ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 33

Դարձեա՛լ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Որդի՛ մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիներուն խօսէ՛ ու ըսէ՛. ‘Եթէ երկրի մը վրայ սուր բերեմ ու այն երկրին ժողովուրդը իրենց մէջէն մարդ մը ընտրեն ու զանիկա իրենց համար դէտ դնեն
3 Ու անիկա այն երկրին վրայ սուրին գալը տեսնէ եւ փողը հնչեցնէ ու ժողովուրդը զգուշացնէ
4 Եւ եթէ փողին ձայնը լսողը չզգուշանայ եւ սուրը գայ՝ զանիկա վերցնէ, անոր արիւնը իր գլուխը պիտի ըլլայ։
5 Անիկա փողին ձայնը լսեց ու չզգուշացաւ, անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ. բայց զգուշացողը իր հոգին պիտի ազատէ։
6 Իսկ եթէ դէտը սուրին գալը տեսնէ եւ փողը չհնչեցնէ ու ժողովուրդը չզգուշանայ եւ սուրը գայ ու անոնցմէ մէկը վերցնէ, իր անօրէնութեանը համար վերցուեցաւ. բայց անոր արիւնը դէտին ձեռքէն պիտի պահանջեմ’։
7 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի, որ իմ խօսքս լսես եւ իմ կողմէս զանոնք զգուշացնես։
8 Երբ ամբարշտին ըսեմ՝ «Ո՛վ ամբարիշտ, անշուշտ պիտի մեռնիս», բայց դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն չզգուշացնես, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։
9 Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն զգուշացնես, որպէս զի անկէ դառնայ ու անիկա իր ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած պիտի ըլլաս»։
10 Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը ըսէ. ‘Դուք այսպէս կը խօսիք ու կ’ըսէք. «Մեր յանցանքներն ու մեղքերը մեր վրայ են ու մենք անոնց մէջ կը մաշինք, ուրեմն ի՞նչպէս պիտի ապրինք»’։
11 Անոնց ըսէ՛. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ ամբարշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։ Դարձէ՛ք, դարձէ՛ք ձեր չար ճամբաներէն։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն’»։
12 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ քու ժողովուրդիդ որդիներուն ըսէ՛. ‘Արդարին արդարութիւնը՝ անոր յանցանք ըրած օրը զանիկա պիտի չազատէ ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը՝ իր ամբարշտութենէն դարձած օրը իրեն գլորման պատճառ պիտի չըլլայ. ո՛չ ալ արդարը մեղք գործած օրը իր արդարութիւնովը պիտի կրնայ ապրիլ’։
13 Երբ ես արդարին ըսեմ թէ անշուշտ պիտի ապրի ու անիկա իր արդարութեանը ապաւինելով անօրէնութիւն ընէ, անոր բոլոր արդարութիւնը պիտի չյիշուի, հապա անիկա իր ըրած անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի։
14 Ու երբ ամբարշտին ըսեմ թէ ‘Դուն անշուշտ պիտի մեռնիս’ ու անիկա իր մեղքէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ,
15 Այն ամբարիշտը գրաւը ետ տայ ու յափշտակածը հատուցանէ եւ անօրէնութիւն չընելով՝ կեանքի կանոններուն համեմատ քալէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։
16 Անոր գործած բոլոր մեղքերը պիտի չյիշուին։ Անիկա իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ, անշուշտ պիտի ապրի»։
17 Քու ժողովուրդիդ որդիները կ’ըսեն թէ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’. սակայն իրենց ճամբան է որ ուղիղ չէ։
18 Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու անօրէնութիւն ընէ, անիկա անոր մէջ պիտի մեռնի։
19 Երբ ամբարիշտը իր ամբարշտութենէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անոնցմով պիտի ապրի։
20 Բայց դուք կ’ըսէք թէ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Ես ձեր ամէն մէկուն դատաստանը իր ճամբաներուն համեմատ պիտի տեսնեմ, ո՛վ Իսրայէլի տուն»։
21 Մեր գերութեանը տասնըերկրորդ տարուան, տասներորդ ամսուան հինգերորդ օրը, Երուսաղէմէն ազատուած մը ինծի եկաւ ու ըսաւ. ‘Քաղաքը զարնուեցաւ’։
22 Դեռ այն ազատուածը չեկած՝ իրիկունը՝ Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու իմ բերանս բացաւ, ապա առաւօտուն անիկա ինծի եկաւ ու երբ բերանս բացուեցաւ՝ ա՛լ համր չէի։
23 Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
24 «Որդի՛ մարդոյ, այս Իսրայէլի երկրին աւերակներուն բնակիչները կը խօսին ու կ’ըսեն. ‘Աբրահամ մէ՛կ մարդ էր ու երկիրը ժառանգեց։ Մենք որ շատուոր ենք, անշուշտ երկիրը մեզի ժառանգութիւն տրուեցաւ’։
25 Անոր համար ըսէ անոնց, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք միսը արիւնով կ’ուտէք ու աչքերնիդ ձեր կուռքերուն կը վերցնէք։ Արիւն կը թափէք ու այդ երկի՞րը պիտի ժառանգէք։
26 Դուք ձեր սուրերուն կ’ապաւինիք, պղծութիւն կ’ընէք, ամէն մէկդ իր ընկերին կինը կը պղծէ։ Այս երկիրը պիտի ժառանգէ՞ք’։
27 Անոնց այսպէս ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կենդանի եմ, որ աւերակներուն մէջ եղողները սուրով պիտի իյնան ու դաշտին երեսը եղողները գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան եւ բերդերուն ու քարայրներուն մէջ եղողները ժանտախտով պիտի մեռնին։
28 Երկիրը բոլորովին պիտի ամայացնեմ եւ անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի կորսուի։ Իսրայէլի լեռներն ալ պիտի ամայացնեմ եւ անոնց վրայէն անցնող պիտի չըլլայ։
29 Երբ երկիրը բոլորովին ամայացնեմ իրենց ըրած բոլոր գարշութիւններուն համար, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։
30 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիները պատերուն քով ու տուներուն դռներուն քով քու վրադ կը խօսակցին, ամէն մարդ իր եղբօրը կը խօսի ու կ’ըսէ. ‘Հիմա եկէ՛ք ու լսեցէ՛ք թէ ի՞նչ է Տէրոջը ըսած խօսքը’։
31 Անոնք ժողովուրդին գալուն պէս քեզի կու գան ու քու առջեւդ իմ ժողովուրդիս պէս կը նստին եւ քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն կատարեր. վասն զի անոնք իրենց բերնովը կը ձեւացնեն թէ համաձայն են, բայց սրտերնին իրենց ագահութեանը ետեւէն կ’երթան։
32 Ահա դուն անոնց՝ քաղցրաձայն ու հմուտ նուագածուի մը ախորժելի երգին պէս ես, որոնք քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն գործադրեր։
33 Սակայն երբ ասիկա ըլլայ (եւ պիտի ըլլայ), այն ատեն պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կար»։