ԵԶԵԿԻԷԼԻ
Գլուխ 42
Անկէ ետքը զիս դէպի հիւսիս եղող ճամբովը արտաքին գաւիթը հանեց եւ զիս զատուած տեղին դէմը եղող ու դէպի հիւսիս նայող շէնքին առջեւի սենեակները տարաւ։
2 Այս սենեակներուն հիւսիսային մուտքին առջեւի երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը յիսուն կանգուն էր։
3 Ներսի գաւիթին քսան կանգունին դէմ ու դուրսի գաւիթին սալայատակին դէմ, իրարու առջեւ, երեք դստիկոնով սիւնազարդ սրահներ կային։
4 Սենեակներուն առջեւ՝ ներսէն տասը կանգուն լայն ճեմելիք մը ու մէկ կանգուն ճամբայ մը կար։ Անոնց դռները դէպի հիւսիս էին։
5 Վերի սենեակները նեղ էին, վասն զի սիւնազարդ սրահները անոնցմէ, այսինքն շէնքին վարի ու միջին սենեակներէն, հեռու էին։
6 Քանզի անոնք երեք դստիկոն էին ու գաւիթներուն սիւներուն պէս սիւներ չունէին։ Անոր համար գետնէն, այսինքն վարի ու միջին սենեակներէն աւելի կը նեղնային։
7 Սենեակներուն դէմ, դուրսի գաւիթին կողմը, սենեակներուն առջեւի դուրսի պատին երկայնութիւնը յիսուն կանգուն էր,
8 Նայնպէս դուրսի գաւիթը նայող սենեակներուն երկայնութիւնը յիսուն կանգուն էր, իսկ տաճարին առջեւ հարիւր կանգուն էր։
9 Այս սենեակներուն տակէն, դուրսի գաւիթէն անոնց երթալու համար արեւելեան կողմէն, մուտք մը կար։
10 Գաւիթին պարսպին լայնութեանը մէջ դէպի արեւելք, զատուած տեղին ու շէնքին առջեւ սենեակներ կային։
11 Անոնց առջեւ ճամբայ մը կար հիւսիսային սենեակներուն երեւոյթին պէս, թէ՛ անոնց երկայնութեանը, թէ՛ անոնց լայնութեանը եւ թէ՛ անոնց բոլոր ելքերուն եւ անոնց ձեւերուն ու դռներուն կողմէ։
12 Նոյնպէս էին հարաւային սենեակներուն մուտքերը։ Ճամբուն գլուխը մուտք մը կար, այսինքն արեւելեան ճամբուն բերանը՝ պատին առջեւի շիտակ ճամբան։
13 Ինծի ըսաւ. «Զատուած տեղին առջեւ եղող հիւսիսային կողմի սենեակները ու հարաւային կողմի սենեակները սուրբ սենեակներն են ուր Տէրոջը մօտեցող քահանաները ամենասուրբ բաները պիտի ուտեն։ Հոն պիտի դնեն ամենասուրբ բաները ու հացի ընծան ու մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը, քանզի այն տեղը սուրբ է։
14 Երբ քահանաները հոն մտնեն, սուրբ տեղէն դուրսի գաւիթը պիտի չելլեն, հապա իրենց պաշտօնի զգեստները հոն պիտի թողուն, վասն զի անոնք սուրբ են եւ ուրիշ հանդերձներ հագնելով՝ ժողովուրդին վերաբերեալ բաներուն պիտի մօտենան»։
15 Երբ ներքին տունը չափեց լմնցուց, զիս դէպի արեւելք նայող դուռը հանեց ու զայն ամէն կողմէն չափեց։
16 Արեւելեան կողմը չափի եղէգով՝ շրջանակաձեւ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։
17 Հիւսիսային կողմն ալ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։
18 Հարաւային կողմն ալ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։
19 Արեւմտեան կողմը դարձաւ ու հինգ հարիւր եղէգ չափեց։
20 Զանիկա չորս կողմէն չափեց. անիկա հինգ հարիւր եղէգ երկայն ու հինգ հարիւր եղէգ լայն էր ու պարիսպ ունէր՝ սուրբ ու անսուրբ տեղերը իրարմէ զատելու համար։