ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 23

Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Որդի՛ մարդոյ, երկու կիներ կային մէկ մօր աղջիկներ։
3 Անոնք Եգիպտոսի մէջ պոռնկութիւն ըրին, իրենց մանկութեան ատենը պոռնկութիւն ըրին։ Անոնց ծիծերը հոն ճնշուեցան ու անոնց կուսութեան ստինքները հոն շօշափուեցան։
4 Անոնց անունները՝ մեծինը Ոողա ու անոր քրոջը՝ Ոողիբա էր։ Անոնք իմս եղան եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնան։ Անոնց անունները՝ Ոողա Սամարիա է ու Ոողիբա Երուսաղէմ է։
5 «Ոողա քանի որ իմս էր, պոռնկութիւն ըրաւ, իր տարփածուներուն սիրահարեցաւ, այսինքն Ասորեստանցի դրացիներուն,
6 Կապուտակ հագնող կուսակալներուն ու նախարարներուն, ձի հեծնող ձիաւորներուն՝ որոնք շնորհալի երիտասարդներ էին։
7 Անիկա պոռնկութիւն ըրաւ անոնց հետ, այսինքն Ասորեստանի ընտիր որդիներուն հետ, նաեւ այն ամենուն հետ՝ որոնց սիրահարեցաւ ու անոնց ամէն կուռքերովը պղծուեցաւ։
8 Եգիպտոսէն բերած պոռնկութիւնները չթողուց. վասն զի անոր մանկութեան ատեն անոր հետ պառկեր էին։ Անոր կուսութեան ստինքները շօշափեր էին ու իրենց պոռնկութիւնը անոր վրայ թափեր էին։
9 Անոր համար զանիկա ձեռքը տուի, Ասորեստանի որդիներուն ձեռքը, որոնց սիրահարած էր։
10 Անոնք անոր մերկութիւնը յայտնեցին, անոր տղաքներն ու աղջիկները առին ու զանիկա սուրով մեռցուցին. այսպէս անիկա կիներուն մէջ անուանի եղաւ եւ զայն պատժեցին։
11 «Երբ անոր քոյրը Ոողիբա տեսաւ, իր սիրահարելովը անկէ աւելի ապականեցաւ եւ իր պոռնկութիւնները իր քրոջը պոռնկութիւններէն աւելի շատցուց։
12 Իր դրացիներուն սիրահարեցաւ, այսինքն Ասորեստանի որդիներուն, շքեղութեամբ հագուած կուսակալներուն ու նախարարներուն, ձիաւորներուն, որոնք շնորհալի երիտասարդներ էին։
13 Տեսայ թէ պղծուեցաւ ու երկուքին ալ ճամբան մէկ եղաւ։
14 Իր պոռնկութիւնները աւելցուց, քանզի երբ պատի վրայ նկարուած մարդիկ, նօթով նկարուած Քաղդէացիներուն պատկերները տեսաւ,
15 Որոնք մէջքերնին գօտի կապած էին եւ իրենց գլուխներուն վրայ ներկուած խոյրեր՝ ՝ ունէին ու բոլոր իշխաններու կերպարանքով էին, իրենց ծննդեան երկրին Բաբելոնի որդիներուն, Քաղդէացիներուն նման,
16 Զանոնք տեսածին պէս անոնց սիրահարեցաւ եւ անոնց՝ Քաղդէացիներուն երկիրը դեսպաններ ղրկեց։
17 Բաբելոնի որդիները անոր հետ սիրոյ անկողինը մտան եւ զանիկա իրենց պոռնկութիւններով պղծեցին ու անիկա անոնց հետ պղծուեցաւ ու ետքը անոր հոգին անոնցմէ զատուեցաւ։
18 Եւ իր պոռնկութիւնները յայտնեց ու իր մերկութիւնը բացաւ. ուստի իմ հոգիս անկէ զատուեցաւ, ինչպէս անոր քրոջմէն զատուեր էր։
19 Այսպէս անիկա իր պոռնկութիւնները շատցուց, յիշելով իր մանկութեան օրերը՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ շնութիւն ըրած ժամանակը
20 Ու սիրահարեցաւ անոնց տարփածուներուն, որոնց մարմինը էշերու մարմին էր ու անոնց զօրութիւնը ձիերու զօրութիւն էր։
21 Դուն նորէն քու մանկութեանդ պղծագործութիւնը ձեռք առիր, որ մանկութեանդ ծիծերուն ճնշուելովը՝ ստինքներդ Եգիպտացիներէն շօշափուեցան»։
22 «Անոր համար, ո՛վ Ոողիբա, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քու վրադ պիտի գրգռեմ քու տարփածուներդ, որոնցմէ քու հոգիդ զատուեցաւ ու զանոնք ամէն կողմէն քու վրադ պիտի բերեմ,
23 Բաբելոնի որդիները ու բոլոր Քաղդէացիները, Փակուդը, Սուէն ու Կուէն՝ ՝ եւ անոնց հետ Ասորեստանի բոլոր որդիները, ամէնքը շնորհալի երիտասարդներ, կուսակալներ ու նախարարներ, բոլորը ձի հեծնող զօրագլուխներ ու անուանի մարդիկ։
24 Անոնք զէնքերով, կառքերով ու անիւներով ու ժողովուրդներու բազմութիւնով քու վրադ պիտի գան եւ ամէն կողմէ քեզի դէմ վահան, ասպար ու սաղաւարտ պիտի դնեն եւ դատը անոնց ձեռքը պիտի տամ ու քեզ իրենց օրէնքներովը պիտի դատեն։
25 Իմ նախանձս քեզի դէմ պիտի դնեմ, որ քեզի հետ բարկութեամբ վարուին։ Քու քիթդ ու ականջներդ պիտի կտրեն եւ քու մնացորդդ սուրով պիտի իյնայ։ Անոնք քու տղաքներդ ու աղջիկներդ պիտի առնեն ու քու մնացորդդ կրակով պիտի այրեն։
26 Քու հանդերձներէդ քեզ պիտի մերկացնեն ու քու թանկագին զարդերդ պիտի առնեն։
27 Քեզմէ պիտի դադրեցնեմ քու պղծագործութիւնդ ու քու պոռնկութիւններդ, որոնք Եգիպտոսէն բերիր, որ աչքերդ անոնց չվերցնես ու անգամ մըն ալ Եգիպտոսը չյիշես»։
28 Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քեզ պիտի մատնեմ անոնց ձեռքը, որոնք դուն ատեցիր եւ անոնց ձեռքը որոնցմէ քու հոգիդ զատուեցաւ։
29 Անոնք քեզի հետ ատելութեամբ պիտի վարուին ու քու բոլոր վաստակդ պիտի առնեն եւ քեզ մերկ ու անծածկոյթ պիտի թողուն ու քու պոռնկութիւններուդ մերկութիւնը, քու ամբարշտութիւնդ ու պոռնկութիւնդ պիտի յայտնուին։
30 Ազգերուն հետեւելով պոռնկութիւն ընելուդ համար եւ անոնց կուռքերովը պղծուելուդ համար՝ այս բաները քեզի պիտի ընեմ։
31 Դուն քու քրոջդ ճամբան գացիր, ես ալ անոր բաժակը քու ձեռքդ պիտի տամ»։
32 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Դուն քու քրոջդ խորունկ ու լայն բաժակը պիտի խմես, խաղք ու խայտառակ պիտի ըլլաս, այն՝ բաժակը շատ բան կ’առնէ։
33 Դուն արբեցութեամբ ու տրտմութեամբ պիտի լեցուիս։ Ապշութեան ու զարմացման բաժակ մըն է քու քրոջդ Սամարիային բաժակը։
34 Դուն զանիկա պիտի խմես ու պիտի քամես եւ անոր կտորները պիտի լզես ու ստինքներդ պիտի պատռտես, քանզի ես խօսեցայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
35 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Զիս մոռնալուդ ու կռնակիդ ետեւը նետելուդ համար, դուն ալ քու պղծութիւնդ ու պոռնկութիւններդ պիտի կրես’»։
36 Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Ոողայի ու Ոողիբայի դատը պիտի տեսնե՞ս։ Ուրեմն անոնց պղծութիւնները իրենց յայտնէ՛։
37 Վասն զի շնութիւն ըրին ու ձեռքերնուն մէջ արիւն կայ եւ իրենց կուռքերովը շնութիւն ըրին ու իրենց ինծի ծնած տղաքն ալ կրակէ անցուցին, որպէս զի անոնց կերակուր ըլլան։
38 Նոյն օրը իմ սրբարանս մաքրեցին ու իմ շաբաթներս պղծեցին։
39 Վասն զի երբ իրենց տղաքը իրենց կուռքերուն զոհեցին, նոյն օրը իմ սրբարանս մտան, որպէս զի զանիկա պղծեն եւ ահա իմ տանս մէջ նոյնպէս ըրին։
40 Նաեւ հեռուէն գալիք մարդոց լուր ղրկեցին, որոնք պատգամաւորներ ղրկուելուն պէս, եկան։ Դուն անոնց համար լուացուեցար ու աչքերուդ վրայ ծարոյր դրիր ու զարդերով զարդարուեցար
41 Եւ պատուական բազմոցի վրայ նստեցար, որուն առջեւ պատրաստուած սեղան կար եւ իմ խունկս ու իւղս անոր վրայ դրիր։
42 Ու հոն ուրախութիւն ընող բազմութեան ձայն կը լսուէր ու այն բազմաթիւ մարդոցմէ զատ անապատէն գինեմոլ մարդիկ բերուեցան, որոնք իրենց ձեռքերը ապարանջաններ ու գլուխները թանկագին թագեր դրած էին։
43 «Շնութեան մէջ ծերացածին համար ըսի. ‘Հիմա ալ ասոր հետ պոռնկութիւն պիտի ընե՞ն’։
44 Անոր քով կը մտնէին. ինչպէս պոռնիկ կնոջ քով կը մտնեն, այնպէս ալ Ոողայի ու Ոողիբայի, այն անպարկեշտ կիներուն քով կը մտնէին.
45 Բայց արդար մարդիկ շնացող կիներուն դատաստանովը ու արիւն թափող կիներուն դատաստանովը պիտի դատեն զանոնք. վասն զի անոնք շնացող կիներ են ու անոնց ձեռքերուն մէջ արիւն կայ»։
46 Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Անոնց դէմ խռովութիւն պիտի հանեմ եւ զանոնք նեղութեան ու հափշտակութեան պիտի մատնեմ։
47 Ժողովուրդը զանոնք պիտի քարկոծեն եւ իրենց սուրերովը պիտի կտրտեն. անոնց տղաքներն ու աղջիկները պիտի մեռցնեն, անոնց տուները կրակով պիտի այրեն։
48 Ասով երկրէն պղծագործութիւնը պիտի վերցնեն, որպէս զի ամէն կին խրատուի ու ձեր պղծութեանը պէս չընէ։ 49Եւ ձեր պղծութիւնը ձեր վրայ պիտի դնեն ու դուք ձեր կուռքերուն մեղքերը պիտի կրէք ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան»։