ԵԶԵԿԻԷԼԻ
Գլուխ 18
Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Ի՞նչ իմաստ ունի այն առածը, որ դուք Իսրայէլի երկրին մէջ ըսիք՝ ‘Հայրերը ազոխ կերան ու որդիներուն ակռաները առին’։
3 Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ Իսրայէլի մէջ այս առածը անգամ մըն ալ պիտի չըսէք։
4 Ահա բոլոր հոգիները իմս են. ինչպէս հօրը հոգին՝ նոյնպէս որդիին հոգին իմս է։ Այն անձը, որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։
5 Իսկ եթէ մարդ մը արդար ըլլայ, իրաւունք ու արդարութիւն ընէ,
6 Լեռներու վրայ չուտէ ու աչքերը դէպի Իսրայէլի տանը կուռքերը չվերցնէ ու իր դրացիին կինը չպղծէ եւ իր դաշտանին մէջ եղող կնոջ չմօտենայ
7 Ու մարդո՛ւ մը զրկանք չընէ ու պարտականին գրաւը ետ տայ, բռնութեամբ բան մը չյափշտակէ եւ իր հացը անօթիին տայ ու մերկը հանդերձով ծածկէ,
8 Ստակը վաշխով չտայ ու տոկոս չառնէ, իր ձեռքը անօրէնութենէ ետ պահէ, երկու մարդու մէջ ուղիղ դատաստան տեսնէ,
9 Ճշմարտութիւն ընելով՝ իմ օրէնքներուս մէջ քալէ ու իմ իրաւունքներս պահէ. անիկա արդար է, անշո՛ւշտ պիտի ապրի», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
10 «Բայց եթէ անիկա անիրաւ ու արիւնահեղ որդի մը ծնանի, որ ասոնց պէս բան մը չընէ,
11 Այսինքն՝ եթէ անիկա այն ամէն աղէկ բաները չընէ, հապա լեռներու վրայ ուտէ ու իր դրացիին կինը պղծէ,
12 Աղքատին ու տնանկին զրկանք ընէ, բռնութեամբ բան մը յափշտակէ, գրաւը ետ չտայ ու իր աչքերը կուռքերուն վերցնելով՝ պղծութիւն գործէ,
13 Վաշխով ստակ տայ ու տոկոս առնէ. անիկա պիտի ապրի՞։ Ո՛չ, պիտի չապրի. անիկա այս բոլոր գարշութիւնները ընելուն համար՝ անշո՛ւշտ պիտի մեռնի. անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ»։
14 «Եթէ անիկա որդի ծնանի ու անիկա իր հօրը ըրած բոլոր մեղքերը տեսնելով՝ վախնայ ու անոնց պէս չընէ,
15 Լեռներու վրայ չուտէ ու իր աչքերը դէպի Իսրայէլի տանը կուռքերը չվերցնէ, իր դրացիին կինը չպղծէ
16 Եւ մարդո՛ւ մը զրկանք չընէ, գրաւը չպահէ ու բռնութեամբ բան մը չյափաշտակէ, իր հացը անօթիին տայ ու մերկը հանդերձով ծածկէ,
17 Աղքատին անիրաւութիւն ընելէն իր ձեռքը ետ քաշէ, վաշխ ու տոկոս չառնէ, իմ դատաստաններս գործադրէ ու իմ օրէնքներուս մէջ քալէ. անիկա իր հօրը անօրէնութեանը համար պիտի չմեռնի, անիկա անշո՛ւշտ պիտի ապրի։
18 Բայց անոր հայրը, քանի որ զրկանք ըրաւ ու իր եղբօրմէն բռնութեամբ բան մը յափշտակեց եւ աղէկ չեղածը ըրաւ իր ժողովուրդին մէջ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի»։
19 «Դուք կ’ըսէք թէ ‘Ինչո՞ւ համար որդին իր հօրը անօրէնութիւնը չի կրեր’։ Որովհետեւ որդին իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ եւ իմ բոլոր օրէնքներս պահեց ու զանոնք գործադրեց, անշուշտ պիտի ապրի։
20 Այն անձը որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։ Որդին հօրը անօրէնութիւնը պիտի չկրէ ու հայրը որդիին անօրէնութիւնը պիտի չկրէ։ Արդարին արդարութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ։
21 Եթէ ամբարիշտը իր գործած բոլոր մեղքերէն դառնայ ու իմ բոլոր օրէնքներս պահէ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։
22 Անոր ըրած բոլոր յանցանքները պիտի չյիշուին, հապա անիկա իր ըրած արդարութիւնովը պիտի ապրի։
23 Միթէ ես ամբարշտին մեռնիլը կ’ուզե՞մ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Չէ՞ որ ես կ’ուզեմ որ անիկա իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։
24 Բայց եթէ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու ամբարշտին ըրած բոլոր գարշութիւններուն պէս անօրէնութիւն ընէ, պիտի ապրի՞։ Անոր ըրած արդար գործերէն մէկը պիտի չյիշուի. անիկա իր ըրած յանցանքին ու գործած մեղքին համար պիտի մեռնի»։
25 «Դուք կ’ըսէք թէ՝ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Հիմա մտիկ ըրէք, ո՛վ Իսրայէլի տուն, միթէ ի՞մ ճամբաս ուղիղ չէ։
26 Չէ՞ որ ձեր ճամբան ուղիղ չէ։ Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու անօրէնութիւն ընէ եւ անոր մէջ մեռնի, անիկա իր ըրած անօրէնութեանը համար կը մեռնի։
27 Երբ ամբարիշտը իր ըրած ամբարշտութենէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա իր անձը պիտի ապրեցնէ։
28 Որովհետեւ անիկա արթնցաւ ու իր բոլոր յանցանքներէն ետ դարձաւ, ուստի անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի»։
29 «Բայց Իսրայէլի տունը կ’ըսէ թէ՝ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Ո՛վ Իսրայէլի տուն, միթէ ի՞մ ճամբաներս ուղիղ չեն։ Չէ՞ որ ձեր ճամբաները ուղիղ չեն։
30 Անոր համար, ո՛վ Իսրայէլի տուն, ձեզմէ ամէն մէկը իր ճամբաներուն համեմատ պիտի դատեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Դարձի եկէ՛ք ու ձեր բոլոր յանցանքներէն ետ դարձէ՛ք, որպէս զի անօրէնութիւնը ձեր կորուստին պատճառ՝ ՝ չըլլայ։
31 Ձեր ըրած բոլոր յանցանքները ձեր վրայէն նետեցէ՛ք եւ ձեզի նոր սիրտ ու նոր հոգի ստացէք։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։
32 Վասն զի մեռնողին մեռնիլը չեմ ուզեր, կ’ըսէ Տէր Եհովան, ուստի դարձէ՛ք ու ապրեցէ՛ք»։