ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 30

Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 Որդի՛ մարդոյ, մարգարէութիւն ըրէ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ողբացէ՛ք ու ըսէ՛ք՝ «Աւա՜ղ, ցաւալի օր».
3 Վասն զի օրը մօտ է, Տէրոջը օրը մօտ է, անիկա ամպոտ օր է. ազգերուն համար աւերման ժամանակ մը պիտի ըլլայ։
4 Եգիպտոսի վրայ սուր մը պիտի գայ ու Եթովպիայի մէջ սաստիկ խռովութիւն պիտի ըլլայ։ Երբ Եգիպտոսի մէջ վիրաւորներ իյնան եւ անոր հարստութիւնը առնեն, անոր հիմերը պիտի կործանին։
5 Եթովպիացիները, Փուդացիները եւ Ղուդացիները ու բոլոր խառնիճաղանճ ժողովուրդը եւ Քուբացիները եւ ուխտի երկրին որդիները անոնց հետ մէկտեղ սուրով պիտի իյնան’»։
6 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եգիպտոսի օգնականներն ալ պիտի իյնան ու անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի խոնարհի. Մագդողէն մինչեւ Սուհէն սուրով պիտի իյնան անոր մէջ’։
7 «Ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ըլլան եւ անոր քաղաքները կործանուած քաղաքներու մէջ պիտի ըլլան։
8 Երբ Եգիպտոսի մէջ կրակ ձգեմ ու անոր բոլոր օգնականները կոտորուին, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։
9 Այն օրը իմ առջեւէս նաւերով դեսպաններ պիտի ելլեն, որպէս զի ապահովութեան մէջ եղող Եթովպիացիները վախցնեն եւ անոնց վրայ սաստիկ խռովութիւն ըլլայ Եգիպտոսի օրուանը պէս. վասն զի ահա ան կու գայ»։
10 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Եգիպտոսի հարստութիւնն ալ Բաբելոնի ձեռքով պիտի ջնջեմ։
11 Անիկա ու անոր հետ իր ժողովուրդը, ազգերուն բռնաւորները, երկիրը աւերելու պիտի գան։ Անոնք իրենց սուրերը Եգիպտոսի վրայ պիտի քաշեն ու երկիրը սպաննուածներով պիտի լեցնեն։
12 Ես գետերը պիտի ցամքեցնեմ ու երկիրը չարերուն ձեռքը պիտի մատնեմ ու երկիրը եւ բոլոր անոր մէջ եղածը օտարներուն ձեռքով պիտի կորսնցնեմ. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։
13 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Կուռքերն ալ բնաջինջ պիտի ընեմ ու Մեմփիսի չաստուածները պիտի ոչնչացնեմ։ Անգամ մըն ալ Եգիպտոսի երկրէն իշխան պիտի չելլէ ու Եգիպտոսի մէջ վախ պիտի դնեմ։
14 Պաթուրէսը աւերակ պիտի ընեմ ու Տայանիսը կրակի պիտի տամ ու Նովը պիտի պատժեմ։
15 Եգիպտոսի ամրութիւնը եղող Սինի վրայ իմ սրտմտութիւնս պիտի թափեմ ու Նովի բազմութիւնը պիտի կոտորեմ։
16 Եգիպտոսի մէջ կրակ պիտի ձգեմ։ Սին սաստիկ պիտի տագնապի ու Նովի պարսպին խրամը պիտի քանդեմ եւ թշնամիները ցորեկով պիտի տիրեն Մեմփիսին։
17 Արեգ քաղաքին ու Բուբաստի կտրիճները սուրով պիտի իյնան ու անոնց բնակիչները գերութեան պիտի երթան։
18 Նաեւ Տափնասի մէջ ցորեկը խաւար պիտի ըլլայ՝ երբ հոն Եգիպտոսի լուծերը կոտրտեմ ու հոն անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի ոչնչանայ։ Ամպը պիտի ծածկէ զանիկա եւ անոր աղջիկները գերութեան պիտի երթան։
19 Այսպէս Եգիպտոսը պիտի պատժեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
20 Տասնըմէկերորդ տարուան առաջին ամիսը, ամսուան եօթին, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
21 «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին բազուկը կոտրեցի։ Ահա անիկա պիտի չփաթթուի, ո՛չ ալ անոր վրայ դեղեր ու կապեր դնելով՝ զանիկա պիտի պատեն, որ զօրանայ սուր բռնելու համար։
22 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին դէմ եմ ու անոր բազուկները պիտի կոտրտեմ, թէ՛ զօրաւորը եւ թէ՛ տկարը եւ սուրը անոր ձեռքէն վար ձգել պիտի տամ
23 Ու Եգիպտացիները ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ եւ զանոնք երկիրներուն մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ։
24 Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի զօրացնեմ եւ իմ սուրս անոր ձեռքը պիտի տամ. իսկ Փարաւոնին բազուկները պիտի կոտրտեմ ու անիկա անոր առջեւ մահամերձ վիրաւորուածի հծծութիւնովը պիտի հեծեծէ։
25 Այսպէս Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի զօրացնեմ, իսկ Փարաւոնին բազուկները պիտի իյնան։ Երբ իմ սուրս Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը տամ եւ ան ալ զանիկա Եգիպտոսի երկրին վրայ երկնցնէ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։
26 Եգիպտացիները ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ եւ զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։