ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 14

Իսրայէլի ծերերէն քանի մը մարդիկ ինծի եկան ու իմ առջեւս նստան։
2 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
3 «Որդի՛ մարդոյ, այդ մարդիկը իրենց կուռքերը իրենց սրտերուն մէջ կանգնեցուցին ու իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իրենց երեսներուն առջեւ դրին. միթէ անոնց պատասխան պիտի տա՞մ՝ ՝։
4 Ուստի անոնց հետ խօսէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլի տունէն ով որ իր կուռքերը իր սրտին մէջ կանգնեցնէ ու իր անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իր երեսին առջեւ դնէ ու մարգարէին գայ, այն եկողին՝ ես Տէրս անոր կուռքերուն շատութեանը համաձայն պատասխան պիտի տամ
5 Որպէս զի Իսրայէլի տունը իրենց սրտերէն բռնեմ, վասն զի անոնք իրենց կուռքերով ինծմէ օտարացան’»։
6 «Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դարձէ՛ք ու ձեր կուռքերէն ձեզ դարձուցէք եւ ձեր պղծութիւններէն երեսնիդ դարձուցէք’։
7 Քանզի Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէլի մէջ պանդուխտ եղող օտարականներէն ով որ ինծմէ զատուի եւ իր կուռքերը իր սրտին մէջ կանգնեցնէ ու իր անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իր երեսին առջեւ դնէ եւ մարգարէին գայ՝ անոր միջոցով ինծի հարցնելու համար, ես Տէրս ինծմէ պատասխան պիտի տամ անոր
8 Ու իմ երեսս այն մարդուն վրայ պիտի հաստատեմ եւ զանիկա պիտի խայտառակեմ ու զանիկա իմ ժողովուրդիս մէջէն բնաջինջ պիտի ընեմ, որ գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։
9 «Եթէ մարգարէ մը սխալելով բան մը խօսի, այն մարգարէն ես Տէրս սխալեցուցի ու իմ ձեռքս անոր վրայ պիտի երկնցնեմ եւ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջէն զանիկա պիտի կորսնցնեմ։
10 Անոնք իրենց պատիժը պիտի կրեն, բան հարցնողին պատիժը ու մարգարէին պատիժը նոյնը պիտի ըլլայ.
11 Որպէս զի Իսրայէլի տունը անգամ մըն ալ ինծմէ չխոտորի ու անգամ մըն ալ իրենց յանցանքներով չպղծուին, հապա անոնք ինծի ժողովուրդ ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած ըլլամ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
12 Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
13 «Որդի՛ մարդոյ, եթէ երկիր մը անհաւատարմութիւն ընելով ինծի դէմ մեղանչէ ու ես անոր վրայ իմ ձեռքս երկնցնեմ ու անոր հացին ցուպը կոտրեմ եւ անոր վրայ սով ղրկեմ ու մարդը եւ անասունը անկէ կոտորեմ։
14 Եթէ այս երեք մարդիկը, Նոյը, Դանիէլը ու Յոբն ալ անոր մէջ ըլլան, անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց հոգին պիտի ազատեն»։
15 «Եթէ երկրին վրայ չար գազաններ բերեմ, որոնք զանիկա անզաւակ թողուն ու երկիրը ամայի ըլլայ, այնպէս որ գազաններուն պատճառով անկէ անցնող չըլլայ.
16 Եթէ այն երեք մարդիկն ալ անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղաքներն ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել. միայն իրենք պիտի ազատին ու երկիրը ամայի պիտի ըլլայ։
17 «Կամ եթէ այն երկրին վրայ սուր բերեմ եւ ըսեմ թէ ‘Ո՛վ սուր, երկրին մէջէն անցիր’ ու անկէ մարդն ու անասունը կոտորեմ
18 Եւ եթէ այն երեք մարդիկը անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղաքներն ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել։ Միայն իրենք պիտի ազատին։
19 «Կամ եթէ այն երկրին վրայ ժանտախտ ղրկեմ ու արիւնով իմ բարկութիւնս անոր վրայ թափեմ, այնպէս որ մարդն ու անասունը անկէ կոտորեմ
20 Եւ Նոյը, Դանիէլն ու Յոբը անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղան կամ աղջիկը պիտի չկարենան ազատել. անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց անձը պիտի ազատեն»։
21 Սակայն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որչա՜փ աւելի, երբ ես իմ չորս սաստիկ պատիժներս՝ սուրը, սովը, չար գազաններն ու ժանտախտը՝ Երուսաղէմի վրայ ղրկեմ՝ մարդն ու անասունը անկէ կոտորելու համար։
22 Բայց ահա հոն ողջ մնացողներ պիտի ըլլան՝ այսինքն տղաքներ ու աղջիկներ, որոնք պիտի ելլեն. անոնք ձեզի պիտի գան եւ անոնց ճամբան ու անոնց գործերը պիտի տեսնէք ու Երուսաղէմի վրայ բերած չարիքիս համար, անոր վրայ բերած բոլոր չարիքիս համար, պիտի մխիթարուիք։
23 Ու երբ անոնց ճամբան ու գործերը տեսնէք, անոնք ձեզ պիտի մխիթարեն եւ պիտի գիտնաք թէ ինչ որ ըրի անոր մէջ՝ առանց պատճառի չըրի, կ’ըսէ Տէր Եհովան»։