ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 45

Ու երբ երկիրը վիճակով իբր ժառանգութիւն բաժնէք, երկրէն քսանըհինգ հազար եղէգ երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ սուրբ ընծայ մատուցանեցէք Տէրոջը. ասիկա իր շուրջի բոլոր սահմաններուն մէջ սուրբ ըլլայ։
2 Ասկէ քառակուսի չափուած՝ հինգ հարիւրով հինգ հարիւր սրբարանին համար պիտի ըլլայ։ Անիկա շուրջը յիսուն կանգուն արուարձան ունենալու է։
3 Այս չափով՝ երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար ու լայնութիւնը տասը հազար չափէ, որուն մէջ պիտի ըլլայ սրբարանը, այսինքն՝ ամենասուրբ տեղը։
4 Ասիկա Տէրոջը ծառայութեան համար մօտեցող սրբարանի պաշտօնեաներուն, քահանաներուն համար՝ սուրբ պիտի ըլլայ, որպէս զի անոնց՝ տուներու համար տեղ մը սրբարանին համար սուրբ տեղ մը ըլլայ։
5 Տանը ծառայութիւն ընող Ղեւտացիները քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ կալուած պէտք է ունենան, նաեւ՝ քսան սենեակ։
6 Եւ հինգ հազար լայնութեամբ ու քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ՝ քաղաքին կալուածը պիտի տաք սրբարանին ընծային հետ. ասիկա բոլոր Իսրայէլի տանը պիտի պատկանի։
7 Իշխանին կալուածը՝ սուրբ ընծային ու քաղաքին կալուածին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, սուրբ ընծային եւ քաղաքին կալուածին դէմ դէպի արեւմուտք ու դէպի արեւելք պէտք է ըլլայ։ Երկայնութիւնը արեւմտեան սահմանէն մինչեւ արեւելեան սահմանը միւս բաժիններէն մէկուն հետ հաւասար պէտք է ըլլայ։
8 Իսրայէլի երկրէն ասիկա անոր կալուած թող ըլլայ։ Իմ իշխաններս անգամ մըն ալ իմ ժողովուրդս պէտք չէ հարստահարեն։ Մնացած երկիրը Իսրայէլի տանը պիտի տրուի իրենց ցեղերուն համեմատ։
9 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ա՛լ հերիք է ձեզի, ո՛վ Իսրայէլի իշխաններ։ Զրկանքն ու յափշտակութիւնը վերցուցէ՛ք եւ իրաւունք ու արդարութիւն ըրէ՛ք։ Իմ ժողովուրդէս ձեր բռնի պահանջները վերցուցէ՛ք։
10 Ձեր կշիռքները արդար, ձեր արդուն՝ արդար ու ձեր մարը արդար պէտք է ըլլայ։
11 Արդուն ու մարը մէկ չափ ըլլալու են, որպէս զի մարը քոռին մէկ տասներորդը պարունակէ ու արդուն ալ քոռին մէկ տասներորդը։ Քոռին նայելով պիտի ըլլայ անոնց չափը։
12 Սիկղը քսան կերատ պիտի ըլլայ։ Ձեր մնասը քսան սիկղ, քսանըհինգ սիկղ, տասնըհինգ սիկղ պիտի ըլլայ։
13 «Ձեր մատուցանելու ընծան այսպէս ըլլալու է՝ ցորենի քոռէն արդուին մէկ վեցերորդ մասը ու գարիի քոռէն արդուին մէկ վեցերորդ մասը։
14 Իւղին կանոնը ասիկա ըլլայ՝ իւղին մարէն՝ մարին մէկ տասներորդը ամէն քոռէն, այսինքն ամէն խօմէրէն, որ տասը մար կը պարունակէ, վասն զի տասը մարը մէկ խօմէր է։
15 Իսրայէլի ջրարբի արօտներուն հօտերէն՝ երկու հարիւրէն մէկ ոչխար։ Ասոնք պիտի մատուցանեն իբրեւ հացի ընծայ ու ողջակէզ եւ խաղաղութեան զոհ, որպէս զի իրենց համար քաւութիւն ըլլայ», կ՛ըսէ Տէր Եհովան։
16 Երկրին բոլոր ժողովուրդը այս ընծան Իսրայէլի իշխանին տալու պարտաւոր պէտք է ըլլան։
17 Տօներու ու ամսագլուխներու ու շաբաթներու մէջ, Իսրայէլի տանը ամէն հանդիսաւոր օրերուն մէջ, ողջակէզները ու հացի ընծան եւ ըմպելի նուէրը իշխանը պիտի առնէ։ Մեղքի պատարագն ու հացի ընծան ու ողջակէզը եւ խաղաղութեան զոհը անիկա պիտի մատուցանէ՝ Իսրայէլի տանը քաւութիւն ընելու համար։
18 Տէր Եհովան այսպէս կ՛ըսէ. «Առաջին ամսուան առաջին օրը արջառներէն մէկ անարատ զուարակ առ եւ սրբարանը մաքրէ՛։
19 Քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն պիտի առնէ եւ տանը դրանդիքներուն վրայ ու սեղանին շրջանակին չորս անկիւններուն վրայ եւ ներքին գաւիթին դրանը դրանդիքներուն վրայ պիտի քսէ։
20 Ամսուան եօթներորդ օրն ալ սխալած կամ անմիտ մարդու համար այնպէս ըրէ՛, որպէս զի տանը համար քաւութիւն ըլլայ»։
21 Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը ձեզի զատիկ ըլլայ։ Եօթը օր տօն պիտի պահուի ու բաղարջ պիտի ուտուի։
22 Այն օրը իշխանը իրեն համար ու երկրին բոլոր ժողովուրդին համար զուարակ մը պիտի մատուցանէ իբրեւ մեղքի պատարագ։
23 Տօնին եօթը օրը Տէրոջը ողջակէզ պիտի մատուցանէ։ Այն եօթը օրուան մէջ՝ օրը եօթը զուարակ ու եօթը անարատ խոյ։ Ամէն օր այծերէն մէկ նոխազ՝ իբրեւ մեղքի պատարագ։
24 Իւրաքանչիւր զուարակին համար՝ մէկ արդու եւ իւրաքանչիւր խոյի համար՝ մէկ արդու հացի ընծայ։ Իւրաքանչիւր արդուի համար մէկ հիմէն իւղ պիտի մատուցանէ։
25 Նոյնպէս ալ եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը. տօնին ատենը եօթը օր այս մեղքի պատարագին, ողջակէզին, հացի ընծային ու իւղին պէս պիտի մատուցանէ։