուն ըսէ՛. ‘Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք,
3 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. Վա՜յ անզգամ մարգարէներուն, Որոնք իրենց հոգիին ետեւէն կ’երթան Ու բան մը տեսած չեն’։
4 Քու մարգարէներդ, ո՛վ Իսրայէլ, Աւերակներու մէջ եղող աղուէսներու պէս եղան։
5 Խրամատը չելաք, Տէրոջը օրը պատերազմի մէջ հաստատ կենալու համար։ Իսրայէլի տունը պարսպով չպատեցիք։
6 Անոնք ունայն տեսիլք եւ սուտ գուշակութիւն կը տեսնեն Եւ կ’ըսեն թէ ‘Տէրը ըսաւ’, Թէեւ Տէրը զանոնք ղրկած չէ։ Եւ յոյս կու տան թէ իրենց խօսքը պիտի կատարուի։
7 Միթէ դուք ունայն տեսիլքներ չտեսա՞ք Եւ սուտ գուշակութիւններ չըրի՞ք Ու չըսի՞ք թէ ‘Տէրը խօսեցաւ’, Երբ ես խօսած չէի»։
8 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր խօսքին ունայն Ու ձեր տեսիլքին սուտ ըլլալուն համար՝ Ահա ես ձեզի դէմ էմ»։
9 «Իմ ձեռքս ունայն տեսիլք տեսնող Եւ սուտ գուշակութիւն ընող մարգարէներուն դէմ պիտի ըլլայ։ Անոնք իմ ժողովուրդիս խորհուրդին մէջ պիտի չըլլան, Իսրայէլի տանը գրքին մէջ պիտի չգրուին, Իսրայէլի երկիրը պիտի չմտնեն Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան։
10 Որովհետեւ անոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն Եւ ‘Խաղաղութիւն է’՝ կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ Ու ժողովուրդը պատ կը շինէ Եւ գուշակողները կիրով կը ծեփեն զանիկա։
11 Այն կիրով ծեփողներուն ըսէ թէ ‘Անիկա պիտի փլչի’. Յորդահոս անձրեւ պիտի գայ Եւ դուք, ո՛վ կարկուտի քարեր, պիտի իյնաք Ու զանիկա մրրկալից հովը պիտի ճեղքէ։
12 Երբ պատը փլչի, Ձեզի պիտի չըսե՞ն թէ ‘Ո՞ւր է այն ծեփը, որով դուք ծեփեցիք’,
13 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իմ սրտմտութիւնովս մրրկալից հով մը պիտի հանեմ Եւ իմ բարկութիւնովս՝ յորդահոս անձրեւ Ու սրտմտութիւնովս կարկուտի քարեր պիտի գան, Որպէս զի զանիկա բնաջինջ ընեն։
14 Կիրով ծեփուած պատերնիդ պիտի փլցնեմ, Զանիկա գետնին հաւասար պիտի ընեմ. Անոր հիմը պիտի երեւնայ եւ անիկա պիտի իյնայ, Դուք անոր մէջ բնաջինջ պիտի ըլլաք Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։
15 Եւ ես իմ սրտմտութիւնս պատին վրայ Ու զանիկա կիրով ծեփողներուն վրայ պիտի թափեմ Ու ձեզի պիտի ըսեմ, ‘Պատը ու զանիկա ծեփողները ոչինչ եղան’,
16 Այսինքն Իսրայէլի մարգարէները, Որոնք Երուսաղէմի համար մարգարէութիւն կ’ընէին Եւ անոր վրայով խաղաղութեան տեսիլքներ կը տեսնէին, Քանի որ խաղաղութիւն չկար»։
17 «Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, երեսդ շտկէ՛ քու ժողովուրդիդ աղջիկներուն դէմ, որոնք իրենց սրտէն մարգարէութիւն կ’ընեն ու անոնց համար մարգարէացիր
18 Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Վա՜յ այն կիներուն, որոնք ամէն թեւերու տակ մոգական բարձ կը կարեն եւ ամէն հասակի մարդոց գլուխներուն լաչակներ կը շինեն, որպէս զի հոգիներ որսան’։ Միթէ դուք իմ ժողովուրդիս հոգիները որսալով ձեր հոգիները պիտի ապրեցնէ՞ք։
19 Ժողովուրդին առջեւ զիս կ’անարգէք բուռ մը գարիի եւ պատառ մը հացի համար։ Կը մեռցնէք անձեր, որոնք մահապարտ չէին։ Կ’ապրեցնէիք անձեր, որոնք ապրելու չէին։ Իմ ժողովուրդիս առջեւ սուտ կը խօսիք, որը կ’ախորժի սնոտաբանութիւն լսելէ’։
20 Ատոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր բարձերուն դէմ եմ, որոնցմով դուք հոգիները կ’որսաք թռչուններու պէս եւ զանոնք ձեր թեւերէն պիտի պատռեմ ու այն հոգիները պիտի արձակեմ, որոնք դուք կ՛որսաք թռչուններու պէս՝ ՝
21 Եւ ձեր լաչակները պիտի պատռեմ ու իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ ու անգամ մըն ալ ձեր ձեռքին մէջ որս պիտի չըլլան ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’։
22 Վասն զի դուք արդարին սիրտը ձեր սուտերովը տրտմեցուցիք, որ ես չէի տրտմեցուցած ու ամբարշտին ձեռքը ուժովցուցիք, որպէս զի չար ճամբայէն չդառնայ ու ապրի։
23 Անոր համար անգամ մըն ալ ունայն տեսիլք պիտի չտեսնէք եւ գուշակութիւն պիտի չընէք ու իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։