ԵԶԵԿԻԷԼԻ
Գլուխ 10
Տեսայ թէ քերովբէներուն գլխուն վերեւ՝ երկնքի հաստատութեան մէջ շափիւղայ քարէ շինուած գահի նմանող բան մը կ’երեւնար։
2 Կտաւէ զգեստ հագած մարդուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քրովբէներուն տակ եղող անիւներուն մէջտեղ մտի՛ր եւ ձեռքերդ քերովբէներուն մէջտեղ եղող կրակի կայծերով լեցո՛ւր ու քաղաքին վրայ ցանէ՛»։ Անիկա իմ աչքերուս առջեւ՝ մտաւ։
3 Երբ այն մարդը մտաւ, քերովբէները տանը աջ կողմը կեցեր էին եւ ամպը ներքին գաւիթը լեցուցեր էր։
4 Տէրոջը փառքը քերովբէներուն վրայէն տանը սեմը իջաւ եւ տունը՝ ամպով ու գաւիթը Տէրոջը փառքին պայծառութիւնովը լեցուեցաւ։
5 Քերովբէներուն թեւերուն ձայնը մինչեւ արտաքին գաւիթը կը լսուէր՝ Ամենակարող Աստուծոյ ձայնին պէս՝ երբ կը խօսի։
6 Երբ կտաւէ զգեստ հագած մարդուն հրամայեց ու ըսաւ թէ ‘Քերովբէներուն մէջտեղ եղող անիւներուն մէջէն կրակ առ’, անիկա գնաց անիւներուն քով կայնեցաւ։
7 Քերովբէներէն մէկը իր ձեռքը քերովբէներուն մէջտեղ եղող կրակին երկնցուց ու առաւ եւ կտաւէ զգեստ հագնողին ձեռքը տուաւ։
8 Անիկա ալ առաւ ու ելաւ (Ու քերովբէներուն թեւերուն տակ մարդու ձեռքի նման բան մը կ’երեւնար)։
9 Եւ տեսայ թէ քերովբէներուն քով չորս անիւ կար, ամէն մէկ քերովբէին քով մէկ անիւ։ Անիւները ոսկեքարի կը նմանէին։
10 Անոնց չորսին երեւոյթն ալ նոյնն էին, որպէս թէ անիւ անիւի մէջ անցած ըլլար։
11 Գացած ատեննին իրենց չորս կողմերուն վրայ կ’երթային, աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար, վասն զի ո՛ր կողմը որ գլուխը կը նայէր, անոր ետեւէն կ’երթային։ Գացած ատեննին չէին դառնար։
12 Անոնց մարմինը, կռնակներն ու ձեռքերն ու թեւերը եւ անիւները, այսինքն այն չորսին անիւները, ամէն կողմէ աչքերով լեցուն էին։
13 Անիւներուն համար լսեցի որ անոնց անուն դրուեցաւ «Մրրիկ»
14 Եւ ամէն մէկը չորս երես ունէր։ Առաջին երեսը քերովբէի երես էր, երկրորդը՝ մարդու երես էր, երրորդը՝ առիւծի երես էր, չորրորդը՝ արծիւի երես էր։
15 Ու քերովբէները բարձրացան։ Քոբար գետին քով տեսնուած կենդանիները ասոնք էին
16 Ու երբ քերովբէները կ’երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային ու երբ քերովբէները երկրէն բարձրանալու համար թեւերնին կը վերցնէին, անիւներն ալ անոնց քովէն չէին զատուիր։
17 Երբ անոնք կայնէին, ասոնք ալ կը կայնէին, երբ անոնք բարձրանային, ասոնք ալ կը բարձրանային անոնց հետ. վասն զի անոնց մէջ կենդանիներուն ոգին կար։
18 Տէրոջը փառքը տանը սեմին վրայէն ելաւ ու քերովբէներուն վրայ կայնեցաւ։
19 Իմ աչքերուս առջեւ քերովբէները ելլելով՝ թեւերնին վերցուցին ու երկրէն բարձրացան. անիւներն ալ անոնց հետ ու Տէրոջը տանը արեւելեան դրանը մուտքը կայնեցան ու Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը անոնց վրայ էր։
20 Քոբար գետին քով Իսրայէլի Աստուծոյն տակ տեսնուած կենդանիները ասոնք էին ու գիտցայ թէ անոնք քերովբէներ են։
21 Ամէն մէկը չորս երես ու ամէն մէկը չորս թեւ ունէր եւ անոնց թեւերուն տակ մարդու ձեռքերու նմանութիւնը կար։
22 Ու անոնց երեսներուն երեւոյթը այն երեսներուն կը նմանէր, որոնք Քոբար գետին քով տեսայ, թէ՛ անոնց կերպարանքը եւ թէ՛ իրենք։ Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։