ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 22

Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, այս արիւնահեղ քաղաքը պիտի դատե՞ս։ Ուրեմն անոր բոլոր պղծութիւնները իրեն գիտցուր
3 Ու ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛վ քաղաք, որ քու մէջդ արիւն կը թափես, որպէս զի քու ժամանակդ գայ եւ քու անձդ ապականելու համար քեզի կուռքեր կը շինես,
4 Դուն քու թափած արիւնովդ յանցաւոր եղար ու շինած կուռքերովդ ապականեցար։ Քու օրերդ մօտեցուցիր ու քու տարիներուդ սահմանը մօտեցար, անոր համար քեզ ազգերուն նախատինք ու բոլոր երկրին ծաղրանքի առարկայ ըրի։
5 Քեզի մօտ եղողները ու քեզմէ հեռու եղողները քեզ պիտի ծաղրեն, ո՛վ վատահամբաւ, աղմկալից քաղաք’»։
6 «Ահա քու մէջդ Իսրայէլի իշխանները, ամէն մէկը իր բազուկովը արիւն թափելու համար կայներ են։
7 Քու մէջդ հայրն ու մայրը անարգեցին, քու մէջդ օտարականին բռնութիւն ըրին, քու մէջդ որդին ու որբեւարիին զրկանք ըրին։
8 Իմ սուրբ բաներս արհամարհեցիր եւ իմ շաբաթներս պղծեցիր։
9 Քու մէջդ բանսարկու մարդիկ կան արիւն թափելու համար, քու մէջդ լեռներու վրայ կերան, քու մէջդ եղեռնագործութիւն ըրին։
10 Քու մէջդ տղան իր հօրը մերկութիւնը յայտնեց, քու մէջդ անմաքուր եղող կինը անարգեցին։
11 Նաեւ մէկը իր դրացիին կնոջ հետ պղծութիւն ըրաւ, մէկը եղեռնագործութիւն ըրաւ՝ իր հարսը պղծելով, քու մէջդ ուրիշ մըն ալ իր քոյրը, իր հօրը աղջիկը բռնաբարեց։
12 Քու մէջդ արիւն թափելու համար կաշառք առին, վաշխ ու տոկոս առիր եւ բռնութիւն ընելով քու դրացիներէդ բան վաստկեցար ագահութեամբ ու զիս մոռցար», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
13 «Ուստի ահա քու ըրած ագահութեանդ ու քու մէջդ եղած արիւնահեղութեան համար ձեռքերս իրարու զարկի։
14 Միթէ քու սիրտդ կրնա՞յ՝ դիմանալ, կամ թէ ձեռքերդ կրնա՞ն ուժովնալ այն օրերը՝ երբ ես քեզի հատուցում ընեմ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ։
15 Քեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ ու քեզ երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ եւ քու պղծութիւնդ քեզմէ պիտի ջնջեմ։
16 Դուն քեզմէ պիտի պղծուիս ազգերուն աչքերուն առջեւ ու պիտի գիտնաս թէ՝ ես եմ Տէրը»։
17 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
18 «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տունը ինծի կղկղանքի պէս եղաւ. ամէնքը հալոցի մէջ՝ պղնձի, անագի, երկաթի ու կապարի պէս՝ արծաթի կղկղանք եղան։
19 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ամէնքդ կղկղանքի պէս եղաք, անոր համար ահա ես ձեզ Երուսաղէմի մէջ պիտի հաւաքեմ։
20 Ինչպէս արծաթն ու պղինձը ու երկաթը եւ կապարը ու անագը հալոցի մէջ կը հաւաքեն ու անոր վրայ կրակը կը փչեն՝ զանիկա հալեցնելու համար, այնպէս ալ ձեզ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի հաւաքեմ, մէջը պիտի դնեմ ու հալեցնեմ։
21 Ձեզ մէկտեղ բերելով՝ ձեր վրայ իմ բարկութեանս կրակը պիտի փչեմ եւ դուք անոր մէջ պիտի հալիք։
22 Ինչպէս արծաթը հալոցին մէջ կը հալի, դուք ալ անոր մէջ այնպէս պիտի հալիք ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ իմ սրտմտութիւնս թափեցի ձեր վրայ’»։
23 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
24 «Որդի՛ մարդոյ, անոր ըսէ՛. ‘Դուն այնպիսի երկիր մըն ես, որ ո՛չ մաքրուած է, ո՛չ ալ բարկութեան օրը՝ անձրեւով թրջուած։
25 Անոր մէջ իր մարգարէներուն դաւաճանութիւնը կայ, որոնք աւար յափշտակող ու մռնչող առիւծի պէս հոգիներ կ’ուտեն։ Անոնք գանձ ու պատուական բաներ առին ու որբեւարիները շատցուցին։
26 Անոր քահանաները իմ օրէնքս աւրեցին ու իմ սուրբ բաներս պղծեցին, սուրբը պիղծէն չզանազանեցին եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը չգիտցուցին։ Իրենց աչքեր իմ շաբաթներէս ծածկեցին ու ես անոնց մէջ պիղծ սեպուեցայ։
27 Անոր իշխանները անոր մէջ յափշտակող գայլերու պէս արիւն թափելու ու հոգի կորսնցնելու ետեւէ եղան, որպէս զի ագահութեամբ վաստկին։
28 Անոր մարգարէները ունայն տեսիլքներ տեսնելով ու անոնց սուտ գուշակութիւն ընելով՝ զանոնք կիրով ծեփեցին ու ըսին. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ», թէեւ Տէրը խօսած չէր’։
29 Երկրին բնակիչները մեծ զրկանք ըրին ու մեծ յափշտակութիւն ըրին եւ աղքատն ու տնանկը բռնադատեցին ու օտարականը անիրաւութեամբ զրկեցին։
30 Անոնցմէ մարդ մը փնտռեցի, որ պարիսպ շինէ ու խրամատին մէջ իմ առջեւս կենայ երկրին համար, որպէս զի զանիկա չաւերեմ. բայց չգտայ։
31 Ուստի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ թափեցի, զանոնք իմ սրտմտութեանս կրակովը սպառեցի. անոնց ճամբաները իրենց գլուխը տուի»։