ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 41

Զիս տաճարը տարաւ ու անոր դրանդիքները չափեց։ Մէկ կողմէն վեց կանգուն լայն ու միւս կողմէն վեց կանգուն լայն էր, խորանին լայնութեանը համեմատ։
2 Դրանը լայնութիւնը տասը կանգուն էր։ Դրանը քովերը մէկ կողմէն հինգ կանգուն ու միւս կողմէն հինգ կանգուն էին։ Անոր երկայնութիւնը՝ քառասուն կանգուն ու լայնութիւնը քսան կանգուն չափեց։
3 Ներս մտաւ եւ դրանը դրանդիքները՝ երկու կանգուն ու դուռը վեց կանգուն չափեց ու դրանը լայնութիւնը՝ եօթը կանգուն էր։
4 Անոր երկայնութիւնը չափեց քսան կանգուն ու լայնութիւնը՝ քսան կանգուն, տաճարին լայնութեան համեմատ ու ինծի ըսաւ. ‘Ասիկա է Սրբութիւն Սրբութեանցը’։
5 Տանը պատը՝ վեց կանգուն ու տանը բոլորտիքը եղող սենեակներուն լայնութիւնը չորս կանգուն չափեց։
6 Սենեակները իրարու վրայ էին երեք դստիկոնով ու թիւով՝ երեսուն եւ անոնց գերանները կը մտնէին տաճարին այն պատին մէջ, որ սենեակներուն համար շինուած էր բոլորակաձեւ, որպէս զի անոր կռթնին, բայց տանը պատին չէին կռթնիր։
7 Սենեակները ելլելու համար՝ շրջանակաւոր սանդուխ մը կար վեր ելլելու համար, որ տանը բոլորտիքը կը դառնար։ Երթալով տունը կը լայննար եւ այսպէս վարի դստիկոնէն վերի դստիկոնը միջին դստիկոնէն կ’ելլէին։
8 Ու բոլորակաձեւ տանը բարձրութիւնը տեսայ. սենեակներուն հիմերը ամբողջ մէկ եղէգ, այսինքն վեց մեծ կանգուն էին։
9 Սենեակներուն պատին լայնութիւնը դուրսէն հինգ կանգուն էր ու մնացածը սենեակներուն ներսի կողմն էր։
10 Դուրսի սենեակներուն մէջտեղը, տանը բոլորտիքը, քսան կանգուն լայն միջոց մը կար։
11 Սենեակներուն մուտքերը մնացած տեղին կը նայէին. մուտքին մէկը՝ դէպի հիւսիս եւ մուտքին միւսը դէպի հարաւ կը նայէր։ Մնացած տեղին լայնութիւնը շրջանակաձեւ հինգ կանգուն էր։
12 Զատուած տեղին առջեւ, դէպի արեւմտեան ծայրը եղող շէնքին լայնութիւնը եօթանասուն կանգուն էր ու շէնքին պատը շրջանակաձեւ հինգ կանգուն լայն ու երկայնութիւնը իննիսուն կանգուն էր։
13 Տանը երկայնութիւնը հարիւր կանգուն չափեց ու զատուած տեղը ու շէնքը իր պատերովը հարիւր կանգուն երկայն էր։
14 Տանը ու զատուած տեղին երեսը դէպի արեւելք հարիւր կանգուն լայն էր։
15 Տանը ետեւի կողմէն՝ զատուած տեղին առջեւի շէնքին երկայնութիւնը եւ անոր սիւնազարդ սրահները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, ներքին տաճարին ու գաւիթին սրահներուն հետ, հարիւր կանգուն չափեց։
16 Դրանը սեմերն ու վանդակապատ պատուհանները եւ շրջանակաձեւ այն երեք շէնքերուն սեմերուն դէմ եղող սիւնազարդ սրահները ամէն կողմէն տախտակով շինուած էին՝ գետնէն մինչեւ պատուհանները։ Պատուհանները ծածկուած էին։
17 Դրանը վերեւ՝ մինչեւ ներքին տունը եւ դուրսէն ու բոլոր պատը շրջանակաձեւ էին ներսէն ու դուրսէն, իրենց չափերովը։
18 Այս տախտակամածին վրայ քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին։ Երկու քերովբէներուն մէջտեղ արմաւենի մը ու ամէն մէկ քերովբէն երկու երես ունէր։
19 Այսինքն մէկ կողմը դէպի արմաւենին մարդու երես ու միւս կողմը դէպի արմաւենին առոյգ առիւծի երես։ Բոլոր տանը շուրջի քանդակը այսպէս էր։
20 Յատակէն մինչեւ դրանը վերեւը քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին, նոյնպէս ալ տաճարին պատին վրայ։
21 Տաճարին դրանդիքները քառակուսի էին։ Սրբարանին երեսը, մէկուն երեւոյթը միւսին երեւոյթին պէս էր։
22 Փայտէ սեղանը երեք կանգուն բարձր էր։ Երկայնութիւնը երկու կանգուն էր եւ իր անկիւնները իրմէ էին։ Անոր երկայնութիւնը ու քովերը փայտէ էին։ Առաջնորդս ինծի ըսաւ. ‘Ասիկա է Տէրոջը առջեւ եղող սեղանը’։
23 Տաճարն ու սրբարանը երկու դուռ ունէին։
24 Դռները երկերկու փեղկ ունէին։ Փեղկերը երկուքի կը ծալլուէին։ Երկու փեղկ մէկը ունէր ու երկու փեղկ՝ միւսը։
25 Անոնց եւ տաճարին դռներուն վրայ, պատերուն վրայի քանդակուածին պէս քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին։ Դուրսէն սրահին երեսը փայտէ սանդուխ մը կար։
26 Սրահին քովերը ու տանը սենեակներուն մէջ եւ սանդուխներուն վրայ, մէկ կողմէն ու միւս կողմէն վանդակապատ պատուհաններ ու արմաւենիներ կային։