ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 47

Զիս նորէն տաճարին դրանը ետեւը բերաւ։ Արեւելեան կողմէն տանը սեմին տակէն ջուրեր կ’ելլէին, քանզի տանը երեսը դէպի արեւելք էր ու ջուրերը տանը աջ կողմին տակէն՝ սեղանին հարաւային կողմէն կ’իջնէին։
2 Ապա զիս հիւսիսային դրանը ճամբայէն հանեց եւ առաջնորդեց դէպի արտաքին դուռը, որ արեւելք կը նայէր եւ ջուրը կը հոսէր դէպի հարաւային կողմը։
3 Այն մարդը, որ իր ձեռքը լար ունէր, դէպի արեւելք գնաց ու հազար կանգուն չափեց եւ զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ գարշապարներս կ’ելլէին։
4 Հազար կանգուն եւս չափեց եւ զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ ծունկերս կ’ելլէին։ Հազար կանգուն եւս չափեց ու զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ մէջքս կ’ելլէին։
5 Նորէն հազար կանգուն ալ չափեց, ուր այնպիսի գետ մը եղած էր, ուրկէ չէի կրնար անցնիլ. վասն զի ջուրերը յորդեր էին ու այնպիսի գետ մը կազմեր էին, ուրկէ մարդ չէր կրնար անցնիլ՝ առանց լողալու՝ ՝»։
6 Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Տեսա՞ր, որդի՛ մարդոյ» եւ զիս տարաւ ու գետին եզերքը պտըտցուց։
7 Երբ կը պտըտէի, տեսայ թէ գետին երկու եզերքը խիստ շատ ծառեր կային։
8 Ինծի ըսաւ. «Այս ջուրերը արեւելեան կողմէն կ’ելլեն ու անապատը կ’իջնեն ու ծովը կ’երթան եւ ծովուն խառնուելով, անոր ջուրերը կը թարմացնեն։
9 Գետը ուր որ երթայ՝ բոլոր կենդանիները պիտի ապրին։ Ձուկերը խիստ շատ պիտի առատանան, քանզի այս ջուրը ուր որ մտնէ՝ կը մաքրէ եւ ուր որ հոսանքը երթայ՝ հոն կեանքը պիտի ապրի։
10 Անոր վրայ Ենգադդիէ մինչեւ Ենեգլայիմ ձկնորսներ պիտի կայնին։ Հոն ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլայ։ Ձուկերը տեսակ տեսակ պիտի ըլլան։ Մեծ ծովուն ձուկերուն պէս խիստ շատ պիտի շատնան։
11 Բայց անոր տղմալից տեղերն ու ճախինները պիտի չթարմանան, անոնք աղի համար պիտի պահուին։
12 Ու գետին երկու եզերքները ամէն տեսակ պտղաբեր ծառեր պիտի բուսնին, որոնց տերեւը պիտի չթառամի ու պտուղը չհատնի։ Ամէն ամիս նորէն պտուղ պիտի տան, վասն զի անոր ջուրերը սրբարանէն կ’ելլեն եւ անոնց պտուղը կերակուրի համար ու տերեւները բուժարար պիտի ըլլան»։
13 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ասոնք են սահմանները այն երկրին, որ իբր ժառանգութիւն պիտի բաժնէք Իսրայէլի տասներկու ցեղերուն (Յովսէփը երկու բաժին պիտի ունենայ)։
14 Ամէն մարդ իր եղբօրը պէս պիտի ժառանգէ, վասն զի իմ ձեռքս վերցուցի որ զանիկա ձեր հայրերուն տամ, որը դուք պիտի ժառանգէք։
15 Ահա երկրին սահմանը՝ հիւսիսային կողմը՝ մեծ ծովէն Եթլոնի ճամբան մինչեւ Սեդադ, Եմաթ,
16 Բերոթա, Սեբրայիմ (որ Դամասկոսի ու Եմաթի միջեւ կը գտնուի) ու մինչեւ Աւրանի սահմանը եղող Ասեր-Աթթիքոնը։
17 Այսպէս, երկրին սահմանը կ՛երկարի ծովէն մինչեւ Ասար-Ենան, որ Դամասկոսի հիւսիսային սահմանն է, նաեւ Եմաթին սահմանը պիտի ըլլայ։
18 Արեւելեան սահմանը՝ Աւրանի մէջէն ու Դամասկոսի մէջէն եւ Գաղաադի մէջէն ու Յորդանանի քով եղող Իսրայէլի երկրին մէջէն՝ մինչեւ արեւելեան ծովը։
19 Դէպի հարաւային սահմանը՝ Թամարէն մինչեւ Վիճաբանութեան ջուրերը Կադէսի մէջ ու մինչեւ մեծ ծովը իջնող հեղեղատը պիտի ըլլայ։
20 Արեւմտեան սահմանը՝ մեծ ծովը պիտի ըլլայ, սահմանէն մինչեւ Եմաթին դէմ։
21 Այս երկիրը բաժնեցէք Իսրայէլի ցեղերուն։
22 Զանիկա ժառանգութեան համար վիճակով բաժնեցէք թէ՛ ձեզի եւ թէ՛ ձեր մէջ բնակող ու ձեր մէջ զաւակներ ծնանող օտարականներուն։ Անոնք բնիկներու պէս պիտի ըլլան Իսրայէլի որդիներուն մէջ։ Անոնք ձեզի հետ ժառանգութիւն պիտի առնեն Իսրայէլի ցեղերուն պէս։
23 Այն ցեղին մէջ որ օտարականը պանդխտացած է, անկէ անոր ժառանգութիւն պիտի տաք», կ’ըսէ Տէր Եհովան։