ԵԶԵԿԻԷԼԻ
Գլուխ 4
«Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի աղիւս մը ա՛ռ ու զանիկա առջեւդ դի՛ր։ Անոր վրայ քաղաք մը, այսինքն Երուսաղէմը, նկարէ՛։
2 Անոր բոլորտիքը պաշարում դի՛ր եւ անոր դէմ մարտկոց շինէ՛ ու անոր դէմ պատնէշ կանգնեցո՛ւր եւ անոր դէմ բանակ կազմէ՛ ու անոր բոլորտիքը պատերազմական մեքենաներ՝ ՝ դի՛ր։
3 Եւ դուն քեզի երկաթէ տապակ մը ա՛ռ ու զանիկա քու եւ քաղաքին մէջտեղ երկաթէ պարիսպի պէս դի՛ր ու քու երեսդ անոր դէմ շտկէ, որ անիկա պաշարուի ու զանիկա պաշարէ։ Ասիկա Իսրայէլի տանը համար նշան ըլլայ»։
4 «Ապա դուն քու ձախ կողմիդ վրայ պառկէ՛ ու անոր վրայ դի՛ր Իսրայէլի տանը անօրէնութիւնը։ Անոր վրայ պառկած օրերուդ թիւովը անոնց անօրէնութիւնը պիտի կրես,
5 Քանզի ես անոնց անօրէնութեանը տարիները՝ օրերու թիւով քու վրադ դրի, երեք հարիւր իննիսուն օր, որպէս զի Իսրայէլի տանը անօրէնութիւնը կրես։
6 Երբ այն օրերը լմնցնես, պառկիր քու աջ կողմիդ վրայ ու քառասուն օր Յուդայի տանը անօրէնութիւնը կրէ՛։ Ամէն մէկ տարիին տեղ մէկ օր տուի քեզի։
7 Քու երեսդ դէպի Երուսաղէմի պաշարումը շտկէ ու քու բազուկդ մերկացո՛ւր ու անոր վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛։
8 Ահա քու վրադ կապեր պիտի դնեմ, որպէս զի մէկ կողմէդ միւս կողմը չդառնաս, մինչեւ քու պաշարման օրերդ լմնցնես»։
9 Դուն քեզի ցորեն, գարի, բակլայ, ոսպ, կորեկ ու հաճար ա՛ռ։ Զանոնք ամանի մը մէջ դիր ու անոնցմէ քեզի հաց շինէ՛։ Զանիկա, քու ձախ կողմիդ վրայ պառկած օրերուդ համրանքովը՝ երեք հարիւր իննսուն օր ուտես։
10 Ուտելու կերակուրդ կշիռքով ըլլայ, օրը քսան սիկղ։ Օրը մէկ անգամ պիտի ուտես։
11 Ջուրը չափով, հիմենի մը մէկ վեցերորդ մասը պիտի խմես։ Օրը մէկ անգամ պիտի խմես։
12 Քու կերակուրդ գարեղէն շօթերու պէս շինելով պիտի ուտես, զանիկա անոնց աչքին առջեւ մարդու աղբի վրայ եփելով»։
13 Տէրը ըսաւ. «Իսրայէլի որդիները այսպէս անմաքրութեամբ պիտի ուտեն իրենց հացը այն ազգերուն մէջ, ուր զանոնք պիտի քշեմ»։
14 Ես ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա իմ անձս չեմ պղծած եւ իմ տղայութենէս մինչեւ հիմա մեռած, կամ գազանէ պատառուած կենդանիի միս չեմ կերած ու իմ բերանս պիղծ միս չէ մտած»։
15 Ինծի ըսաւ. «Նայէ՛, քեզի մարդու աղբին տեղ կովու քակոր տուի, որ քու հացդ անոր վրայ եփես.։
16 Նաեւ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ահա ես Երուսաղէմի մէջ հացին ցուպը պիտի կոտրեմ ու հացը կշիռքով ու անձկութեամբ պիտի ուտեն ու ջուրը չափով եւ ապշութեամբ պիտի խմեն։
17 Վասն զի հացի ու ջուրի կարօտութիւն պիտի քաշեն ու իրարու սոսկումով պիտի նային եւ իրենց անօրէնութիւնովը պիտի հալին»։