ԵԶԵԿԻԷԼԻ
Գլուխ 38
Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի Մագոգի երկիրը եղող Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխանին՝ Գոգին դարձուր եւ անոր վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛
3 Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Գոգ՝ Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխան։
4 Քեզ պիտի շրջապատեմ եւ քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցընեմ ու քեզ եւ քու բոլոր բանակդ պիտի հանեմ, ձիերն ու ձիաւորները, ամէնքն ալ կատարելապէս հագուած եւ վահանաւորներուն ու ասպարաւորներուն մեծ խումբը՝ բոլորն ալ սուր բռնող.
5 Անոնց հետ Պարսիկները, Եթովպիացիներն ու Փուդացիները, ամէնքն ալ ասպարաւոր ու սաղաւարտաւոր,
6 Նաեւ Գոմեր ու անոր բոլոր գունդերը, Թորգոմի տունը հիւսիսի ծայրերէն ու անոր բոլոր գունդերը, շատ ժողովուրդներ, քեզի հետ պիտի հանեմ’։
7 ‘Պատրա՛ստ եղիր եւ քեզ ու քու քովդ հաւաքուած բոլոր ժողովուրդը պատրաստէ ու դուն անոնց պահապան եղիր։
8 Շատ օրերէն ետքը քու զօրքերդ պիտի համրես՝ ՝ ու տարիներ յետոյ պիտի գաս այն երկրին վրայ որ սուրէն ազատուած է եւ այն ժողովուրդին վրայ, որ շատ ազգերէ հաւաքուած է Իսրայէլի լեռներուն վրայ, որոնք մշտնջենապէս աւերակ էին. բայց անոնք ազգերէն հաւաքուելով՝ ապահովութեամբ պիտի բնակին։
9 Իսկ դուն մրրիկի պէս պիտի ելլես գաս ու երկիրը ծածկելու համար ամպի պէս պիտի ըլլաք, դուն եւ քու բոլոր գունդերդ ու շատ ժողովուրդներ քեզի հետ’»։
10 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը քու միտքդ բաներ պիտի գան ու չար խորհուրդ մը պիտի մտածես
11 Ու պիտի ըսես. «Անպարիսպ գիւղերուն երկիրը ելլեմ, հանգստութեան մէջ եղողներուն, ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ երթամ. անոնք անպարիսպ տեղեր կը բնակին եւ նիգեր ու դռներ չունին»,
12 Որպէս զի իբր աւար յափշտակես եւ կողոպտես եւ քու ձեռքդ՝ բնակուած եւ աւերուած տեղերու վրայ ու ազգերէն հաւաքուած եւ խաշինք ու ապրանք ստացած ու երկրին բարձր տեղերը բնակող ժողովուրդին վրայ դարձնես։
13 Սաբան ու Դեդան եւ Թարսիսի վաճառականները ու անոր բոլոր առոյգ առիւծները քեզի պիտի ըսեն. ‘Միթէ աւար յափշտակելո՞ւ եկար. կողոպտելո՞ւ համար քու ժողովուրդդ հաւաքեցիր, որպէս զի արծաթ ու ոսկի վերցնես, խաշինք ու ապրանք առնես, մեծ աւար յափշտակես’։
14 «Անոր համար մարգարէութիւն ըրէ՛, որդի՛ մարդոյ ու Գոգին ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը, երբ իմ ժողովուրդս Իսրայէլը ապահովութեամբ բնակի՝ դուն պիտի իմանաս
15 Քու տեղէդ՝ հիւսիսի ծայրերէն՝ պիտի գաս, դուն ու քեզի հետ շատ ժողովուրդներ՝ ամէնքը ձիեր հեծած, մեծ բազմութեամբ ու շատ զօրքով
16 Եւ իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին վրայ ամպի պէս երկիրը պիտի ծածկես։ Ասիկա վերջին օրերը պիտի ըլլայ ու քեզ իմ երկրիս վրայ պիտի բերեմ, որպէս զի ազգերը զիս ճանչնան, երբ ես անոնց աչքերուն առջեւ քեզմով փառաւորուիմ, ո՛վ Գոգ’»։
17 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Դուն անիկա՞ ես, որ քեզի համար ժամանակին՝ այն օրերը ու տարիները մարգարէութիւն ընող Իսրայէլի մարգարէներուն՝ իմ ծառաներուս՝ միջոցով ըսի թէ ‘Քեզ անոնց վրայ պիտի բերեմ’։
18 ‘Այն օրը, Գոգին Իսրայէլի երկրին վրայ եկած օրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան, իմ սրտմտութիւնս երեսս պիտի ելլէ։
19 Իմ նախանձովս, իմ բարկութեանս կրակովը խօսեցայ, որ այն ատեն անշուշտ Իսրայէլի երկրին վրայ մեծ խռովութիւն պիտի ըլլայ.
20 Ծովուն ձուկերն ու երկնքի թռչունները եւ դաշտի գազաններն ու գետնի վրայ սողացող բոլոր սողունները ու երկրի երեսին վրայ եղող բոլոր մարդիկը իմ երեսէս պիտի խռովին եւ լեռները պիտի փլչին ու ժայռերը գահավէժ պիտի իյնան ու բոլոր պարիսպները գետինը պիտի իյնան։
21 Անոր դէմ՝ իմ բոլոր լեռներուս վրայ սուրը պիտի կանչեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Մարդուն սուրը իր եղբօրը վրայ պիտի ըլլայ։
22 Զայն ժանտախտով ու արիւնով պիտի դատեմ եւ անոր վրայ ու անոր զօրքերուն գունդերուն վրայ ու անոր հետ եղող ժողովուրդներուն վրայ յորդահոս անձրեւ ու կարկուտի քարեր, կրակ ու ծծումբ պիտի տեղան։
23 Եւ շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը’»։