ԵԶԵԿԻԷԼԻ
Գլուխ 1
Երեսուներորդ տարուան չորրորդ ամսուան հինգին, երբ ես գերիներուն հետ Քոբար գետին քովն էի, երկինքը բացուեցաւ ու Աստուծոյ տեսիլքները տեսայ։
2 Ամսուան հինգերորդ օրը (Յովաքին թագաւորին գերութեանը հինգերորդ տարին), Քաղդէացիներու երկրին մէջ,
3 Քոբար գետին քով, Բուզիի որդիին Եզեկիէլ քահանային յայտնապէս Տէրոջը խօսքը եղաւ եւ հոն, անոր վրայ Տէրոջը ձեռքը եղաւ։
4 Տեսայ թէ հիւսիսային կողմէն մրրկալից հով, մեծ ամպ ու բռնկած կրակ կու գար, որուն բոլորտիքը պայծառութիւն կար ու կրակին մէջէն, ոսկեպղնձի նմանութիւն մը կ’երեւնար։
5 Անոր մէջ չորս կենդանիի կերպարանք կար։ Անոնց երեւոյթը այսպէս էր։ Անոնք մարդու կերպարանք ունէին։
6 Ամէն մէկը չորս երես եւ չորս թեւ ունէր։
7 Անոնց ոտքերը շիտակ ոտքեր էին։ Անոնց ոտքերուն թաթը զուարակի ոտքին թաթին պէս էր ու փայլուն պղնձի պէս կը փայլէին։
8 Անոնց չորս կողմերը անոնց թեւերուն տակ մարդու ձեռքեր կային։ Չորսն ալ երեսներ ու թեւեր ունէին։
9 Անոնց թեւերը իրարու կցուած էին։ Անոնք երթալու ատեննին չէին դառնար։ Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։
10 Անոնց երեսներուն ձեւը այսպէս էր։ Չորսն ալ մարդու երես ունէին։ Աջ կողմէն առիւծի երես, չորսն ալ ձախ կողմէն եզի երես, չորսն ալ արծիւի երես ունէին։
11 Անոնց երեսները այսպէս էին։ Անոնց թեւերը վերէն կը տարածուէին։ Երկուքը իրարու կցուած էին ու երկուքը անոնց մարմինը կը ծածկէին։
12 Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։ Ոգին ուր որ երթալու ըլլար՝ անոնք հոն կ’երթային։ Գացած ատեննին չէին դառնար։
13 Եւ կենդանիներուն կերպարանքը, անոնց երեւոյթը, կրակի վառած կայծերու պէս՝ ջահերուն երեւոյթին պէս էր, որ կենդանիներուն մէջտեղը կը պտըտէր։ Այն կրակը լուսափայլ էր ու կրակէն փայլակներ կ’ելլէին։
14 Կենդանիները փայլակի երեւոյթով կը վազէին ու կը դառնային։
15 Կենդանիներուն նայեցայ եւ ահա գետնին վրայ, կենդանիներուն՝ ամէն մէկուն քով՝ չորս երեսով անիւ մը կար։
16 Աիւներուն երեւոյթը ու անոնց շինուածքը ոսկեքարի կը նմանէին։ Չորսին ձեւը նոյնն էր։ Անոնց երեւոյթը ու շինուածքը այնպէս էր, որպէս թէ անիւ անիւի մէջ եղած ըլլար։
17 Գացած ատեննին իրենց չորս կողմերուն վրայ կ’երթային, աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար։
18 Անոնց շրջանակները բարձր ու ահեղ էին։ Չորսին ալ շրջանակները ամէն կողմէն աչքերով լեցուն էին։
19 Երբ կենդանիները երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային։ Երբ կենդանիները երկրի երեսէն վերնային, անիւներն ալ կը վերնային։
20 Ոգին ուր որ երթալու ըլլար, անոնք հոն, ոգիին գացած տեղը կ’երթային։ Անիւներն ալ անոնց հետ մէկտեղ կը վերնային. քանզի անիւներուն մէջ կենդանիներուն ոգին կար։
21 Երբ անոնք երթային, ասոնք ալ կ’երթային ու երբ անոնք կենային, ասոնք ալ կը կենային ու երբ անոնք երկրի երեսէն վերնային, անոնք ալ անոնց հետ կը վերնային. քանզի անիւներուն մէջ կենդանիներուն ոգին կար։
22 Կենդանիներուն գլխուն վրայ՝ երկնքի հաստատութեանը նմանութիւնը վերէն անոնց գլուխներուն վրայ տարածուած էր լուսափայլ ակնվանիի նման։
23 Եւ այն հաստատութեանը տակ՝ անոնց թեւերը իրարու կողմ կը շտկուէին։ Ամէն մէկը մէկ կողմէն իր մարմինը ծածկող երկու թեւ ունէր։ Ամէն մէկը միւս կողմէն իր մարմինը ծածկող երկու թեւ ունէր։
24 Ու երբ կ’երթային, անոնց թեւերուն ձայնը լսեցի՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս, Ամենակարողին ձայնին պէս, աղմուկի ձայնի ու բանակի ձայնի պէս։ Երբ կը կենային, իրենց թեւերը կ’իջեցնէին։
25 Երբ անոնք կը կենային ու թեւերնին կ’իջեցնէին, անոնց գլխուն վրայի հաստատութենէն ձայն մը կ’ելլէր։
26 Եւ անոնց գլխուն վրայի հաստատութենէն վեր, շափիւղայ քարի երեւոյթով աթոռի նմանութիւն մը կար։ Այն աթոռի նմանութեանը վրայ մարդու կերպարանքով նմանութիւն մը կար։
27 Անոր մէջքին երեւոյթէն վեր ոսկեպղնձի նման՝ բոլորտիքը ու ներսը կրակի նմանութեան պէս տեսայ ու մէջքին երեւոյթէն վար կրակի նմանութեան պէս տեսայ, որ պայծառութեամբ շրջապատուած էր։
28 Ինչպէս է անձրեւոտ օրը ամպի մէջ եղող ծիածանի երեւոյթը, այնպէս էր այն շրջապատուած պայծառութեանը երեւոյթը։ Ասիկա Տէրոջը փառքին նմանութեանը երեւոյթն էր։