ԵԶԵԿԻԷԼԻ
Գլուխ 12
Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Որդի՛ մարդոյ, դուն ապստամբներու տանը մէջ բնակած ես, որոնք տեսնելու աչքեր ունին ու չեն տեսներ եւ լսելու ականջներ ունին ու չեն լսեր. վասն զի, անոնք ապստամբներու տուն են։
3 Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի չուելու կարասիներ պատրաստէ՛ ու անոնց աչքերուն առջեւ ցորեկով չուէ՛ եւ անոնց աչքերուն առջեւ եղած տեղէդ ուրիշ տեղ մը գնա՛, թերեւս ուշադրութիւն ընեն, թէեւ անոնք՝ ՝ ապստամբներու տուն են։
4 Անոնց աչքերուն առջեւ քու կարասիներդ ցորեկով հանէ՛, չուելու կարասիներու պէս. բայց դուն անոնց աչքերուն առջեւ իրիկունը ելի՛ր, գերութեան գացողներու պէս։
5 Անոնց աչքերուն առջեւ պատը ծակէ ու անկէ հանէ.
6 Անոնց աչքերուն առջեւ զանոնք ուսիդ վրայ վերցուր ու մթնցած ատեն հանէ. երեսդ ծածկէ, որպէս զի երկիրը չտեսնես. վասն զի քեզ Իսրայէլի տանը նշան տուի»։
7 Այնպէս ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ։ Իմ կարասիներս չուելու կարասիներու պէս ցորեկով հանեցի ու իրիկունը ձեռքովս պատը ծակեցի ու մթնցած ատեն հանեցի. անոնց աչքերուն առջեւ ուսիս վրայ վերցուցի։
8 Առտուն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
9 «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տունը, այն ապստամբներու տունը, քեզի չըսի՞ն թէ ‘Այդ ի՞նչ կ’ընես’։
10 Անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս պատգամը Երուսաղէմի մէջ եղող իշխանին ու հոն բնակող Իսրայէլի բոլոր տանը համար է։
11 Ըսէ՛՝ Ես ձեզի համար նշան եմ։ Ես ինչպէս ըրի, անոնց այնպէս պիտի ըլլայ։ Անոնք պիտի չուեն ու գերութեան երթան։
12 Անոնց մէջ եղող իշխանը Իր ուսին վրայ բեռ պիտի վերցնէ Ու մթնցած ատեն պիտի ելլէ։ Պատը պիտի ծակեն, որպէս զի անկէ հանեն։ Անիկա իր երեսը պիտի ծածկէ, Որպէս զի երկիրը աչքով չտեսնէ։
13 Անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ Ու անիկա իմ որոգայթիս մեջ պիտի բռնուի։ Զանիկա Բաբելոն, Քաղդէացիներու երկիրը, պիտի տանիմ։ Անիկա այն տեղը պիտի չտեսնէ, Թէեւ հոն պիտի մեռնի։
14 Անոր բոլորտիքը եղող բոլոր օգնականները Ու անոր բոլոր գունդերը Բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ, Անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։
15 Երբ զանոնք ազգերու մէջ ցրուեմ Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցանեմ, Պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։
16 Անոնցմէ սուրէն, սովէն ու ժանտախտէն ազատուած Քիչ մարդ պիտի թողում, Որպէս զի իրենց բոլոր պիղծ գործերը պատմեն Այն ազգերուն մէջ, որոնց մէջ պիտի մտնեն Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։ ԴՈՂԱՑՈՂ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՆՇԱՆԸ
17 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
18 «Որդի՛ մարդոյ, քու հացդ դողալով կե՛ր Ու ջուրդ տագնապով եւ անձկութեամբ խմէ՛
19 Ու երկրի ժողովուրդին ըսէ՛. Իսրայէլի երկրին մէջ եղող Երուսաղէմի բնակիչներուն համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Անոնք իրենց հացը անձկութեամբ պիտի ուտեն Ու իրենց ջուրը ապշութեամբ պիտի խմեն, Որպէս զի իրենց երկիրը բոլորովին ամայի մնայ Իր բոլոր բնակիչներուն անիրաւութեանը պատճառով։
20 Մարդաբնակ քաղաքները պիտի աւրուին, Երկիրը ամայի պիտի ըլլայ Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱԿ ՄԸ ԵՒ ԱՆԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ
21 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
22 «Որդի՛ մարդոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեզի այն առակը, Որ դուք Իսրայէլի երկրին մէջ կը գործածէք Ու կ’ըսէք. ‘Օրերը կ’երկննան Ու ամէն տեսիլք պարապ կ’ելլէ’։
23 Անոր համար անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս առակը պիտի խափանեմ Եւ այս առակը անգամ մըն ալ Իսրայէլի մէջ պիտի չգործածուի’։ Բայց անոնց ըսէ. ‘Օրերը մօտեցան, Ամէն պատգամ պիտի կատարուի։
24 Վասն զի Իսրայէլի տանը մէջ անգամ մըն ալ ունայն տեսիլք Եւ շողոքորթութեան գուշակութիւն պիտի չըլլայ։
25 Քանզի ես Տէրս կը խօսիմ՝ ՝ Ու խօսքիս գործադրութիւնը Ա՛լ պիտի չուշանայ, Վասն զի ձեր օրերուն մէջ, ո՛վ ապստամբներու տուն, Բան մը պիտի ըսեմ ու պիտի կատարեմ’, Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
26 Նորէն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
27 «Որդի՛ մարդոյ, ահա Իսրայէլի տունը կ’ըսեն թէ ‘Ասոր տեսած տեսիլքը շատ օրերու համար է Ու ասիկա հեռաւոր ժամանակներու համար մարգարէութիւն կ’ընէ’։
28 Ուստի անոնց ըսէ. Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան. ‘Այսուհետեւ ոչ մէկ խօսք պիտի ուշանայ, Հապա իմ խօսքս պիտի կատարուի’։